«ՆՈՐ ԱՆՈՒՆՆԵՐ»՝ ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացաւ Հայաստանի «Նոր անուններ» ծրագրի անդրանիկ համերգը։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, պատանիները կատարեցին հայ եւ արեւմտեան դասական յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։
«Նոր անուններ» ծրագիրը կ՚իրականացուի 1989-էն ի վեր՝ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Մշակոյթի գործիչներու ընկերակցութեան նախագահ Սիլվա Մեքինեանի նախաձեռնութեամբ։ 2011-էն ի վեր ծրագիրը կ՚իրականացուի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ։
Ծրագիրը մինչ օրս յաջողութեամբ կը կատարէ իր առաքելութիւնը՝ յայտնաբերելով եւ զօրավիգ ըլլալով պատանի տաղանդներուն, այսօրուան նոր անուններուն եւ ապագայի հոգեւոր մշակոյթի կերտողներուն։
«Նոր անուններ»ուն անդամակցած են տաս-տասնութ տարեկան շուրջ երեսուն շնորհալի պատանի երաժիշտ-կատարողներ՝ երաժշտական կրթօճախներու սաներ, միջազգային եւ ազգային մրցոյթներու, փառատօններու դափնեկիրներ։