ՆԱՅԻՐՈՒՀԻՆ…

Մութ էր եւ ցուրտ…

Ոչ արեւ կար եւ ոչ լուսին…

Յայտնի չէր ցերեկ էր թէ գիշեր…

Լռութիւն, լռութիւն, լռութիւն…

Եւ այս համատարած լռութեան մէջ լսուեցաւ, քարի վրայ նստած, փոքրիկ աղջկան մը մեղմ հեծկլտոցը, որ շուտով փոխուեցաւ լացի…

Առանձին էր…

Նայեցաւ շուրջը, այդ ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ այստեղ… Չէ՞ որ իրմէ փոքր եղբօրը հետ աստիճանին վրայ բարձրացած  ուրախ ու զուարթ Կաղանդի ծառը կը զարդարէին… Արդէն աստղը պիտի տեղադրէին եւ յանկարծ…

Մթութիւն… Անորոշութիւն։

Եւ ո՞ւր է եղբայրը… Իսկ ծա՞ռը… Այդ խոշոր ծառը ինչպէ՞ս անհետացաւ…

Շատ լացաւ, արցունք չմնաց, միայն մէկ հատիկ արցունք մը կը մեծնար աչքին մէջ ու կը մերժէր իջնել… Սկսաւ վախնալ, երբ…

Ձիւնի փաթիլ մը պարելով իջաւ իր նստած քարին վրայ։

-Օհ, այդ ինչպէ՞ս յայտնուեցար փաթիլ, դուն ալ ինծի նման առանձին ես։ Այնպէս կ՚ուզեմ ափիս մէջ առնել քեզ, բայց կը վախնամ, որ յանկարծ հալիս… Ա՜խ, չէ՛,  չհալիս, քիչ մը երկար դիմացիր, ես շատ առանձին եմ ու կը վախնամ, թէեւ սառ ես դուն, բայց ես քեզմով ջերմութիւն կը զգամ։

 Եւ աչքին մէջ խոշորցած արցունքը ինկաւ փաթիլին վրայ՝ փաթիլն ալ խոշորցաւ… Այնքան փայլուն էր ան ու գեղեցիկ.

-Անունդ ի՞նչ է, հարցուց փաթիլը։

-Իմ անո՞ւնս… Նայիրուհի… Բայց դուն ինչպէ՞ս կը խօսիս…

-Ես Յոյսն եմ… արցունքդ կանչեց զիս եւ անոր խառնուելով՝ նոր կեանք պիտի տամ քեզի։

-Բայց ո՞ւրկէ եկար։ Ինչպէ՞ս տեսար, որ ես հոս եմ եւ առանձին եմ…

-Ես ամէն տեղ եմ, ուր պէտք ունին ինծի… Ես չեմ ձգեր, որ բարի մարդիկ եւ մանաւանդ փոքրիկները տխրին, ես չեմ ձգեր, որ չարը բոյն դնէ իրենց սրտերուն մէջ։ Ես ամէն տեղ եմ, միլիոնաւոր մարդոց սրտերուն մէջ… Քու վերջին արցունքդ ինծի կը սպասէր, այդ արցունքիդ մէջ ես քու երազդ տեսայ եւ չձգեցի, որ ան ալ միւսներուն նման վար իջնէր… Ամուր պիտի պահես ինծի սրտիդ մէջ եւ ամենակարեւորը՝ պիտի վստահիս… Որովհետեւ ինձմով պիտի հասնիս քու երազիդ։

Եւ Նայիրուհին վերցուց փաթիլը քարին վրայէն, որն իր սրտին մէջ հալեցաւ եւ սիրտն ամբողջ յոյսով լեցուեցաւ։

Շատ չանցած ձիւնի աւելի մեծ փաթիլ մը հանդարտօրէն իջաւ Նայիրուհիին ծունկին վրայ։

-Նայիրուհի, լսուեցաւ Յոյսին ձայնը, աս իմ անբաժանելի քոյրս է՝ Հաւատքը…

-Ես ալ Յոյսին նման հոն եմ, խօսեցաւ Հաւատքը, ուր ինծի պէտք ունին եւ պատրաստ են իրենց հոգիներուն մէջ ընդունելու… Անուշիկ Նայիրուհի, դուն պիտի արհամարհես մթութիւնը, ցուրտը եւ մեր հետ պիտի  քալես առանց տրտնջալու, առանց տատամսելու, այս համատարած մթութեան մէջ մեզմով միայն կրնաս դիմանալ ամէն նեղութեան, անցնիլ անձուկ ու նեղ ճամբայէն, որ միակ ճանապարհն է, որ կը տանի Լոյսին։ Պատրա՞ստ ես մեզի սրտով ու հոգիով ընդունելու եւ մեզի հետ քալելու։

Յոյսն ու Հաւատքը ջերմացուցին Նայիրուհիին սիրտն ու հոգին…  Ան զանոնք ամուր պահեց սրտին մէջ եւ յաղթեց դէպի Լոյս տանող բոլոր խոչընդոտներուն… Որովհետեւ հաւատաց եւ հասկցաւ, որ Լոյսին հասնելու համար յուսահատելու իրաւունք չունէր։

Ոչ միայն դժուար ու նեղ, այլեւ երկար էր ճամբան, բայց Նայիրուհին երբե՛ք չտրտնջաց։ Վերջապէս հասան ծառի մը քով։ Հսկայ՝ բայց չորցած, անտերեւ ու անպտուղ ծառ մը կանգնած էր իր դիմաց։

-Այս մեր Կաղանդի ծառն է, բացագանչեց Նայիրուհին շուարած, բայց ինչո՞ւ չորցեր է… Ո՞ւր են խաղալիքները։

-Այո՛, այս ձեր ծառն է, մենք քեզ հոս բերինք, որովհետեւ միայն դուն կրնաս կրկին վառել անոր լոյսը։

-Ե՞ս… Ես ինչպէ՞ս կրնամ վառել անոր լոյսը։

-Հոն վերը քեզի կը սպասէ մեր մեծ քոյրը։

-Ա՞ն ալ, ինչպէս դուք, ձիւնի փաթիլի նման պիտի իջնէ…

-Դուն բարձրացիր, Ան քեզի պիտի օգնէ։

Նայիրուհին Յոյսն ու Հաւատքը սրտին ու հոգիին մէջ, թէեւ դժուարութեամբ, բայց ուրախ եւ ինքնավստահ կը բարձրանար։ Իւրաքանչիւր ճիւղի վրայ, որ կը կոխէր այդ ճիւղը կը կանաչնար եւ պտուղներ կու տար… Հազիւ հասած էր կատարին՝ երբ ձիւնի աւելի մեծ փաթիլ մը հանդարտ իջաւ իր ափերուն մէջ եւ անուշ, շա՜տ անուշ, մօր ձայնին չափ անո՜ւշ ձայն մը խօսեցաւ իրեն.

-Նայիրուհի, ես Սէրն եմ, Յոյսին ու Հաւատքին մեծ քոյրը։ Գիտե՞ս, այսօր իմ ծնունդս է եւ քանի որ դուն վստահեցար քոյրերուս եւ հասար ինծի, ես ուզեցի, որ անպայման այսօր, ինչպէս սիրտդ՝ այդպէս ալ տունդ լուսաւորուի…

Եւ ձիւնի փաթիլը Նայիրուհիին ափերուն մէջ վերածուեցաւ լուսաւոր աստղի մը։ Նայիրուհին աստղը տեղադրեց ծառի կատարին եւ լոյսերու մէջ շողաց ծառը եւ անոր ճաճանչագեղ շողերը տարածուեցան ամէն կողմ։

Նայիրուհին երջանիկ սկսաւ պարել ծառին շուրջբոլորը, կը պարէր եւ իր հոգին, երբ յանկարծ մութ մնացած մէկ մասը ծառին դարձեալ տխրութեամբ պատեց իր սիրտն ու հոգին…

-Սէր, լուսաւորուեցաւ եւ ծաղկեցաւ ծառը Երկիր Նայիրիիս, բայց տե՛ս, հոն  մութին մէջ՝ փշալարերուն ետեւը բանտուած է իմ փոքրիկ եղբայրս…

-Համբերէ Նայիրուհի, Սէրը համբերող է, պիտի գայ ժամանակ, որ դուն ու եղբայրդ յաւէտ պիտի միանաք իրարու։ ԵՍ ՅԱՂԹԵՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ՝ ԻՆՁՄՈՎ ԴՈՒՔ ԱԼ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԷՔ ՉԱՐԻՆ։

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2021, Երուսաղէմ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2021