ԱՐՈՒԵՍՏ. ԱԶԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՑՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեան ամիսներ առաջ վերադարձած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, ուր յաճախ կ՚այցելէ ցուցահանդէսով կամ բարեսիրական ծրագրերով: Անոր նկարները ցուցադրուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու զանազան ցուցասրահներու մէջ, բայց գեղանկարիչը յատկապէս կ՚առանձնացնէ վերջին տարիներուն իր եւ Միացեալ Նահանգներու «Փրովիտենս» առողջապահական կեդրոնի միջեւ ստեղծուած համագործակցութիւնը: Այդ գործակցութամբ հայ նկարիչը գեղանկարներ ընծայաբերած է կեդրոնի ցանցին մէջ գտնուող ամերիկեան քանի մը յայտնի հիւանդանոցներու։ Այս ընծայաբերումը արժանացած է ամերիկացի գործիչներու կողմէ մեծ գնահատանքի: Շմաւոնեան կ՚ըսէ, որ ատիկա մարդկային սիրոյ, նուիրումի, իր արուեստի դրական լոյսը ամէն մարդու բաժնելու օրինակ մըն է, զոր հաճոյք կը պարգեւէ իրեն:
Շմաւոն Շմաւոնեան բացի Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր նկարիչ ըլլալէ (որուն արժանացած է 2011 թուականին), տէր է այլ կոչումներու եւ մրցանակներու։ 2007 թուականին ան ստացած է Ֆրիտեոֆ Նանսէնի ոսկեայ մետայլը, 2009 թուականին՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ մետայլը, իսկ 2012 թուականին՝ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» մետայլը: Ան կտաւներ նուիրաբերած է նաեւ Հայաստանի մշակութային կեդրոններուն, օրինակ, իր «Երգ երգոց» կտաւը՝ Մատենադարանին:
2013 թուականին լոյս տեսած է նկարիչին հեղինակած «Արարատ» եռալեզու պատկերագիրքը, որու մէջ ներկայացուած են նկարիչի այն ստեղծագործութիւնները, զորս ան կերտած է 1993-2013 թուականներուն, ինչպէս նաեւ՝ հայ ու համաշխարհային քերթողութեան նմոյշներ՝ նուիր-ւած Արարատին: Գիրքը 2014 թուականին Մինսքի մէջ կայացած ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու «Գրքարուեստ» միջազգային 11-րդ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ արժանացած է մրցանակի:
ԺԱՄԱՆԱԿ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Շմաւոն Շմաւոնեանի գործերը ներկայացնող ցուցասրահին մէջ, ուր նկարիչը մեզի պատմեց իր տարիներու յաջողութիւններու մասին եւ կիսեց այն մտահոգութիւնները, զորս այսօր ունի հայ նկարիչը՝ Հայաստանի ներկայ ընկերային պայմաններուն մէջ:
-Պարոն Շմաւոնեան, անկախութիւնը ի՞նչ տուաւ ստեղծագործողին, նկարիչին, Դուք ստեղծագործական առումով տարբերութիւն կը զգա՞ք:
-Հայաստանի անկախութիւնը ամէն հայու երազանքն էր։ Երազ մըն էր, զոր դարերով կը փափաքէինք եւ ի վերջոյ մենք ունեցանք զայն։ Բայց ըսել, թէ ան ստեղծագործողին անկախութիւն բերաւ, չեմ կարծեր, քանի որ իրական ստեղծագործողը ինքը միշտ ազատ է, ունի իր ներքին անկախութիւնը, եւ կարեւոր չէ, թէ ինքը ի՞նչ հասարակարգի, ի՞նչ վարչաձեւի, ի՞նչ պայմաններու ներքեւ կ՚ապրի: Եթէ ունիս ներքին ազատութիւն, ներքին անկախութիւն, ապա կը ստեղծագործես որեւէ հասարակարգի մէջ: Նոյն լաւն ու վատը այն ժամանակ ալ կը զգաս, այս ժամանակ ալ կը զգաս, գեղեցիկն ու տգեղը այն ժամանակ ալ կը զանազանէիր, հիմա ալ կրնաս զանազանել: Բայց այդ մէկը ինծի համար ըսել չէ, թէ ես կրնամ Հայաստանէն դուրս ապրիլ եւ ես զիս նոյնքան լաւ զգալ, որքան որ հոս կը զգամ հիմա, այս ժամանակ: Ամէն մարդ հարուստ է, երբ իր հողին վրայ է եւ կը սնուի այն արմատներով, զորս ունի իր ժողովուրդն ու երկիրը: Ես իմ երկիրս, իմ գիւղս, իմ ժողովուրդս շատ կը սիրեմ:
-Ուրկէ՞ կը սերին Ձեր արմատները, ո՞ր գիւղի մասին է խօսքը:
-Մեծ ու ծանօթ գերդաստան եղած են Տէր-Շմաւոնեանները, որ Հայաստան եկած են Խոյէն ու Սալմաստէն՝ 1828 թուականին եւ հաստատուած են Արարատեան դաշտի գիւղերէն մէկուն՝ Արտաշատի Վերին Արտաշատ գիւղին մէջ:
Իմ մեծհօրս հայրը քահանայ եղած է ՝ Տէր Ղուկասը, իսկ ընտանիքի երէցը՝ Տէր Շմաւոնն էր, որու անունն ալ տուած են ինծի: Քանի որ Արտաշատի նորաստեղծ գիւղը քահանայ չէ ունեցած, Տէր Շմաւոնն ալ դարձած է գիւղի քահանայ: Ես ալ այդ գիւղին մէջ ծնած, հասակ առած, դպրոց գացած եմ: Այս է իմ գիւղիս եւ ընտանիքիս հակիրճ պատմութիւնը, որ անշուշտ երկար ու հետաքրքրական պատմութիւն մըն է, որովհետեւ մինչ Հայաստան գալը եւ անկէ ետք շատ դիպուածներ ունեցած է, մինչեւ որ ի վերջոյ հաստատուած եւ արմատներ նետած է:
-Նկարիչներ եղա՞ծ են Տէր-Շմաւոնեաններուն մէջ:
-Ոչ: Բժիշկներ եղած են, վարժապետներ եղած են, բայց նկարիչը միայն ես եմ: Նկարել սկսած եմ եօթ տարեկանէն սկսեալ։ Այդ տարիքէն արդէն ակնառու էին իմ գեղարուեստի հակումները, ընդունուած եմ Փանոս Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարան, ուր ալ ստացած եմ իմ մասնագիտական կրթութիւնը։ Սակայն անշուշտ իմ վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած են իմ գիւղը, ընտանիքը, գիւղի մարդիկ իրենց պատմութիւններով, իմ ճամբորդութիւնները բազմաթիւ երկիրներ, ուր ամենատարբեր հանդիպումներէ, ցուցահանդէսներէ, այլ ժողովուրդներու հետ շփումներէ տուն կը վերադառնամ հարստացած տպաւորութիւններով, պատկերներով: Այդ բոլորը, անշուշտ, իբրեւ զգացողութիւններ հետագային տեղ կը գտնեն նկարներուս մէջ:
Շատ կը սիրեմ իմ գիւղը, հայրական տունը, ուր յաճախ կ՚երթամ՝ առանձնանալու եւ ստեղծագործելու: Ինծի համար ներշնչանքի մեծ աղբիւր է բնութիւնը: Նկարներուս գլխաւոր նիւթն ալ, կրնամ ըսել, որ հայրենի չքնաղ բնութիւնն է: Նկարիչ մը առանց բնութեան ոչինչ է: Բնութիւնն է, որ կը կերտէ ստեղծագործողը, իսկ եթէ ատիկա հայրենի բնութիւնն է, քու ապրածդ երկիրն է, առաւել զօրաւոր կ՚ըլլաս: Ես յաճախ Երեւանէն գիշերը գիւղ կ՚երթամ, որպէսզի հոն դիմաւորեմ լուսաբացը, զգամ այն աստուածային գոյները, որոնք կ՚երեւին այգաբացին:
-Իսկ այսօր կը բնակիք Երեւան: Ի՞նչ է Երեւանը Ձեզի համար, ի՞նչ գոյներով եւ պատկերներով կրնաք բնորոշել մեր մայրաքաղաքը:
-Երեւանի մէջ կը գտնուի իմ տունը, արուեստանոցը, այս ցուցասրահը, որ այցելութիւններու վայր մըն է շատ-շատերու համար: Երեւանը ես միշտ կը տեսնեմ պայծառ գոյներով եւ ապրեցնող պատկերներով: Եթէ դուն քու ներսդ ունիս գեղեցկութիւնը ընկալելու կարողութիւնը, ապա կը տեսնես ամէն մէկ գեղեցիկ պատկերը, գոյնը: Երեւանը ինծի համար մարդիկ են, իմ ընկերներս, իմ սերնդակիցներս, որոնց հետ յաճախ կը հանդիպիմ, կը վիճինք, ստեղծագործական հարցեր կը քննարկենք։ Կ՚ըսեմ, որ ես չեմ ուզեր մարդիկը, նկարիչները տեսնել յուսահատած վիճակի մէջ: Որքան որ ալ վիճակը, կացութիւնը դժուար ըլլայ, ստեղծագործողը երբեք պէտք չէ դժգոհի, մռայլ տրամադրութիւն սփռէ, ընդհակառակն, ան յոյսի, լոյսի բաժանարարն է, եւ պէտք է միշտ ստեղծէ, դիմացինն ալ ոգեշնչէ: Մենք այդ առաքելութիւնը ունինք մեր մէջ: Ես ինչո՞ւ իմ նկարներս հիւանդանոցներուն կ՚ընծայեմ, որովհետեւ արուեստը բուժիչ է: Մեծ փափաք ունիմ՝ ամէն մարդը դարմանուած, ապաքինած տեսնել։ Բայց եւ այնպէս, ես բժիշկ չեմ, ես կրնամ գծել ամենաուրախ պատկերները եւ զանոնք գոյներու տեսքով տալ հիւանդներուն կամ առողջներուն, կարեւոր չէ: Վստահ եմ, որ այդ մէկը թէկուզ իր չնչին դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մարդու ներաշխարհին վրայ:
Ես Երեւանը կը տեսնեմ յոյսի քաղաք եւ վստահ եմ, որ անոր ամենալաւ օրերուն ես ականատես պիտի ըլլամ:
-Ի դէպ, Ձեզ երբեմն չե՞ն մեղադրեր, որ ամերիկեան հիւանդանոցներուն կը նուիրաբերէք Ձեր կտաւները, երբ կարելի է նաեւ Հայաստանի մէջ ծրագրեր իրականացնել:
-Նկարիչը ազատ է, ան ազատ մարդ մըն է, որու մտքի թռիչքը, գոյներու ճամբորդութիւնը ազատութեան մէջ կրնայ ինքզինք փաստել: Միւս կողմէ ալ ըսեմ, որ իրենք՝ ամերիկացիները գտան զիս: Իրենք իմ նկարս տեսած էին եւ այդ ձեւով գտան, ես ալ նուիրաբերեցի իմ գործերէս: Ատիկա ինծի համար օտար աշխարհի մէջ ինքզինքս տեսնելու, իմ արուեստին հանդէպ օտարներու գնահատականը զգալու ճանապարհ մըն էր: Հայաստանի մէջ ալ մասնակից եղած եմ զանազան ծրագրերու, նկարներ նուիրած եմ:
-Իսկ ինչպէ՞ս կը վերաբերիք մռայլ գոյներով ստեղծուած արուեստին կամ տխուր պատկերներ ներառող ստեղծագործութիւններուն, ի վերջոյ կեանքը միայն ուրախութիւն չէ, այլ կան նաեւ տխուր իրավիճակներ:
-Նկարիչը առաքելութիւն ունի՝ արուեստի միջոցաւ փոխել իր շրջապատը, որքանով որ ինք կրնայ: Իսկ մռայլ պատկերները չեմ սիրեր, տխուր տրամադրութիւն ստեղծող գոյներէ կը խուսափիմ: Եթէ նայիք՝ ես սեւն ալ հազուադէպ կը գործածեմ: Իմ հոգիին գոյները միայն լուսաւոր են: Այցելուներն ալ, երբ հոս գան, բնազդաբար առաջին ակնարկով կը մօտենան դէպի ուրախ պատկերներուն, վառ ու լուսաւոր գոյներով նկարներուն: Ատիկա պատահական չէ, կը փնտռեն այն, ինչ որ կ՚ուզեն, որպէսզի շրջապատէ զիրենք: Տունին մէջ կամ գրասենեակը պիտի կախուի նկարը, որ միշտ պիտի խօսի, ապրի, ապրեցնէ: Երբ նոյն նկարին ամէն օր նայիս, նոր բան մը կը տեսնես, ամէն օր տեսակ մը տրամադրութիւն կ՚ունենաս նոյն նկարէն: Հակառակ անոր՝ ես չսիրած գոյն չունիմ, բոլոր գոյներն ալ սիրելի են ինծի համար: Ամէն մէկ գոյն միւս գոյնին քիչ մը կ՚օգնէ, որպէսզի այդ գոյնը երեւի:
-Պետութենէ՞ն սպասելիքներ ունիք:
-Ես կ՚ուզէի, որ պետութիւնը մանաւանդ երիտասարդ նկարիչներուն աջակցի: Նկարիչ մը պետութեան դէմքն է, եթէ կարենան գտնել լաւագոյնները եւ զանոնք յառաջացնեն, շատ լաւ կ՚ըլլայ: Նկարչութիւնը նիւթական ծախս պահանջող բնագաւառ մըն է, առանց նիւթական աջակութեան ոչինչ կ՚ըլլայ: Բայց այդ, մարդը, որ արուեստի նուիրուած է, նաեւ պիտի ապրի, չէ՞, ունի ընտանիք, շրջապատ, ընկերներ: Եթէ պետութիւնը տէր կանգնի լաւագոյն նկարիչներուն, մենք այսօր ամենահարուստ երկիրներէն մին կ՚ըլլանք: Մեր սերունդը ձեւով մը իր ճամբան հարթեց, ես կը խօսիմ նորահասներու մասին: Ուրիշ բան մըն ալ կայ. կայացած նկարիչը կրնայ կենալ պետութեան կողքին եւ աջակցիլ իր մտաւոր ուժով:
-Ո՞րն է Ձեր յաջողութեան գաղտնիքը:
-Աշխատասիրութիւնը: Թերեւս նաեւ այն շնորհը, որ Աստուծմէ տրուեցաւ ինծի, ու ես գացի այդ շնորհի ետեւէն: Մեր ժամանակ այնքան ալ պատուաբեր չէր նկարիչ դառնալը։ Մարդիկ առհասարակ կ՚երազէին դառնալ իրաւաբան, բժիշկ կամ այլ լաւ նկատուող մասնագէտ, բայց ես փափաքեցայ արուեստագէտ ըլլալ եւ տէր դարձայ իմ երազանքին: Ես կոչ կ՚ընեմ երիտասարդներուն՝ չերթալ դրամի կամ փառքի ետեւէն, այլ՝ հոգիի ձայնը լսել՝ ինչ կ՚ուզէ քու հոգին, ըրէ այդ մէկը, եթէ ազնուութեամբ ընես, ապա կը հասնիս դրամի ալ, փառքի ալ: Յաջողութեան հասնելու համար բան մըն ալ կայ՝ ճանչնալ աշխարհը եւ այդ աշխարհին մէջ ճանչնալ ինքզինքդ, քու տեղդ: Երիտասարդները թող շատ ճամբորդեն, թող քաղաքակրթութեան կեդրոնները, թանգարանները երթան, շատ կարդան, ուսումնասիրեն արուեստ՝ լայն իմաստով: Արուեստը կը բարիացնէ, կ՚ազնուացնէ: Ամէն մարդ թող ջանայ արուեստի միջոցաւ բարիանալ: Բարութիւնը յաջողութիւն կը բերէ:
-Գո՞հ էիք Իսթանպուլի մէջ բացուած ցուցահանդէսէն:
-Ես ուր ալ երթամ, գոհ կը մնամ, քանի որ իմ արուեստը ազգութիւն չունի, ան բոլորի սրտին կը խօսի: Ես երեք անգամ ցուցահանդէսով եղած եմ Իսթանպուլի մէջ, վերջինը երկու տարի առաջ էր, երբ իմ ցուցահանդէսը կայացաւ Թաքսիմի հրապարակին մօտ Յունաստանի հիւպատոսութեան շէնքէն ներս: Շատ մարդ եկաւ, թուրքեր, յոյներ, հայեր, բազմաթիւ ազգութիւններու արուեստասէրներ: Բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Յունաց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը: Թուրքերը նոյնպէս հիացած էին, ինծի կ՚ըսէին՝ երանի թէ սահմանները բացուէին: Ես անգամ մը եւս համոզուեցայ, որ գեղեցկութիւնը, արուեստը ազգութիւն եւ սահմաններ չեն ճանչնար:
Պոլսոյ հայութիւնն ալ շատ խոր տպաւորութիւն ձգեց իմ վրայ, հրաշալի մարդիկ են, իրենց աշխատանքով զբաղած, անվնաս:
-Պարոն Շմաւոնեան, այսօր, երբ արդէն շատ կոչումներ եւ պարգեւներ ունիք, տասնեակ ցուցահանդէսներ սարքած էք, մեծ ճանաչում ձեռք բերած էք, հարիւրաւոր կտաւներ ստեղծած էք, ուրիշ ի՞նչ բանի կը սպասէք, ինչի՞ կարիք ունիք:
-Ես խաղաղութեան կարիք ունիմ: Եւ այդ խաղաղութիւնը ո՛չ թէ ինծի համար, այլ կ՚երազեմ Հայաստանի համար: Մենք կարծես ամէն վայրկեան վտանգի մէջ կ՚ապրինք եւ այս երկիրը այսօր խաղաղութեան պէտք ունի: Մնացեալը ինքն իրեն կ՚ըլլայ: Երբ խաղաղութեան երկարատեւ շունչ մը կը զգամ, աւելի լաւ կը ստեղծագործեմ, աւելի հետաքրքրական պատկերներ կը ծնին: Իսկ երբ աշխարհն ու Հայաստանը իրար անցած է, ատիկա իմ վրայ շատ կ՚ազդէ: Միշտ կը մաղթեմ այդ խաղաղութիւնը Հայաստանին եւ համայն աշխարհին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ