ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԴ.
«Յուդան, ոչ Իսկարիոտացին, ըսաւ Իրեն» (Յհ 14.22):
Ասիկա Յակոբեան Յուդան է, փոքրը, որ Ղէբէոսն էր, որ Թադէոս անուանուեցաւ:
«Տէ՛ր, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ Ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ոչ թէ աշխարհին» (Յհ 14.22):
Ոմանք կ՚ըսեն այս Յուդան բոլորովին հեզաբարոյ եւ խոնարհամիտ մարդ էր. երբ Քրիստոսէ լսեց՝ «աշխարհը զիս պիտի չտեսնէ, բայց դուք պիտի տեսնէք զիս» (Յհ 14.19), դժուարացաւ [ըմբռնելու] այս, թէ՝ Դուն Աստուած ես, կ՚ըսէ, եւ Քեզ որպէս Աստուծոյ Որդի հաւատացինք, ինչպէ՞ս է որ Հայրդ բոլորը անխտիր կը խնամէ, իսկ Դուն մեզ կը սիրես, բայց աշխարհը՝ ոչ: Այս բանը ըսելով իր միտքին մէջ այնպէս կը կարծէր, թէ աշակերտները հասարակ մարդոցմէ առաւել չեն, եւ անկէ յայտնի է, որ կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ համար մեզի եղաւ, որովհետեւ մեզի պիտի յայտնես», այսինքն՝ թէ ի՞նչ աւելի բարի գործեր գործեցինք կամ աւելի առաքինութիւն ըրինք քան զանոնք. բայց Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Տե՛ս աշակերտին անկատարութիւնը, որովհետեւ պէտք էր ըսէր, վա՛յ մեզի, որովհետեւ մեզմէ պիտի մեկնիս, ասիկա ձգած՝ աշխարհի մասին կը հարցնէր»:
«Յիսուս պատասխանեց անոր.
-Ով որ կը սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ» (Յհ 14.23):
Կ՚ըսէ, թէ դուք հիմա Իմ խօսքերս ընդունած էք, սակայն աշխարհը տակաւին խօսքերս չէ ընկալած, իսկ եթէ գտնուի մէկը, որ ըսէ, թէ՝ Տէ՛ր, Քու կամքդ կատարեցինք ու խօսքերդ պահեցինք, պատշաճ է որ Դուն գաս ու մեր մէջ բնակիս, ապա Հօր գալը ինչո՞ւ համար է, այդ պատճառով նոյնին կ՚աւելցնէ. «Այս ըսածներս որ լսեցիք՝ Իմ խօսքերս չեն, այլ խօսքերը Հօրս, որ զիս ղրկեց» (Յհ 14.24):
«Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ: Բայց Մխիթարիչը, որ Հայրս պիտի ղրկէ» (տե՛ս Յհ 14.25-26):
Այստեղ երեք անձնաւորութիւնները կը բացայայտէ. Այս բոլորը խօսեցայ՝ Ի՛նք Որդին, Մխիթարիչը՝ Հոգին, իսկ ղրկողը՝ Հայրը: Բայց այստեղ ա՛լ աւելի խորագոյն բան մը կը յայտնէ, որովհետեւ ինչպէս Ինք ծնունդ ըլլալով Հօրմէ ղրկուած է, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին Հօրմէն բխում է, կ՚ըսէ, ղրկուած: Բայց այն, թէ՝ Իմ անունովս, ատով կը ցուցնէ Հոգիին գալուստը, որոնք քրիստոնեայ կ՚ըլլան եւ Անոր հաւատացողներ: Իսկ այն, թէ՝ ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ, կը ցուցնէ, թէ Որդիին տնօրէնութեան խորհուրդն ու Աստուածութիւնը Ան կատարելապէս պիտի սորվեցնէ մեզի: Իսկ թէ՝ ձեզի ամէն բան պիտի յիշեցնէ, կ՚ըսէ, որ տրտմութեան եւ խռովութեան պատճառով եթէ Իմ պատուիրաններս մոռցած ըլլաք, Ան վերստին կը յիշեցնէ ձեր միտքերուն, որպէսզի անջնջելի մնայ:
«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի» (Յհ 14.27):
Ոմանք կ՚ըսեն, թէ խաղաղութիւն այստեղ Հոգիին կ՚ըսէ, իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ խաղաղութիւն Իրեն համար կ՚ըսէ, որ Իր մահուամբ խաղաղութիւն ըրաւ մեզի եւ Հայրը հաշտեցուց բնութեան հետ, եւ վկայ քեզի աղօթական խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Մեր խաղաղութիւնն ու կեանքը, որ Հօրմէն ղրկուեցար, Միածին Որդի»:
Դարձեալ, Քրիստոս այս մէկը յարութենէն ետք ըրաւ, երբ երեւեցաւ՝ ըսաւ. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի» (Ղկ 24.36), եւ այն ատեն Անոր քառասնօրեայ այցելութեամբ խաղաղեցան խռովութենէն, որ Անոր չարչարանքներուն պատճառով ունէին: Իսկ որ կ՚ըսէ՝ պիտի տամ եւ ձգեմ, հիմա անսուտ խոստումով, իսկ յետոյ՝ ներգործութեամբ: Երկրորդ. պիտի տամ՝ հիմա սկզբնարար եւ անկատար, իսկ յետոյ՝ կատարելապէս: Երրորդ. հիմա պիտի տամ՝ խաղաղութիւն ձեր հոգիներուն եւ մարմիններուն, որպէսզի չմեղանչէ՛ք, իսկ յետոյ՝ պիտի տամ անտարակոյս խաղաղութիւնը, որ է՝ Արքայութիւնը: Չորրորդ. խաղաղութիւնս պիտի տամ, այսինքն՝ սէր եւ ձեր միաբան ըլլալը, ինչպէս Ես Հօր նկատմամբ, եւ միշտ Անոր հաճելի եղածները կը կատարեմ:
«Ես ձեզի կու տամ, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհը կու տայ» (տե՛ս Յհ 14.27):
Սուտ եւ ընդունայն է խաղաղութիւնը, որ աշխարհը կու տայ, այսինքն՝ նախ խաբէութեամբ, երկրորդ՝ չարութեամբ, երրորդ՝ նենգութեամբ, չորրորդ՝ կեղծաւորութեամբ: Եւ օրինակով պիտի ծանուցեմ խաբէութեամբ, ինչպէս որ երբ թակարդ կը լարես թռչուններուն կամ ձուկերուն, կամ երէներուն ճանարհներուն վրայ կուտ կը ցանես եւ կամ ուրիշ բան մը որով խաղաղութեան կերպարաքն կը ցուցնես, եւ երբ որոգայթին մէջ բռնուի, խռովութեան խաղաղութիւն կ՚ըլլայ: Իսկ չարութեամբ երբ մէկու մը հետ խաղաղութեան կերպարանքով կը ծանօթանաս, կամ կնոջ մը հետ, կամ ուրիշ մէկու մը հետ, եւ անոր հետ պղծութեամբ եւ մեղքով կը խառնուիս, որ խաղաղութիւնը չարութեան կը փոխուի, իսկ նենգութեամբ երբ մէկու մը դէմ կ՚ըմբոստանաս՝ սակայն կարողութիւն չունիս անոր բան մը ընելու, երբ հնարք կը գտնես եւ անոր սպասաւոր կամ աշակերտ կը դառնաս եւ խաղաղութեան կերպարանք կը ցուցնես, սակայն սիրտիդ մէջ նենգութիւն է եւ յարմար պահը կը սպասես, որպէսզի քինախնդրութիւնդ կատարես եւ կամ ուրիշներուն մատնես զինք, որպէսզի վնասեն, իսկ կեղծաւորութեամբ, ինչպէս հայրերը որդին կամ տէրերը՝ ծառաները, կամ եղբայրը՝ իր եղբայրը կը սիրէ, սակայն երբ տեսնէ, թէ փառքին կամ պատիւին պակասութիւն եղաւ, ապա կը ջանայ սպաննել զայն, իսկ Տէրը ասոնց հակառակ խաղաղութիւն [կու տայ], ինչ բնաի պատճառով կ՚ըսէ. «Ես ձեզի կու տամ, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհը կու տայ»:
Բայց երեք տեսակի խաղաղութիւն կը խնդրուի. նախ՝ ինքն իր նկատմամբ, որպէսզի չգործէ այնպիսի բան մը, որու համար խղճմտանքէն դատուի: Երկրորդ. ընկերոջ նկատմամբ, այսինքն՝ սիրոյն կցորդութեամբ ամէն ինչ ընկերոջ անձին համար կամենալ: Երրորդ. Աստուծոյ նկատմամբ, այսինքն՝ Անոր պատուիրանները որպէսզի չանտեսէ, զանոնք պահելուն մէջ խաղաղութիւն կան, իսկ չպահելուն՝ չկայ: Իսկ աշխարհիս խաղաղութիւնը մահ կը բերէ, այն է, որ կ՚ըսէ. «Յակոբը գերցաւ ու հաստացաւ եւ լքեզ զԱստուած» (տե՛ս Բ. Օր 32.15), այդ պատճառով ալ Սոդոմի վրայ կրակ տեղաց:
«Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յհ 14.27):
Երբ խաչելութեան եւ անոնցմէ մեկնելուն [հեռանալուն] մասին խօսեցաւ, անոնց մէջ տրտմութիւն ինկաւ, այդ պատճառով չորս տեսակի մխիթարութիւն կը դնէ այստեղ. նախ՝ թէ Իմ կամքովս անձս չարչարանքներուն կու տամ: Երկրորդ. գերագոյն Մէկու մը՝ Մեծ Հօր մօտ կ՚երթամ, եւ ուր որ Ես կ՚երթամ, ձեզ եւս այնտեղ պիտի տանիմ, եւ այս մխիթարութիւնը մեծ էր: Երրորդ. քանի որ Ես, որ պիտի չարչարուիմ, ոչ թէ Իմ պարտքերուս կամ յանցանքներուս համար կը չարչարուիմ, այլ՝ անպարտ եմ, հետեւաբար ասոր շահն ու օգուտը ձեզի համար է: Չորրորդ. որովհետեւ Հօր կամքով Իմ անձս պիտի տամ, քանի որ Իմ Հօրս կամքը այս էր, որպէսզի Իմ մահուամբս ձեզի փրկութիւն ըլլայ:
«Հայրս Ինձմէ մեծ է» (Յհ 14.28):
Նախ այս է, քանի որ ըստ անոնց կարծիքին կը զիջէ, որովհետեւ անոնք Հայրը մեծ կը կարծէին, քան՝ զԻնք: Երկրորդ. քանի որ ըստ պատճառին Հայրը Որդիէն մեծ կ՚ըսուի, թէեւ ո՛չ բնութեամբ: Երրորդ. որպէսզի երբ կամենաս հարցնել, թէ Հայրը ինչքա՞ն մեծ է, որչափութիւնը կը ցուցնէ, թէ Ինձմէ մեծ է եւ ոչ աւելի առաւել:
«Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի» (Յհ 14.30):
Այսինքն՝ թէ ինչպէս հիմա շատ կը վարդապետեմ ու կ՚ուսուցանեմ ձեզի, Իմ յարութենէս ետք այլեւս այդպէս պիտի չընեմ:
«Կու գայ այս աշխարհի իշխանը» (Յհ 14.30):
Սատանային մասին կ՚ըսէ, բայց ան ո՛չ թէ բնութեամբ աշխարհի իշխան է, այլ՝ անոնց միայն իշխան է ու կ՚իշխէ, որոնք չար են եւ անոր կամարարները, եւ յայտնի է, թէ նոյնիսկ տարրերուն չ՚իշխեր, որովհետեւ եթէ իշխանութիւն ունէր, կ՚արգիլէր անձրեւներն ու բոյսերը, որպէսզի մարդիկ պարտադրաբար հնազանդին իրեն:
«Իմ վրաս ո՛չինչ պիտի գտնէ» (տե՛ս Յհ 14.30):
Իր չարութիւններէն, կ՚ըսէ՝ Իմ վրաս ո՛չինչ պիտի գտնէ, եւ ասիկա իրաւ է, որովհետեւ բոլոր մարդոց մէջ կրցաւ մեղքերէ բաժին մը գտնել, թէեւ ո՛չ թէ բոլորին մէջ մահու չափ, սակայն ներելի եւ փոշետեսակ մեղքերէն ոչ ոք կրցաւ զերծ մնալ, իսկ Քրիստոսի վրայ ո՛չ մէկ տեսակի մեղք գտաւ ամենեւին, ինչպէս Գիրքը կ՚ըսէ, թէ՝ «մեղք չգործեց եւ Անոր բերանին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ» (հմմտ. Ես 53.9: Ա. Պտ 2.22):
«[Ա՜ւն], ելէ՛ք, երթանք այստեղէն» (Յհ 14.21):
«Աւն» բառը այստեղ նախդիրի փոխարէն է, սակայն ի՞նչ է՝ ելէ՛ք, երթանք, աշակերտները հրեաներու ահէն զարհուրած էին եւ միշտ իրենց աչքերը տունէն դուրս էին, իրենց միտքերուն մէջ կը կարծէին, թէ ահա հիմա հրեաները մեր վրայ պիտի հասնին: Եւ Տիրոջ պատուիրանները ահին ու երկիւղին մասին ստուգապէս չէին կրնար իրենց միտքին մէջ առնել, այդ պատճառով Տէրը կ՚ուզէ զանոնք ապահով դարձնել, որպէսզի չվախնան, կ՚ըսէ՝ ելէ՛ք, երթանք, եւ երբ հրամայեց, անմիջապէս ոտքի ելան, սակայն այսքան վարդապետութիւնը, որ ասկէ մինչեւ այնտեղ, որ կ՚ըսէ: Յիսուս երբ ասիկա ըսաւ, աշակերտներուն հետ միասին Կեդրոն ձորի միւս կողմը ելաւ:
Ո՞ւր ըսաւ, ոմանք կ՚ըսեն, թէ երբ կանգնեցաւ այսքան խօսքեր կանգնած տեղը ըսաւ եւ ապա սկսան երթալ, իսկ ոմանք կ՚ըսեն, թէ ճանապարհին՝ երբ կ՚երթային, տեղ մը կանգնեցաւ եւ ասիկա ըսաւ: Բայց դարձեալ ուրիշ միտք մը կ՚ըսեն վարդապետները, թէ Տէրը աշակերտներուն արագացնել կը նշանակէր, թէ փութանք մեր այս տանջալից եւ ցաւալից կեանքէն՝ չարչարանքներու եւ զանազան առաքինութիւններու միջոցով երթալ դէպի անմահ եւ անխոնջ կեանքը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 136
Վաղարշապատ