ՄԵՆԱԿԵԱՑ ՏԱՂԱՆԴԸ՝ ՆԿԱՐԻՉ ԼԵՒՈՆ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ
Մեր ժողովուրդին ապրած արհաւիրքն ու այդ արհաւիրքին պատճառած հետեւանքները նաեւ ծանր կերպով ազդած են մեր ընկերային կեանքին վրայ, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ամբողջ աշխարհով մէկ սփռուած բազմաթիւ տաղանդաւոր հայորդիներ, ի՜նչ-ինչ պատճառներով մնացած են անշուքութեան մէջ, եւ երբեմն ալ լուռ քաշուած են անկիւն մը, եւ «ապրած» իրենց կեանքը: Այդ մարդիկը կարելի է կոչել խոնարհ հերոսներ, որոնք հակառակ կեանքի դաժանութեան եւ պարտադրած դժնդակ պայմաններուն, ո՛չ միայն գոյատեւած են, այլ՝ իրենց կեանքը ապրած են արժանապէս որպէս հայ անհատներ: Այդ հերոսներէն մէկն է նկարիչ Լեւոն Թիւթիւնճեան, Վահրամ Մավեանի համաձայն՝ «Մենակեաց տաղանդը»: Լեւոն Թիւթիւնճեան ծնած է Ամասիա, 1905-ին, եւ մեր ժողովուրդին ապրած արհաւիրքին հետեւանքով որբանալէ ետք 1923-ին հասած է Ֆրանսա՝ Փարիզ, ուր հաստատուած եւ ապրած է մինչեւ իր կեանքին մայրամուտը՝ 1968 թուականը:
Մավեան, Փարիզի մէջ առիթ ունեցած է հանդիպելու նկարիչ Թիւթիւնճեանին եւ իր տպաւորութիւնը գրի առած: Այդ գրութիւնը հրապարակուած է «Նայիրի» ազգային-գրական շաբաթաթերթի 17-րդ տարուան թիւ 7-ին մէջ, 20 յուլիս 1969-ին: Այդ գրութիւնը նոյնութեամբ կը յանձնենք մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան:
ՄԵՆԱԿԵԱՑ ՏԱՂԱՆԴԸ ՆԿԱՐԻՉ ԼԵՒՈՆ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ
-Երանի թէ կարելի ըլլայ անգամ մը հանդիպիլ իրեն, կ՚ըսէ նկարիչ բարեկամս՝ երբ Փարիզի սրճարաններէն մէկուն մէջ նստած կը խօսինք հայ նկարիչներու մասին: Կ՚ուզեմ, որ իր գործերը անգամ մը տեսնես անպայման. գեղարուեստական հանդէսներու մէջ տպուած իր մէկ-երկու նկարներէն կարելի չէ ամբողջական գաղափար մը կազմել իր մասին:
-Յարմար ժամանակ մը եւ առիթ մը եթէ ըլլայ ինչո՞ւ չէ, կը պատասխանեմ առանց մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը ցոյց տալու:
Այնքա՜ն խանդավառութեամբ կ՚արտայայտուի բարեկամս անոր գործերուն մասին՝ որ պահ մը նոյնիսկ յանցաւոր կը զգամ տարիներու վաստակ ունեցող տաղանդաւոր հայ նկարիչ մը ցարդ ճանչցած չըլլալուս համար:
-Յաճախ կը խուսափի ընկերային յարաբերութիւններէ, այցելութիւններէ. եթէ ես կարենամ ժամադրութիւն մը առնել՝ դո՛ւն քու ժամերդ ըստ այնմ կը դասաւորես այն ատեն:
-Այդքա՞ն զբաղած մարդ է ուրեմն՝ թէ… արդէն համբաւի տիրացած ըլլալով հեռու կը մնայ հայկական շրջանակներէ, հայերէ:
-Ո՛չ, ճիշդ պիտի չըլլայ այդպէս ըսել. գուցէ իր խառնուածքն ու կեանքի պայմաններն են որ զինք դարձուցած են ինքնամփոփ: Կ՚ապրի ֆրանսացի իր տիկնոջ հետ, իր անձնական աշխարհին մէջ քաշուած:
-Գիտէ՞ իր մայրենի լեզուն:
-Մեզմէ, ըսել կ՚ուզեմ քեզմէ եւ ինձմէ, աւելի լաւ գիտցած է ժամանակին բայց, գիտես, երբ 30-40 տարի չես գործածեր լեզու մը՝ խօսելու վարժութիւնը կը կորորնցնես հետզհետէ: Լեզու ըսածդ սիրոյ կը նմանի, համաձայն չե՞ս:
-Երթանք, կ՚ըսեմ, անպայման ժամադրութիւն մը կարգադրէ եւ երթանք:
***
Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ խաղաղ, պտղատու քանի մը ծառերով շրջապատուած երկյարկանի տան մը արտաքին դրան առջեւ կեցած կը սպասենք, որ պատասխանող ըլլայ մեր զանգակին: Նկարիչ առաջնորդէս զատ պատեհութենէն օգտուելով միասին եկած է նաեւ արուեստագէտ լուսանկարիչ ուրիշ բարեկամ մը՝ լուսանկարչական գործիքներն ալ շալակին:
-Ատո՞նք ինչու բերած ես հետդ, չելլես մարդը խրտչեցնես առաջին վայրկեանէն:
-Մի վախնար, ընդհանուր կացութիւնը, իր տրամադրութիւնը ուսումնասիրելէ վերջ է միայն որ կ՚անցնիմ գործի՝ եթէ պայմանները նպաստաւոր ըլլան: Կ՚ուզեմ զինք եւ իր գործերէն քանի մը հատը լուսանկարել անպայման. մանաւանդ ինք լուսանկար չունի գրեթէ, խուսափած է միշտ:
Դեռ զանգակին պատասխանող չկայ: Մետաղեայ դուռը կը թակենք այս անգամ:
Քանի մը երկվայրկեան վերջ ծառերուն վրայ թեքուած ճիւղերը մէկ կողմ բռնելէն, դանդաղ, մեղմ քայլերով, աշխատանքի սպիտակ իր վերարկուին մէջ բարի բժիշկի մը երեւոյթով դէպի դուռը յառաջացողը ինքն է, նկարիչ Լեւոն Թիւթիւնճեանը՝ որուն այցի եկած ենք «կէս ժամուան համար միայն»: Այսպէս ուրեմն, մեր այցելութեան տեւողութի՛ւնն անգամ ճշդուած էր ժամադրութիւնը կարգադրող բարեկամիս:
-Պօնժուր մէօսյէօ Թիւթիւնճեան:
-Պօնժուղ:
-Սավա՞:
-Սավա:
-Բարեւ ձեզ,- ես եմ:
-Պօնժուղ մէօսյէօ,- ինքն է:
Դէպի երկրորդ յարկ կը բարձրանանք շէնքին կողին կպած արտաքին աստիճաններն՝ բազրիքներուն վրայ հակած ծառերէն կախ, դեռ խակ, կանաչ ծիրաններուն քսուելով:
Լուռ ենք բոլորս ալ: Որպէս միակ օտարը՝ կը սպասեմ որ խօսքին անիւը դարձնողը միւսներէն մէկը ըլլայ: Այնքան խաղաղ ու լուռ է շրջապատը, որ տերեւներուն միջեւ ցատկռտող քանի մը չարաճճի ճնճղուկներուն ստեղծած խշխշոցը անգամ կը լսուի։
-Շատ գեղեցիկ, բանաստեղծական մթնոլորտ ունիք ձեր շուրջը, Պր. Թիւթիւնճեան, կ՚ըսեմ, տիրող լռութիւնը խզած ըլալու համար:
-Ա, ուի՛,- կ՚ըլլայ իր կարճ պատասխանը:
Ինծի այնպէս կը թուի, թէ բաւական դժուար պիտի անցնի կէս ժամը. կարծես պարտադրուած երեւոյթ ունի մեր այցելութիւնը: Ակնոցներուն ետեւ անմեղ ժպիտ մը կայ սակայն, որ կ՚ըսէ, թէ սխալ է ենթադրութիւնս:
Պահ մը ետք վերն ենք, աշխատանոցը՝ որ ընդարձակ սենեակ մըն է, մաքուր, կոկիկ, պատերուն վրայ տասնեակ մը շրջանակուած նկարներով: Քսանական, երեսունական թուականներու գործերէն են՝ որոնցմէ չէ ուզած բաժնուիլ, երբ միւս ստեղծագործութիւնները գացած են ու ճոխացուցած թանգարաններն ու անհատական հաւաքծոները: Իր արուեստին մասին հայերէնով ըրած հարցումներուս պատասխանները կու տայ հայերէն կարճ նախադասութիւններով:
-Հայերէնիս համար ներողամիտ եղէք, կ՚ըսէ յետոյ, երկար ատեն է վարժութիւնս կորսնցուցած եմ:
-Երկա՞ր ժամանակ է Փարիզ էք:
-1923-էն ասդին:
Քառասունըհինգ տարի ուրեմն, հաշիւ կ՚ընեմ ես ինծի:
-Կիլիկեցի՞ էք բնիկ:
-Ծնողքս Ամասիացի է. ե՛ս ալ Ամասիա ծնած եմ:
-Որպէս ուսանո՞ղ եկած էք Փարիզ 1923-ին:
-Դէպքերէն վերջ էր, Պոլսէն Յունաստան անցայ, այնտեղ որբանոց մնացի ատեն մը ու անկէ գաղթականներու խումբի մը հետ եկայ Փարիզ:
-Հայերէն լեզուի վարժութեան մասին ունեցած ձեր գանգատը ըստ երեւոյթին անտեղի է Պր. Թիւթիւնճեան, կ՚ըսեմ, շատ սահուն եւ մաքուր կը խօսիք ձեր մայրենի լեզուն:
-Մաքուր՝ թերեւս, բայց սահուն՝ անշուշտ թէ ոչ: Գիտէ՞ք, ծնողքս երկուքն ալ ուսուցիչ եղած են Ամասիա, իսկ ես Պոլիս Կեդրոնական եւ Պէրպէրեան վարժարան յաճախած եմ եւ աշակերտած Օշականին, Շահան Պէրպէրեանին եւ Վահան Թէքէեանին: Չեմ գիտեր, այս անունները ծանօ՞թ են ձեզի:
-Ինչպէս թէ չէ. բախտաւորութիւնը ունեցած եմ նոյնիսկ անձնապէս ալ ճանչնալու զիերենք. մեծ դէմքեր, մեծ հայեր են երեքն ալ:
Առաջին քանի մը վայրկեաններու պաշտօնականութիւնը հալած է ինքնաբերաբար, եւ մոռցուած անցեալի մը վերյիշումը՝ այդ բոլորին անհաղորդ եւ օտար ներկայի մը մէջ զինք կարծէք պահ մը կը վերածէ դարձեալ այդ դաստիարակներու շունչին տակ հայօրէն աճող Կեդրոնականցի, Պէրպէրեանցի պատանի աշակետին: Կը լռէ քանի մը վայրկեան՝ աչքերը հեռուն սեւեռուն:
Կէս ժամը անցած է, բայց թոյլ չի տար, որ մեկնինք:
Սենեակին մէջ սէրամիքէ մէկ-երկու սիրուն սրուակներ կը գրաւեն ուշադրութիւնս:
-Այո, ատո՛նք ալ իմ գործերս են: Երբ նոր Փարիզ եկանք 1923-ին, հազիւ 18 տարեկան էի. կեանքի պայմանները դժուար էին շատ: Ոչ մէկ ծանօթ ունէի հսկայ այս քաղաքին մէջ՝ որուն լեզուին անգամ անծանօթ էի: Այդ բոլորին վրայ աւելցուցէք իր հարազատները կորսնցուցած որբի, գաղթականի հոգեվիճակը եւ կ՚ունենաք այդ օրերու մեր կեանքը: Չէի կրնար ամբողջութեամբ նկարչութեան նուիրուիլ, որովհետեւ ունէի ապրուստի հոգը: Մտայ ուրեմն սէրամիքի արուեստանոց մը։ Նախասիրութեանս՝ նկարչութեան եւ կերպարուեստի հետ անմիջական կապ ունեցող աշխատանք մըն էր գոնէ: Աւելի վերջ, ամբողջ ժամանակս նկարչութեան յատկացնելէ ետքն ալ պահեցի կապս սէրամիքի հետ:
Կ՚իջնենք յետոյ վար. առաջին յարկին վրայ յատուկ սենեակ մը լեցուն է սէրամիքէ գործերով՝ որոնց բոլորին վրայ ալ նշմարելի է տեսակ մը երկարաձգումը իր նկարներուն ոճին: Խորունկ յարգանք եւ համակրանք ունի հայրենի տաղանդաւուր նկարիչ եւ արձանագործ Երուանդ Քոչարին հանդէպ.
-Երուանդ Քոչարը Փարիզ էր այդ թուականներուն. շատ բան կը պարտիմ իր բարոյական քաջալերանքին: Արուեստի մէջ նոր հորիզոններու, խիզախ որոնումներու տարիներ էին, եւ իր աշխարհայեացքով, ըմբռնումներով միշտ հարուստ, միշտ նոր էր Քոչարը:
1925-ին, գերիրապաշտ շարժումին կարեւորագոյն ներկայացուցիչներէն Արփի, Շիրիքօ, Մաքս Էրնէսթ, Փօլ Քլի, Ման Րէյ, Մասօն, Միրօ, Փիքասօ եւ մէկ քանի ուրիշներ հրապարակ կու գային Փարիզի մէջ առաջին հաւաքական ցուցահանդէսով։ Ատկէ տարի մը վերջ, 1926-ին կը բացուէր -եւ բաց կը մնար մինչեւ 1929- գերիրապաշտ նկարչութեան առաջին պատկերասրահը՝ ուր ծանօթ դէմքերու գործերուն կողքին աոաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուէին նաեւ երկու պաստառները դեռ հազիւ 21 տարեկան Ամասիացի որբին, Լեւոն Թիւթիւնճեանին: Ասիկա ինքնին ճանաչումն էր երիտասարդ արուեստագէտին արժանիքներուն, ապագային հաշւոյն եղած խոստումին:
1920-ին, իրենց ուղղութիւնը թեքելով գերիրապաշտ դպրոցէն, Թիւթիւնճեան եւ ուրիշ երեք նկարիչներ -հոլանտացի Վան Տօզպուրկ, ֆրանսացի Հէլիոն եւ շուէտացի Քարսունտ- միասին կը հիմնէին նոր շարժում մը եւ կը կոչէին զայն «թանձրացեալ արուեստ»՝ Արթ Քոնքրիթ։ Տիրող «կարգերուն» դէմ ըմբոստացած՝ արուեստի իրենց ըմբռնումը կը բանաձեւէին Մանիֆէսթով մը՝ յայտարարելու համար ի միջի այլոց, թէ արուեստագիտական որեւէ ստեղծագործութիւն իրագործուելէ առաջ պայման էր որ նախ յղացուէր միտքով եւ բիւրեղացուէր՝ թօթափելով ամէն քննարկութիւն, յուզականութիւն եւ խորհրդաւորութիւն։ Տակաւին, թէ նկար մը պէտք է կազմուած ըլլար միմիայն ստեղծագործական տարրերով -ծրագիր եւ գոյներ- առանց որեւէ ներկայացուցչական հանգամանքի: Ան պէտք է ներկայացնէր ինքզի՛նք միայն եւ ուրիշ ոչինչ: Նկարի մը յօրինուածքն ու զայն կազմող տարրերը պէտք է ըլլային պարզ եւ «աչքերով ըմբռնելի», հետեւաբար օժտուած բացարձակ յստակութեամբ:
Թիւթիւնճեան կը խօսի հիմա այս բոլորին մասին, հետզհետէ մէջտեղ, սեղանին վրայ հանելով զանազան շրջաններու իր գործերը պարունակող ծրարները՝ որոնք դասաւորուած, խնամքով կապուած եւ նշանակուած են ամենայն բծախնդրութեամբ: Երկու ժամ է, հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՚ընենք սկիզբը այնքան վերապահ եւ անտարբեր թուող մեծ այս արուեստագէտը: Իր փնտռած թեքնիք բառերու հայերէնները հետզհետէ կը գտնէ աելի դիւրութեամբ եւ ասոր՝ մեզմէ առաջ կ՚անդրադառնայ ի՛նք, ակներեւ գոհունակութիւնով մը.
-Կը տեսնէ՞ք, մէկ-երկու ժամուան վարժութիւնը անգամ օգտակար եղաւ:
Ձեւերու եւ գոյներու արտակարգ յստակութիւն մը, բիւրեղացում մը կայ գործերուն մէջ, մանաւանղ երկրաչափական տարազներէ երբ կազմուած են անոնք.- տեսանելիին մէջ անտեսանելին արտայայտող, սովորականին մէջ անսովորը դրսեւորող եւ թանձրացեալը բանաստեղծականացնող գործեր: Հակառակ տիրող ընդհանուր պարզութեան, կայ նաեւ խորհրդաւորութիւն մը՝ որ նկարներունը ըլլալէ աւելի դիտողի՛ն տրամադրութեան մէջ առաջացած վիճակ մըն է:
«Թանձրացեալ արուեստ»ի շարժումը երկար չի դիմանար սակայն, երբ տարի մը վերջ Վան Տօզպուրկ, ամենէն երէցն ու կարեւոր անդամը խումբին, կը մեռնի, իսկ Քարսունտ կը վերադառնայ իր հայրենիքը, Շուէտ:
Թիւթիւնճեանի գործերը անցած են զանազան փուլերէ -վերացական, գերիրապաշտական, թանձրացեալ- միշտ ալ պահելով անսովոր ճոխութիւն մը մանրամասնութիւններու եւ գոյներու: Ժամանակակից քննադատներէն ոմանք գերիրապաշտական իր գործերուն մէջ զինք նկատած են աւելի բարձր ու կարեւոր՝ քան Սալվատոր Տալին: Եթէ սակայն չէ կրցած «շուկան» գրաւել իր արժանիքներուն համապատասխան ժողովրդականութեամբ մը՝ անոր համար եղած է գլխաւորաբար, որ արհամարհած է «շուկային» պահանջքը եւ ականջ դրած ստեղծագործական իր ներքին ձայներուն միայն՝ իրաւ ամէն արուեստագէտի պէս:
Երիտասարդական ըմբոստ այդ շրջանէն ասդին անցած են աւելի քան 40 տարիներ եւ Թիւթիւնճեան շարունակած է ստեղծագործել առանց դադարի, ապրելով հաւաքականութիւններէ հեռու՝ բայց միշտ պահելով իր «Հայու հոգին»: Ու դէզեր, դէզե՜ր նկարներու:
Չենք անդրադառնար որ երեք ժամ է մտիկ կ՚ընենք զինք. կարծէք երբեք կտրուած չըլլար հայկական կեանքէն, շրջապատէն: Հիմա դարձած է կրկնապէս համակրելի, մտերմիկ ու ջերմ: Պատեհութենէն, իր բացառապէս լաւ տրամադրութենէն օգտուելով լուսանկարիչ մեր բարեկամը իր գործիքր աչքին կպցուցած կը չրխկ-չրխկացնէ անդադար: Նման առիթ ե՞րբ ձեռք պիտի անցընէր անգամ մըն ալ:
Լիացումի հաճելի գոհունակութեամբ մըն է որ կ՚ելլենք ոտքի, մեկնելու: Թիւթիւնճեանը կ՚ընկերանայ մեզի մինչեւ արտաքին դուռ: Դուրսը, պարտէզին ծիրանի ծառերը կորսուած են մութին մէջ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իր ջերմ ընդունելութեան եւ տուած քանի մը ժամուան վայելքին համար։
-Երբ Փարիզէն անցնելու ըլլաք յաջորդ անգամ՝ անպայման հանդիպեցէք դարձեալ, գոհ կ՚ըլլամ, կ՚ըսէ, երկու ձեռքերը սպիտակ, երկար շապիկին կողի գրպաններուն մէջ:
-Շատ մեծ հաճոյքով, կը պատասխանեմ, եւ անպայմա՛ն:
***
Փարիզ էի քանի մը շաբաթ առաջ՝ բայց տուած խոստումս չկրցայ յարգել։ Մեր այցելութենէն անցած էր ինը ամիս միայն եւ Թիւթիւնճեանը չկար արդէն։ Իր կորուստին երկու տողով անդրադարձած էր Փարիզէն բարեկամ մը անձնական նամակի մը մէջ. «Նկարիչ Թիւթիւնճեանն անակնկալ կերպով մահացեր է վերջերս. շատ ցաւեցայ: Բաւական ուշ լսեցի ես ալ. թաղումին անգամ չկրցանք երթալ»:
Ո՞վ գնաց արդեօք՝ իր ազգակիցներէ՛ն մանաւանդ:
Քանի մը այս տողերը ոգեկոչելու համար յիշատակը ուսուցիչներու զաւակ, Օշականի, Թէքէեանի եւ Շահան Պէրպէրեանի աշակերտ տաղանդաւոր այս հայորդիին՝ որ լոյսի հսկայ քաղաքին մէջ 45 տարի ապրեցաւ մինակ, իր ժողովուրդին կեանքէն -գուցէ ակամայ- խզուած, իր ժողովուրղին կարօտով, եւ ստեղծագործեց լուռ ու մունջ, տուաւ միջազգային չափանիշով արուեստի գործեր եւ օր մըն ալ աչքերը փակեց ու մեկնեցաւ անաղմուկ՝ ճիշդ ինչպէս իր կեանքն էր եղած:
Մեր պապերուն Աստուածը որքա՜ն անգութ եղաւ Թիւթիւնճեաններու սերունդին հանդէպ:
Լիզպոն, Յունիս, 1969
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ