ՄԱՐՍԷՅԼԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երեք օր շարունակ Մարսէյլի մէջ պիտի ցուցադրուին հայ դասական եւ արդի նկարիչներու քանի մը տասնեակ ստեղծագործութիւնները, որոնք ֆրանսացի այցելուին պիտի պատմեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին:
«Արմէնփրէս»ի համաձայն, «Ծիրանի ծաղիկ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Յունիսի 19-ին: Պիտի ցուցադրուին Լեւոն Թութունջեանի, Երուանդ Քոչարի, Մարիտիրոս Սարեանի, Արշիլ Կորքիի, Վարդգէս Սուրէնեանցի ստեղծագործութիւնները:
Ցուցահանդէսին նախաձեռնողն է «Բարձր արուեստ» կեդրոնը, որ անցեալ տարի «Արթ Մոնաքօ 2014» ցուցահանդէսի ժամանակ արժանացած է ամենաբարձր մրցանակին: Ցուցահանդէսին կայացման աջակցած են նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնն ու «Marseille Provence 2015 Armenia» միութիւնը: Եռօրեայ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Յունիսի 21-ը: