Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ԵՐԿԻՐՆԵՐ, ՈՒՐԿԷ ԵՏ ԿԱՆՉՈՒԱԾ ԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ
Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս շրջանին դեսպաններ չունի Վատիկանի, Լիւքսեմպուրկի, Աւստրիոյ եւ Պրազիլիոյ մէջ. այս երկիրներու օրէնսդիր մարմիններրը վերջին շրջանին պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ հետեւաբար արժանացած՝ կառավարութեան բողոքին։
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին յայտնեց, թէ ցեղասպանութիւն բառը առաջին անգամ կիրառած երկիրներու դեսպանները ետ կանչած են քննարկումներու համար։ «Տուեալ փուլին չ՚ակնկալուիր, որ այդ դեսպանները մօտակայ ժամանակներս վերադառնան իրենց պաշտօնին», յայտարարեց Թանժու Պիլկիչ։
Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015