ԿՈՂԲ ԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՉՔԱՐ ՄԸ ՅԱՅՏԱՆԲԵՐՈՒԱԾ

Իգ­դի­րի Թուզ­լու­ճա գա­ւա­ռա­կին մէջ յայտ­նա­բե­րուե­ցաւ հայ­կա­կան պատ­մա­կան խաչ­քար մը։ Պատ­մա­կան Կողբ շրջա­նին հա­մա­պա­տաս­խա­նող այս վայ­րին մէջ յայտ­նա­բե­րուած խաչ­քա­րը կը պատ­կա­նի 13-14-րդ դա­րե­րուն։ Խաչ­քա­րը յայտ­նա­բե­րուած է այն­տեղ կա­տա­րուող շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ժա­մա­նակ։ Այդ վայ­րը ան­ցեա­լին ե­ղած է հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մը կից գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր թա­ղուած էին ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը։ Այս հան­գա­մանքն ալ են­թադ­րել կու տայ, որ խաչ­քա­րը ե­ղած է ե­կե­ղե­ցա­կա­նի մը շիր­մա­քա­րը։ Խաչ­քա­րը այժմ տե­ղա­փո­խուած է տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը եւ որ­պէս հնա­գի­տա­կան նմոյշ կը ցու­ցադ­րուի շքա­մուտ­քին։  

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015