«ՏՈՒՊԱՅԻ ԷՔՍՓՕ 2020» ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

Տուպայի քաղաքը կը հիւրընկալէ անցեալ տարուընէ յետաձգուած «Էքսփօ 2020»ը: Համաշխարհային այսպիսի մեծ ու կարեւոր հանդիսութեան մը կազմակերպման ստանձնումը կը պահանջէ տուեալ երկրէն մեծ կարողականութիւններ եւ Տուպայիով, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պէս պետութեան մը համար ապահովուած են անոնք:

Իրապէս մեծ տարողութեամբ ու կազմակերպուածութեամբ կատարուած է Տուպայիի «Էքսփօ 2020»ը, որուն մը մասնակցին 192 երկիրներ: Այս բացառիկ ցուցահանդէսը, որ կը կազմակերպուի մի քանի տարին անգամ, կը համարուի աշխարհի մարզական ախոյենութիւններէն եւ Ողիմպիական խաղերէն ետք կարեւորագոյն միջոցառումը եւ հիւրընկալ երկրին համար թէ՛ տնտեսական եւ թէ ծանուցողական ու գովազդային-ընկերային առաւելութիւններ կը բերէ իր հետ:

Ակներեւ է, որ վերջին տասնհինգ տարիներու ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ մանաւադ՝ Տուպայի քաղաքը վերելք ապրեցան եւ մշտապէս փորձեցին տնտեսական զարգացումը զուգորդել ընկերային ու մշակութային օգտաւէտութեան հետ եւ վերջին շրջանին անոնք ջանասէր են արհեստագիտական նուաճումներով ներկայանալով աշխարհի քաշողական կէտերէն մէկը ըլլալու եւ զարգացնելու ապրուստի ու ծառայողական մթնոլորտներու նոր չափանիշներ-ոճեր՝ թէ՛ հոն ապրողներուն եւ թէ այցելու-զբօսաշրջիկներուն համար: Եւ Տուպայիի «Էքսփօ 2020»ը կու գայ հերթաբար ըլլալ Տուպայի քաղաքի յառաջատար դառնալու քաղաքականութեանց կատարումներէն մին: Միշտ ալ Տուպայիի համար մրցակցական մարտահրաւէները՝ համաշխարհային մակարդակով սիրելի եղած են եւ ան յաջողած է ամենամեծ ու կատարեալ ծրագիրները իրագործել. ինչպէս՝ աշխարհի ամենամեծ գնումներու բաց ու գոց հանրաշուկանները (մոլ), աշխարհի ամենաբարձր աշտարակի կառուցումը, աշխարհի ամենաճոխ հիւրանոցներու բացումը... եւ այլն: Օրինակ՝ յիշատակելի է, որ Տուպայիի «Էմիրէյթ Էրլայնզ» ընկերութիւնը աշխարհի ամենամեծ օդանաւներու թիւը ունեցողն է՝ 269 օդանաւով եւ ամենաշատ ուղղութիւններով թռչող դէպի 158 ուղղութիւն, իսկ Տուպայիի օդանաւակայանը աշխարհի ամենամեծերէն ու ամենաշատ ուղեւորութիւն ունեցողը:

Պարզ տեղեկութիւն փոխանցելու կամ նոյնինքն «Google»ի կամ ծանուցողական ընկերութեան մը դերը չէ, որ կ՚ուզենք ստանձնել հոս՝ այս գրութեամբ, բայց այս բոլորը գրելնուս նուաստ մարմաջն ու խթանը տեղ մըն ալ կը յառաջանան այն պարզ ամենօրեայ եւ երբեմնի բարձր մասնագիտական զրոյցներէն, որոնք յաճախ համագումարներու, սեմինարներու, հարցազրոյցներու եւ այլ տեսքերով ալ կը դրսեւորուին եւ որոնց հիմնական պարունակութիւնն ու թիրախը հասկնալն ու վերլուծելն է, ընբոշխնելն ու մասնակից-դերակատար ու տեղ մըն ալ շահադէտ դառնալու ջանքն է (թէ՛ անհատական եւ թէ պետական մակարդակներով) մարդկային հասարակութիւններու անցուդարձին ու ընդհանուր համաշխարհային զարգացման ու եղելութիւններուն, ինչ որ մարդկային մշտական բնոյթներէն մէկը կը համարուի: Ղեկավարելն ու ղեկավարուիլը հասկացողութիւններ են, որոնք կը սկսին նախ եւ առաջ անոնց մանրամասնութիւններու գիտակցմամբ, հասկացմամբ-իւրացմամբ, ապա անոնցմէ բխած գործունէութիւններ մշակելով:

Մարդկութիւնը իր անհատական եւ հաւաքական (հասարակական ու պետական) դրսեւորումներով ու բնաւորութեամբ միշտ ձգտած է ստեղծարար ընդհանրականութեան մը, մեկայի մը, անբողջականի մը, որ շատ անգամներ շօշափելի դարձած է ամենամեծ մը կառուցելու կամ անոր հասնելու ծրագիրներու ընդմէջէն։ Միւս կողմէն ան իբրեւ ընկալող ու սպառիչ դերով՝ նոյն մարդկութիւնը հակուած է զմայլելու, ներշնչուելու ու ընբոշխնելու այդ մեծ ծրագիրները:

Շատ մը գիտական ու հանրային մօտեցումներով (ինչպէս՝ շուկայավարումը ու մշակութաբանութիւնը) յաճախ կը վերլուծուին, թէ ինչպէ՞ս հաւաքականութիւններն ու ժողովուրդները ուղղորդուած են ու աշխատցուած զանազան համակարգերով, կամ ի՞նչ են պատճառներն ու նպատակները այդ համակարգերուն եւ անոնցմէ ծնած ծրագիրներուն։ Բայց եւ այնպէս, այս կէտին կայ փաստ մը, որ կ՚ըսէ, թէ մարդկային հասանելիութեան տենչը առկայ էր բոլոր դարերուն մէջ եւ մարդկային բոլոր քաղաքակրթութիւնները ձգտած են մեծ ու համաշխարհային ըլլալու՝ նոյնինքն մեծ ու համամարդկային ծրագիրներու ալ միջոցաւ:

Սկսած եգիպտական բուրգերէն մինչեւ բաբելոնեան աշտարակները, վերջացած հին ու նոր հրաշալիքներով, մարդկութիւնը միշտ փորձած է կատարել այսպէս կոչուած յարաբերական «անկարելին», նոյն իր ժամանակի ոգիին ու մեքանիզմին ընդմէջէն: Անշուշտ, մշտապէս գիտութեան մարմաջը եղած է շարժիչ ուժը, ինչքան ալ ընկերային ու քաղաքական պայմաններ խանգարած են զայն:

Այս պրիսմակով նայած կրնանք նկատել, որ Տուպայի քաղաքի ծրագիրները Էքսփոյով եւ այլն կու գան նոյն այդ պարունակով (մանաւանդ՝ ընկալողական, զբօսաշրջական եւ սպառողական մեր բաց ժամանակներուն մէջ) հմայել բոլորը եւ ակամայ ներքաշել ու վարակել եւ հմայել տարբեր հաւաքականութիւններ:

Միշտ նորը եւ եթէ այսպէս ձեւակերպենք՝ նորանորը կամ «նոփնորը» իր անգերազանցելի հմայքն ու ձգտելիութիւնը ունի, մանաւանդ՝ որ եթէ գեղեցիկ, կազմակերպուած ու ճոխ ձեւով դրսեւորուած է ու կը շոյէ մարդկային հաւաքական ու անհատական ճաշակն ու սպասումները:

Նախանձելի է Տուպային եւ, այո, բոլոր ժողովուրդներն ու պետութիւնները կրնան բարի նախանձ ապրիլ անոր կատարած գործով եւ իրապէս ան ցուցիչ կրնայ համարուիլ շատ մը յաջող ծրագիրներու կատարման իմաստով:

Ինչպէս յիշեցինք վերը, մեծ թիւով երկիրներ մասնակցած են Տուպայիի «Էքսփօ 2020»ին եւ բնականաբար մեր հայեացքները Հայաստանի մասնակցութեան ուղղուած էին։ Մեր այս մրցունակ ներկայ աշխարհին մէջ, ուր ազնիւ կը թուի ըլլալ մրցակցութիւնն ու գոյակցութիւնը, բայց ուր դեռ կան տիրակալութիւններն ու անիրաւութիւնները, ուր, այո, թեւակոխած կը կարծենք մենք մեզ նոր հանգրուան մը, բայց նոյն ժամանակ բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւններն ու ազգերը տեւաբար կը մտածեն սկզբունքներ, արժէքներ, կեցուցակարգեր ու համակարգեր ստեղծելու եւ անոնցմով ապրելու ու ապրեցնելու մասին:

Երբ մօտեցանք Հայաստանի տաղաւարին, բնականաբար մեզ համակողը հայրենական կանչին, հայրենիքի հանդէպ մարդկային մաքրամաքուր զգացումներու կողքին մեծ հպարտանքն էր:

Այո՛, Հայաստանի մասնակցութիւնը բաղդատած մեծ ու հարուստ երկիրներու մասնակցութեան, համեստ է, բայց ամենավեհ ու յուզումնալից միքտը այն մասնակցութեան մէջ՝ Հայաստանի ներկայացուցած գոյութիւնն ու յարատեւութիւնն է կամ նոյնինքն ըլլալն է: Ըլլալ մը, որ պատմութեան տարիք ունի, մէկ ձեռքի մատներու համրանքը չանցնող երկիրներու հետ, որոնք կային իբրեւ պետութիւն մարդկային քաղաքակրթութեան ակունքներէն սկսեալ եւ իրենց նոյն եւ ո՛չ յարափոփոխ անունով կան մինչեւ հիմա:

Այո՛, երբ առաքելական է երկիր մը Հայաստանի պէս, որ այսքան ցեղասպանութիւններու, արհաւիրքներու, ատելութեան ենթարկուած ըլլալով հանդերձ, դեռ կանգուն է եւ առաւելապէս բարի նայուածքով, ստեղծագործ կամքով եւ համակեցութեան մեծ պատգամով կը նայի աշխարհին ու մարդկութեան, եւ հպարտօրէն պայծառ ու արդար ապագայ կ՚երազէ:

Մենք իրապէս հիացած էինք եւ կարծեմ Հայաստանի տաղաւարով հիացմունքը իւրաքանչուրիս համար, հպարտանքի կողքին, պարտաւորեցնող պէտք է ըլլայ....

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 2, 2022