ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ԱՂԱՊԱԼՕՂԼՈՒՆ ԵՒ ՄԵՏՐԱՊՈԼԻՏ ՉԵԹԻՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինը։ Այս երկու այցելութիւններն ալ քաղաքավարական բնոյթ ունէին։

Ըստ Գումգաբուի աղբիւրներուն, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց նախօրէին «Հրանդ Տինք» դպրոցի ի նպաստ կատարուած նուիրահաւաքին ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։ Զրոյցի տեւողութեան վերապատուելին մանրամասնութիւններ ալ հաղորդեց Թուզլայի «Քամփ Արմէն»ի վերակառուցման համար մշակուած ծրագրին կապակցութեամբ։

Մետրապոլիտ Չեթինն ալ Պատրիարքարան փութացած էր՝ Նորին Ամենապատուութեան մօտաւոր անցեալի վարակումէն վերջ կատարեալ առողջութիւն մաղթելու նպատակով։ Սա միեւնոյն ժամանակ երկու հոգեւոր առաջնորդներու այս տարուայ առաջին հանդիպումն էր՝ քանի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շնորհաւորական փոխադարձ այցելութիւնները ակամայ յետաձգուած էին։ Մետրապոլիտին ընկերացան Տ. Միքայէլ Քհնյ. Թէօրէ եւ առաջնորդարանի դիւանապետ Զեքի Տեմիր։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն է միեւնոյն ժամանակ։

Զրոյցին ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները շեշտեցին Հայ Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ դաւանակից քոյր եկեղեցիներու միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած սերտ յարաբերութիւնները։ Անոնք մաղթեցին, որ Ամենակալ Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին ու մանաւանդ՝ վերջ գտնէ քորոնաժահրի համաճարակը, որպէսզի մարդկութիւնը կարողանայ աստիճանաբար վերադառնալ իր բնականոն կեանքը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022