ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները. վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)

Նախորդող ութ յօդուածաշարքով մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնեցինք բժիշկ Վահան Արծրունիի «Մի՛ խմեր» եւ «Մի՛ ծխեր» գրքոյկները՝ արեւմտահայերէնի վերածուած: Նկատի ունենալով, որ «Բժիշկի զրոյցներ» խորագիրը կրող գրքոյկներու շարքը բաւական հետաքրքրական եւ օգտակար են նաեւ այսօրուան հասարակութեան համար, կը շարունակենք արեւմտահայերէնի վերածել այլ գրքոյկներ եւս նոյն շարքէն, յոյս ունենալով, որ օգտակար կը դառնան մեր ընթերցողներուն։ Այս եւ յաջորդող գրութիւններով այս անգամ ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք նոյն հեղինակէն մէկ այլ աշխատութիւն, որ կը կրէ՝ «Վարակիչ հիւանդութիւնները եւ անոնց թոյնը» վերնագիրը, գրուած՝ 1902-ին:

*

Հեղինակը գրքոյկին սկսած է առաջնորդող հետեւեալ խօսքով․

Ներկայ գրքոյկին մէջ մենք աշխատած ենք վարակման գաղափարը ժողովրդականացնել։

Մենք ցոյց տուած ենք, թէ ի՞նչ է վարակը, բացատրած ենք վարակումի պատճառները, վարակուելու եղանակը եւ ինքնապաշտպանութեան միջոցները։

Ցանկացած ենք, որ գիրքը մատչելի ըլլայ ամէն կարգի ընթերցողի համար, ինչքան թոյլ կու տայ նիւթին ընդարձակութիւնը, անոր բարդութիւնն ու գիտնականութիւնը։

Եւ ատիկա դժուար գործ է։

Ժողովրդականացնելու դժուարութիւնն է, անտարակոյս, պատճառը, որ օտար գրականութեան մէջ մենք չյաջողեցանք հանրամատչելի լիակատար ձեռնարկ մը գտնել այս նիւթին վերաբերեալ։

Պարզութեան համար գրքոյկիս մէջ շարք մը նկարներ զետեղած ենք։

Ընթերցողը ինչպէս կը տեսնէ, այս գրքոյկը իր մէջ ընդհանուր հայեացք մը կը պարունակէ վարակին մասին:

Մեր յաջորդող գրքոյկներուն մէջ մէկ առ մէկ մանրամասն կերպով պիտի խօսինք վարակիչ հիւանդութիւններու մասին, եւ յաճախ պիտի մատնանշենք այս գիրքը:

Հետեւաբար այս գիրքը տեսակ մը յառաջաբան է շարք մը գրքոյկներու համար, որ մտադիր ենք վարակիչ հիւանդութիւններուն նուիրել:

ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ

Ա.

ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երբ մէկը կ՚իյնայ ու ոտքը կը կոտրէ, կամ կը մրսի եւ քամի կը ստանայ, կամ ալ վնասակար բան մը ուտէ եւ փորացաւ ունենայ, այս բաներէն ուրիշներուն վնաս չի՛ հասնիր. հիւանդը կը հիւանդանայ, իսկ առողջները անոր ցաւէն չեն իյնար (վարակուիր), առողջ կը մնան:

Բայց, Աստուած չընէ, եթէ տան մէջ մէկը խոլերա, ժանտախտ, տիֆթերիտ1 կամ քութէշ2, միւս տնեցիներն ալ կը վարակուին այդ հիւանդէն եւ իրենք ալ կը հիւանդանան:

Այս տեսակի հիւանդութիւնները (որոնք հիւանդէն կը փոխանցուին առողջներուն), վարակիչ հիւանդութիւններ կը կոչուին: Մեր ժողովուրդը վարակիչ հիւանդութիւններուն ուրիշ զանազան անուններ ալ կու տայ. օրինակ՝ կպչողական, փոխուող, փոխանցուող: Ամենէն լաւը վարակիչ բառն է,- մենք ալ միշտ այդ բառը կը գործածենք:

Վարակիչ հիւանդութիւնները բաւական շատ են:

Գլխաւորները ասոնք են.

1. Խոլերիա:

2. Ժանտախտ:

3. Ինֆլուէնզա:

4. Տիֆ:

5. Տիֆթերիտ, Մաշկախտ կամ Բկացաւ:

6. Քութէշ, Կարմրախտ կամ Սկարլատինա:

7. Ծաղիկ:

8. Ջրծաղիկ:

9. Կարմրուկ:

10. Կապոյտ հազ կամ Կօկլիւշ:

11. Թոքախտ:

Աւելցնենք եւ

12. Վեներական հիւանդութիւնները (վատ ցաւ, սուսունակ, կակուղ շանկը):

Այս բոլոր ցաւերն ալ ամէն հասակի մարդոց կրնան հանդիպիլ (երեխաներէն սկսած մինչեւ ծերերը), իսկ անոնցմէ մի քանի հատը գլխաւորապէս մանուկներու եւ պատանիներու հիւանդութիւններ են: Այս պատճառով ալ ատոնք մանկական վարակիչ հիւանդութիւններ կը կոչուին:

Ատոնք են.

1. Տիֆթերիտը:

2. Քութէշը:

3. Ծաղիկը:

4. Ջրծաղիկը:

5. Կարմրուկը:

6. Կապոյտ հազը:

Իսկ ասոնցմէ ամենէն վտանգաւորներն են՝ Տիֆթերիտը, Քութէշը եւ Ծաղիկը: Այս երեքը մեր խեղճ մանուկներուն դահիճներն են:

Ի՛նչ սարսափելի կոտորածներ կը կատարեն ատոնք:

Շաբաթ չ՚անցնիր, որ մեր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, այդ մանկական հիւանդութիւններէն մէկն ու մէկը չերեւայ երեխաներուն մէջ:

Տեղէ մը կը գրեն.

- Տուն չմնաց, որ հիւանդ երեխայ մը չըլլայ:

Ուրիշ տեղէ մը, թէ՝

- Մահացողներուն թիւը ահագին է:

Երրորդ տեղէ մը, թէ՝

- Առաւօտէն մինչեւ երեկոյ փոքր դագաղները կը տանին գերեզմանատուն:

Այդ սարսափելի ցաւերը անգութ են: Տեղ մը, որ բոյն կը դնեն, այլեւս ատկէ դուրս չեն գար:

Այսպիսով, տարուէ տարի մահը մեր մատաղ տունկերը, մեր ապագայ յոյսը՝ մեր զաւակները կը հնձէ:

Քրտինքով եւ ծանր աշխատանքով, կէս կուշտ-կէս անօթի խեղճ գիւղացին հազիւ կը սնցնէ, կը մեծցնէ իր զաւակը, որպէսզի ան մեծնայ, վառ պահէ իր օճախին կրակը: Եւ սեւ օր մը յանկարծ, քութէշը կամ տիֆթերիտը, ծաղիկը կամ տիֆը կու գան խաւարցնելու անոր արեւը, կը կտրեն անոր երդիքին ծուխը ու ամայի կը դարձնեն խեղճ գեղջուկին տունը:

Զոհը գոնէ մէկը ըլլար. «Է՛հ, գացողը գնաց, Աստուծոյ կամքն էր, մէկուն տարաւ, մնացածներուն խղճաց», կ՚ըսէր գիւղացին ու կը մխիթարուէր: Բայց հիւանդութիւնը յաճախ մէկ երեխայէն միւսը կ՚անցնի, մէկէն ետք միւսը կը պառկի, ու փոքրիկ դագաղները իրար ետեւէ խրճիթէն դուրս կը տարուին: Բեթղեհէմի մանուկներուն կոտորածը ո՛չինչ է վարակիչ հիւանդութիւններու կոտորածին հետ համեմատած:

Այսքանը տակաւին մանուկներու հիւանդութիւններուն ըրածն են: Իսկ մեծահասակներո՞ւնը:

Ո՞վ չի գիտեր, թէ ի՛նչ սարսափելի բաներ են խոլերիան կամ ժանտախտը, եւ ի՜նչքան մարդիկ կը կոտորեն անոնք, երբ երկրի մը մէջ կ՚երեւին:

Վեց հարիւր տարի առաջ աշխարհի մէջ ցաւ մը յայտնուեցաւ: Կ՚ըսեն, որ միայն Եւրոպայի մէջ 45 միլիոն մարդ ջարդած է այն: Այդ ատեն ամբողջ Եւրոպայի մէջ հազիւ 100 միլիոն մարդ ըլլար, հետեւաբար այդ ցաւը ազգաբնակութեան գրեթէ կէսը մեռցուցած էր: Այս սարսափելի հիւանդութեան անունը «սեւ ցաւ» դրած էին: Ատիկա ժանտախտն էր:

Իսկ խոլերիա՜ն, իսկ ինֆլուէնզա՞ն, իսկ թոքա՜խտը:

Թոքախտը այնքան սարսափ չի՛ պատճառեր ժողովուրդին վրայ, ինչպէս խոլերիան ու ժանտախտը, բայց անոր կոտորածը աւելի մեծ է:

Բաւական է իմանալ, որ Ռուսաստանի մէջ ամէն տարի թոքախտէն վեց հարիւր հազար մարդ կը մեռնի: Եթէ այդ մարդիկը ապրէին, ամէն տարի Թիֆլիզի նման չորս քաղաք կը հիմնէին:

Հաշուուած է, որ վեց մեռնողէն մէկը թոքախտէն է:

Այլեւս երկար կանգ չեմ առներ վարակիչ հիւանդութիւններուն հասցուցած վնասներուն վրայ: Մի՛ զարմանաք, եթէ ըսեմ, որ մեռնողներուն կէսը այդ հիւանդութիւններէն է…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ


1 Վարակիչ հիւանդութիւն մը, մեծ մասամբ մանուկներուն, որ կ՚ախտահարէ կոկորդի եւ քիթի լորձաթաղանթները ու յառաջ կը բերէ մարմինի ընդհանուր թունաւորում, կեղծամաշկ, կեղծամաշկութիւն:

2 Մանկական վարակիչ հիւանդութիւն մը, որուն ենթակային մարմինը կը կարմրի, ջերմութիւն եւ կոկորդացաւ կ՚ունենայ, բիծեր կ՚երեւին երեսին, վիզին՝ կուրծքին եւ այլ տեղերու վրայ (Թրք. Խըզամըխ: Ֆրնս. Scarlatine) («Հայոց լեզուի նոր բառարան», Գնէլ Արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան):

Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022