«ՄԵՐ ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ԴԱ­ԺԱՆ Է­…»

Ապ­րիլ 28 2015: Քա­թա­րէն աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նիմ Թո­քիօ: Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Ճա­բոն պի­տի այ­ցե­լեմ: Բնա­կա­նա­բար կը հե­տե­ւինք Ճա­բո­նի ճար­տա­րա­րուես­տա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին եւ գի­տենք, որ այդ եր­կի­րը իր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րով ո­ղո­ղած է աշ­խար­հի շու­կան, բայց նաեւ կար­դա­ցած եմ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոր սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Ա­նոր ան­ցեա­լի նուա­ճո­ղա­կան եւ ո­րոշ հա­մե­մա­տու­թեամբ նաեւ «բռնա­տի­րա­կա­ն»  ա­խոր­ժակ­նե­րը լե­ցու­ցած են պատ­մու­թեան է­ջե­րը: Բայց նաեւ մեր փոքր տա­րիք­էն միշտ ալ մեծ պաս­տա­ռին վրայ դի­տած ենք պա­տե­րազ­մա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րուն մէ­ջի ճա­բո­նա­կան սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Այս­պէսով ներ­կա­յի ու ան­ցեա­լի ա­նոր «նուա­ճո­ղա­կա­ն» ի­րա­վի­ճակ­նե­րը, տար­բեր բո­վան­դա­կու­թիւն­նե­րով, Ճա­բո­նի նկատ­մամբ ո­րոշ տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծած են մտա­պատ­կե­րիս մէջ:

Քա­թա­րէն մին­չեւ Թո­քիօ թռիչ­քը պի­տի տե­ւէր մօ­տա­ւո­րա­պէս տա­սը ժամ: Եր­կար թռիչք­նե­րու ըն­թաց­քին ընդ­հան­րա­պէս պէտք է ձե­ւով մը զբա­ղիլ, գէթ չզգա­լու հա­մար, թէ կը գտնուիս «օ­դը»՝ դա­տար­կու­թեան մէջ, եւ թէ տար­բեր տրա­մադ­րու­թիւն­ներ եւ հո­գե­վի­ճակ­ներ կը ծա­գին ճամ­բոր­դո­ղին նե­րաշ­խար­հին մէջ: Այդ եր­կար թռիչ­քին ըն­թաց­քին, չեմ գի­տեր զու­գա­դի­պու­թեամբ թէ բախ­տով, յի­սու­նէ ա­ւե­լի ժա­պա­ւէն­նե­րու շար­քէն ընտ­րե­ցի հատ մը, ո­րուն նիւ­թը կը վե­րա­բե­րէր Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քի ճա­բո­նա­կան մե­կու­սաց­ման բան­տի մը մէջ ա­մե­րի­կա­ցի բան­տար­կեալ­նե­րու կեան­քին:

Ժա­պա­ւէ­նը կը նկա­րագ­րէր ա­մե­րի­կա­ցի ո­ղիմ­պիա­կա­նի մար­զիկ եւ ա­խո­յեան Լուիս Զամ­փե­րի­նիին կեան­քը: Ան հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­նակ­ներ եւ մրցանի­շներ հաս­տա­տե­լէ ետք կը զի­նուո­րագ­րուի ա­մե­րի­կեան բա­նա­կին մէջ եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մին գե­րի կը բռնուի ճա­բոն­ցի­նե­րուն կող­մէ:

Ժա­պա­ւէ­նը մէկ կող­մէ կը նկա­րագ­րէ ա­մե­րի­կա­ցի գե­րե­վա­րուած զի­նուոր­նե­րու տա­ժա­նա­կիր կեան­քը, իսկ միւս կող­մէ՝ կը կեդ­րո­նա­նայ Լուի­սի պա­րա­գա­յին եւ ճա­բոն­ցի բան­տա­պա­հին հետ, որ բռնա­կալ մըն էր, ա­նոր յա­րա­բե­րու­թեան վրայ:

Ժա­պա­ւէ­նը լե­ցուն էր Լուի­սի կրած զրկանք­նե­րով ու ա­նոր նկատ­մամբ ե­ղած վի­րա­ւո­րանք­նե­րով, Լուի­սի նե­րաշ­խար­հի վե­րի­վայ­րում­նե­րը. կը ներ­կա­յա­ցուի բան­տա­պա­հին դա­ժան ու բիրտ վե­րա­բե­րու­մը Լուի­սի նկատ­մամբ՝ ճզմե­լու հա­մար ա­նոր ապ­րե­լու ձգտումն ու կամ­քը (քա­նի որ բան­տա­պա­հը գի­տէր, թէ Լուիս ա­խո­յեան էր): Կան նաեւ Լուի­սի վի­րա­ւո­րուած ու վրի­ժա­ռուի նա­յուածք­նե­րը եւ մտո­րում­նե­րը բան­տա­պե­տին նկատ­մամբ. «Օր մը քեզ պի­տի սպան­նե­մ»:

Ժա­պա­ւէ­նը լրիւ դի­տե­ցի, եւ ինչ­պէս ո­րոշ ժա­պա­ւէն­ներ, այս ալ իր ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցաւ նե­րաշ­խար­հիս վրայ, ու մէջս սկսաւ ծա­գիլ մտմտուք մը. «Ես ար­դեօք ո՞ւր կ՚եր­թա­մ»:

«Մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է հա­ւա­քա­կան կեանք հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը»: Ճիւնն է խօ­սո­ղը՝ Ճա­բո­նի մեր ըն­կե­րու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նը: «Մեր պատ­մու­թիւ­նը լե­ցուն է ա­րիւ­նով ու դա­ժա­նու­թեամբ, եւ այ­լեւս չենք ու­զեր այդ մէ­կը կրկնել: Կ՚ու­զենք նոր կեանք մը կեր­տել որ­պէս եր­կիր եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­ն»:

Ճա­բո­նի մէջ իմ քա­նի մը օ­րե­րու այ­ցե­լու­թեանս ըն­թաց­քին ես վա­յե­լե­ցի այս «նոր կեան­ք»ը: Ճա­բոն­ցիք կրցած էին տես­նել, թէ ի­րենց պատ­մու­թիւ­նը «դա­ժա­ն» ե­ղած էր եւ «սխալ­նե­րո­վ» լե­ցուն: Ուս­տի՝ որ­պէս եր­կիր եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, տեն­դա­գին կեր­պով լծուած են այդ «դա­ժա­ն»ը ու «սխա­լ»ը սրբագ­րե­լու: Մէկ կող­մէ կ՚ապ­րիս Ճա­բո­նի յա­ռաջ­խա­ղաց­քը, բայց նաեւ մարդ­կա­յին կեն­ցա­ղը, մար­դոց նկատ­մամբ ճա­բոն­ցի­նե­րուն ու­նե­ցած յար­գան­քը ու տրուած ար­ժէ­քին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: Ա­նոնք «դա­ժա­ն»ը եւ «սխա­լ»ը սրբագ­րե­լով ստեղ­ծած են նոր դաս­տիա­րա­կու­թիւն, ո­րուն վրայ հիմ­նած են ի­րենց հա­ւա­քա­կան կեան­քե­րը եւ այս՝ նոր գրա­ւա­կա­նով: Ա­նոնց հա­ւա­քա­կան այս կեան­քերն են, որ այ­սօր յա­ռաջ­խա­ղաց­քի մէջ են:

«Հայ­կա­կան գա­ղու­թը կը հա­շուէ մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­րիւր հա­յ»: Տքթ. Կրանտ Պօ­ղո­սեանն է խօ­սո­ղը՝ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նը Ճա­բո­նի մէջ: «Չու­նինք գա­ղու­թի դրուածք, այն­պէս որ դես­պա­նա­տու­նը նաեւ դար­ձած է հա­յու­թիւ­նը քով-քո­վի բե­րող հա­ւա­քա­վայ­ր»: Տքթ. Պօ­ղո­սեան քսան­հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր կ՚ապ­րի Թո­քիօ: Ե­կած է որ­պէս հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս եւ ամ­պիո­նի վա­րիչ, կը տի­րա­պե­տէ ճա­բո­նե­րէն լե­զուին: Ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի դես­պան նշա­նա­կուած է: Հա­րիւ­րա­մեա­կի առ­թիւ հրա­տա­րա­կած է գրքոյկ­ներ ճա­բո­նե­րէն լե­զուով՝ տե­ղա­ցի ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար հա­յուն ար­հա­ւիր­քը: «Ճա­բոն­ցի ժո­ղո­վուր­դը ապ­րած է եւ գի­տէ ցա­ւը, այն­պէս որ կրնայ հասկ­նալ հա­յուն են­թար­կուածին ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը», շա­րու­նա­կեց Տքթ. Պօ­ղո­սեան:

Այդ դէպքերուն ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րը կը տե­ւեն մին­չեւ այ­սօր: Սփիւռ­քը եւ հա­յուն կո­տո­րա­կուած ու աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծուած ի­րա­վի­ճակն է: Ռազ­միկ Պա­լեա­նը Ի­րա­նէն ան­ցած է Անգ­լիա եւ ներ­կա­յիս կ՚ապ­րի Թո­քիօ: «Կը փոր­ձենք ա­մէն ձե­ւով հայ մնա­լ», Ռազ­միկն է խօ­սո­ղը: «Տու­նը հա­յե­րէն կը խօ­սինք, որ­պէս­զի զա­ւակ­ներս վար­ժուին եւ սոր­վին: Ու­րիշ գա­ղութ­նե­րու նման կազ­մա­կեր­պուած չենք, որ­պէս­զի կա­րե­նա­յինք 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով պատ­շաճ կեր­պով նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լ», ը­սաւ ան: Բայց Ռազ­միկ ու­նէր «հպար­տու­թիւն» մը, զոր բաժ­նեց ին­ծի հետ: «Տղաս, որ տե­ղա­կան դպրոց կը յա­ճա­խէ, իր դա­սա­պա­հե­րու մէ­կուն որ­պէս նիւթ ներ­կա­յա­ցուց Մեծ եղեռնը», եզ­րա­փա­կեց Ռազ­միկ:

Հա­յը ա­մէն տեղ իր «ցա­ւը» կը դրսե­ւո­րէ, որ­պէս յի­շե­ցում, բայց նաեւ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւն:

Ապ­րիլ 30-ին Ճա­բո­նի Վար­չա­պետ Շին­զօ Ա­պէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ծե­րա­կոյ­տին առ­ջեւ ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ ը­սաւ. «Մեր պատ­մու­թիւ­նը դա­ժան է: Կա­րե­լի չէ ժա­մա­նա­կին ըն­թաց­քը փո­խել եւ վե­րա­դառ­նալ բռնու­թեան օ­րե­րուն ու չը­նել ինչ որ ե­ղած է: Ես իմ յար­գանքս եւ ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներս կը յայտ­նեմ ա­մե­րի­կա­ցի ժո­ղո­վուր­դին եւ ա­նոր բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն, ո­րոնք ին­կան Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին­…»: Ու տա­կա­ւին, վար­չա­պե­տը «հա­մես­տու­թիւ­նը» ու­նե­ցաւ խօ­սե­լու պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին իր երկ­րին «սխալ­նե­րու­ն» մա­սին՝ տա­րա­ծաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րուն նկատ­մամբ: «Մեր ա­րարք­նե­րը միայն դժբախ­տու­թիւն բե­րին ա­սիա­կան եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու­ն»: (…)

Բայց կը վե­րա­դառ­նամ օ­դա­նա­ւին մէջ դի­տած ժա­պա­ւէ­նիս: Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մը կ՚ա­ւար­տի, Ճա­բոն կը յանձ­նուի, ու գե­րի­նե­րը ա­զատ կ՚ար­ձա­կուին: Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ Լուիս պէտք էր ընտ­րու­թիւն կա­տա­րէր:

Լուիս չսպան­նեց ճա­բոն­ցի բռնա­պե­տը, այլ ո­րո­շեց իր «վրէ­ժ»ը լու­ծել «նոր կեան­քե­ր» կեր­տե­լով: Ան իր կեան­քը նուի­րեց հո­գե­ւոր եւ մար­դա­սի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան՝ նոր կեան­քեր եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լով…:

Եւ հա­յուն պատ­մու­թեան փորձն ալ այդ­պէս էր: 1915-էն ետք «նո­ր»ը շի­նե­լով է, որ հա­յը վե­րապ­րե­ցաւ եւ ոչ թէ սպան­նե­լով, այդ «նո­ր»ն է, որ հա­յուն կու տայ ու­ժը եւ վճռա­կա­մու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու իր «ա­ւան­դ»ը քիչ մը ա­մէն տեղ եւ մին­չեւ Թո­քիօ: Այդ «նո­ր»ին ու­ժով է, որ Ռազ­մի­կին զա­ւա­կը ու բո­լոր հայ մա­նուկ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ներ­կա­յաց­նել  ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը՝ յի­շե­լով…:

Իսկ այ­սօ՞ր: Հա­յը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր եր­թը հա­րիւ­րա­մեա­կէն ան­դին, պի­տի շա­րու­նա­կէ «նո­ր» կեան­քեր կեր­տել ա­մէն տեղ, ո­րով­հե­տեւ «նո­ր» կեան­քեր կեր­տե­լով է, որ հա­յը պի­տի կրնայ զօ­րա­ւոր կեր­պով յի­շել, յի­շեց­նել…:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015