ԵՐԱԶԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԱԶ

Սեւանի հոգեբուժարանին մէջ հիւանդները թաց լաթով կը փաթթեն։ Ցուրտ եղանակին սառոյցի կտորներով ծանրացած սաւանը փուշի պէս կը մտնէ՝ բոլոր առումներով ալ անզօր դարձած հիւանդներու մարմիններուն մէջ։ Յաջորդ օրերուն, դարձեալ շատ տխուր պատկերով մը կապոյտ դարձած դիակը կը պատեն նորէն ճերմակ սաւանով, քարացած արեան գնդիկները կ՚իյնան սաւանին վրայ՝ ամբողջացնելու համար ահասարսուռ տեսարանին մէկ դրուագը։

Այս պատկերը վէպէ մը առնուած չէ, այլ այն Հայաստանէն, որուն քաղաքացիները հպարտ ու երջանիկ են։ Հպարտ են, որ վերջին ընտրութիւնները արդար էին եւ երջանիկ են, որովհետեւ կ՚ապրին երկրին մէջ յաւերժօրէն բացակայ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարին «յօրինած» երջանկութեան ժամանակներուն մէջ։ Եւ իրօք ինչքան փոխուեցաւ Հայաստանը անցեալ չորս տարիներուն։

Ի դէպ, այն մռայլ պատկերը, որուն ակնարկեցի ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած կամ գեղարուեստականացած առօրեայի մը բնութագրումը չէ։ Անոր առաջին մասը հիմնուած է օրերս իր պաշտօնավարումը աւարտած Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի ներկայացուցած զեկոյցին, որ գուցէ վերջիններէն էր անոր մասնագիտական գործուէնութեան աւարտի օրերուն։

Յաճախ կ՚ըսեմ ու յաճախ ալ ճիգ կը թափեմ, որ «Սեւ Հայաստան»ին հետ գործ չունենամ։ Աշխատանքիս ներկայանամ, մեկնաբանեմ, յօդուած գրեմ, հարցազրոյց վարեմ, ամիսը երկու գիրք կարդամ, ընտանիքիս պէտքը հոգամ, թերթս ոտքի պահեմ, աշխատողներուս վճարումները ապահովեմ, ծրագիր մշակեմ, Պոլիս երթամ նոր ֆիլմի մը ծրագրով, սակայն հեռու մնամ այն «Սեւ Հայաստան»էն, որ ամէն առթիւ կը հալածէ զիս։ Այդ Հայաստանը երազ չունի, կարծր է, սառոյցի պէս ցաւցնող եւ խոցող, մայթին վրայ սահելու չափ վտանգաւոր, անոր հետ հանդիպումները միայն վիշտ կը պատճառեն։

1997-ին, երբ առաջին անգամ Հայաստան ոտք դրի, մէջս մեծ երազներ կային։ Ուրիշ էր Հայաստանը, կային թէեւ յոռի տեսարաններ։ Կոմիտասի վրայ ապրեցայ շրջան մը. տունը փոշիի մէջ կորսուած, առանց վերելակի կը բարձրանայինք չորրորդ յարկ, համարեա թէ ճաշ պատրաստող ալ չկար։ Կը յիշեմ ինչպէս Սեւանը կա՛մ հարեւանին տունը կը ճաշէր, կամ ալ շաբաթը հեղ մը առաւօտեան ձուազեղը եկուր միասին ուտենք մը կ՚ըսէր։

Սառնարանը հին-հին, ճակատին գրուած էր «Արագած», այսինքն զայն սարքողները կ՚ուզէին յիշեցնել, որ իրենց արտադրածը Արագած լերան սառնութիւնը ունի եւ հոն «բնակութիւն» հաստատած բոլոր ուտելիքները «սաղ-սելիմ» պիտի մնային... Իսկ սառնարանին պարունակութեան մասին, Աստուծոյ սիրոյն բան չըսէք... Անոր սպիտակ դատարկութիւնը ամբողջական կրնար դառնալ, եթէ անոր մէջ չըլլային Պոլսէն հասած ծանրոցներու պարունակութիւնը։ Սեւ ձիթապտուղի մեծ տոպրակ մը եւ պոլսեցիներուն շատ սիրելի «քաշար փէյնիր»ը։ Մնացածը պաս պարապ, օրական քանի մը խնձոր ես կը բերէի, իսկ Սեւանն ալ խանութպանէն քանի մը հաւկիթ (վրան անպայման «Արզնի» մակնիշը պէտք է ըլլար) առնելով կը փրկէր մեզ հալածող մեծ դատարկութեան զգացումը։

Զգացումներու առատութիւն ալ կար Երեւանի մէջ, ամէն քայլափոխին Հայաստանի հանդէպ մեծ երազը երանգ կը փոխէր։ Տեղ-տեղ կ՚աճէր, տեղ-տեղ կը փոքրանար, բարեւ մը կու տային, բարեւ մը դուն կու տայիր, ծանօթ մը կը տեսնէիր, Գրողներու միութիւն կ՚իջնէիր, ձեւով մը երազը քեզ կ՚ամփոփէր։ Քեզ իր գիրկը կը տանէր ու մեծ հաշուով կը հաւատայիր, թէ այն Հայաստանը, որուն համար պատրաստ ես ամէն ինչ ընել, դեռ պիտի գայ...

Օրուայ թերթերու տրցակը ձեռքիդ, մայթէ-մայթ եւ սրճարանէ-սրճարան, սուրճի թագաւորութեան եւ թագաւորանիստ մայրաքաղաքի երանութիւնը ձեռքերուդ մէջ՝ կը չափէիր Երեւան քաղաքի անծայրածիր թաղամասերը։

Դաժանութիւններ գուցէ չկային կամ թերթի խորագրերը, որոնք կամաց-կամաց կը հալէին ու հեզասահ գետին կ՚իյնային, միեւնոյնն է, կարեւոր չէին քեզի համար։ Կը մնար շէնքի երրորդ յարկը ելլել, որպէսզի Ռուբէն Յովսէփեանի սեւ ծայրիկներով սիկարէթի բոյրին մէջ թաթխէիր քու Հայաստանիդ մեծ երազը։

Չէիր ալ գիտեր, որ քանի-քանի Հայաստաններ կան, քանի շերտեր Հայաստանի։ Սարգիս Կիրակոսեանին հետ քու կիսած Հայաստանդ, օրինակ, բոլորովին տարբեր էր միւս Հայաստաններէն։ Կար գրողներու Հայաստանը, որ խենթ ու խելառ բառերու յորձանուտներով քեզ կլանած էր եւ տեսակ մը «վիթամին» էր, որպէսզի ամէն ինչ ընես ու հասցնես այդ խենթութեանդ պահը թուղթին տալ։ Կար «Գարուն»ի Հայաստանը, Լեւոններու Հայաստանը (նկատի ունիմ Լեւոն Անանեանն ու Լեւոն Խեչոյեանը), որոնք մաքուր հիւթն էին գրողական Հայաստանին։

Կար երգի Հայաստանը, Տիգրան Մանսուրեաններուն, Ռուբիկներուն եւ միւսներուն հետ հիացական բառեր փոխանակելու Հայաստանը։ Կար ոստիկանի Հայաստանը, որ քեզ կը կանգնեցնէր մեթրոյի ճիշդ անկիւնը՝ հարցնելու համար, որ ինչո՞ւ նկարներ կը քաշես ու յետոյ սպառնալիք հնչեցնելու պէս խօսելով՝ յանուն սփիւռքին քեզ ազատ կ՚արձակէր։ Կար տակաւին գիշերային ակումբներու, ծուռ հայեացքներու, ապուշ կռիւներու եւ «աղջիկ որսալներ»ու Հայաստանը, որ սակայն երբեք ալ նման չեղաւ Անդրանիկ քեռայրիս ապրած սովետական արկածախնդրութիւններուն։

Կար, անպայման, հոգեւորին Հայաստանը, անոր դատարկ ու միս-մինակ մնացած եկեղեցիներու Հայաստանը, կորսուած աղօթքներու եւ կորուստի բառերու, հրաշալի տօներու եւ հերիսայի հանդիպումներու Հայաստանը։

Կար նաեւ սփիւռքցիներու Հայաստանը. այն Հայաստանը, երբ չորս սփիւռքահայեր ամէն մէկը մէկ անկիւնէ՝ Պոլիս, Պէյրութ, Հալէպ ու Փարիզ, դէմ-դիմաց նստելով ազգի ցաւին ու ցաւի ազգութեան մասին կը խօսէին, կը խմէին, երկար գիշերներ կը լուսցնէին՝ քրթմնչալով, երերալով, դժգոհելով եւ մասամբ նորին...

Այս բոլորը կային, կային այս բոլորը, բայց, ամենակարեւորը այդ Հայաստանին կամ նոյնիսկ Հայաստաններուն մէջ՝ Երազի Հայաստանը, որ երազի պէս կը շարունակէ մնալ մեր հոգիներուն մէջ տխուր ու փոքրացած։

Այսօր այդ երազը խամրած է, իսկ նոր սերունդներուն մէջ Հայաստանի երազը ո՞ւր է, գուցէ կա՞յ, կ՚ապրի՞։

Չեմ գիտեր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 7, 2022