ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՀԱՒԱՔԱՏԵՂԻՆ
Սեբաստահայոց Հայրենակցական միութեան հաւաքատեղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը շաբաթավերջին արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Գուրթուլուշի մէջ շէնքի մը մուտքին հաստատուած է միութեան նոր հաւաքատեղին, որու պաշտօնական բացման ժամանակ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաք եւ իր ընկերները այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հանդիսութեան մասնակիցները։ Ծափողջոյններու ներքեւ հատուեցաւ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։ Ընդունելութեան մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր միութեան հաւաքատեղիին բացումը, որուն զուգահեռ բացուեցաւ նաեւ «100-րդ տարելից, 100 լուսանկար» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որու պատրաստութիւնները կատարուած էին Զաքարիա Միլտանօղլուի եւ միութիւն յաճախող երիտասարդներուն կողմէ։
Ատենապետ Սեպուհ Քոչաք հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին խոր երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած էին հաւաքատեղիի գոյացման։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ Սեբաստիոյ մէջ այսօր կ՚ապրի քսան հայ ընտանիք եւ այնտեղ կը գտնուի նաեւ գերեզմանատուն մը։ Քոչաք հակիրճ ակնարկեց նաեւ քաղաքի պատմական եկեղեցիներէն մէկուն վերադարձման ուղղուած ջանքերու ընթացքին։
Հաւաքոյթի տեւողութեան արտայայտուեցան օրուան հիւրերէն հրապարակագիր Թուրհան Ալքան, սեբաստացի գործարար Հիւսէյին Եըլտըրըմ, ճարտարապետ Նազար Պինաթլը, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր։
Հանդիսութեան տեւողութեան մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ Սեբաստացիներու միութեան հաւաքատեղիի հաստատման ուղղութեամբ բերուած անփոխարինելի նպաստը։ Երախտագիտութեամբ ընդգծուեցաւ նաեւ աջակցութիւնը մեր ազգայիններէն Եդքին Պէրպէրօղլուի եւ Շիշլիի քաղաքապետութեան։
Սեբաստացիներու միութեան վարչայինները նշեցին, թէ յառաջիկայ աշնան թափ պիտի ստանան գործունէութիւնները նոր հաւաքատեղիի երդիքին տակ։
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ այս տարի դէպի Սեբաստիա նախատեսուած ուխտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Աստուածածնի շրջանին։