ԻՒՆԷՍՔՕ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԳՈՐԾԻՔ ՉԴԱՐՁՈՒԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան Ատրպէյճանի կողմէ շարունակական պղծման ձեւախեղման եւ ոչնչացման դէպքերուն հերթական անդրադարձը կատարուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ։ Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հարցման ի պատասխան, կազմակերպութիւնը տեղեկացուց, որ աշխատանք կը տանի՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ անկախ թեքնիկ առաքելութիւն մը ուղարկելու նպատակով։ «Պատմամշակութային ժառանգութիւնը պէտք չէ քաղաքական գործիք դառնայ», նշուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մամուլի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ։

«Մենք կը շարունակենք աշխատիլ 1954 թուականի Լահէյի պայմանագրի շրջանակներէն ներս դէպի Լեռնային Ղարաբաղ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ անկախ թեքնիկ առաքելութիւն մը ուղարկելու ուղղութեամբ։ Կը յուսանք, թէ սա հնարաւոր կ՚ըլլայ շուտով, բայց, այս պահուն անհրաժեշտ պայմաններ չկան այս բանին համար։ Ուստի, քննարկումները տակաւին կը շարունակուին», նշուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յայտարարութեան մէջ։

Բաց աստի, դիտել տրուած է, որ մշակութային ժառանգութիւնն ու պատմութիւնը պէտք չէ դառնան քաղաքական գործիք որեւէ նպատակի համար։ «Մենք կոչ կ՚ուղղենք մեր բոլոր անդամ պետութիւններուն՝ ամբողջ աշխարհով մէկ յարգել այս սկզբունքը», տեղեկացուած է կազմակերպութեան կողմէ։

Արցախի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման խնդիրը այս շրջանին արձագանգ կը ստեղծէ բազում հարթութիւններու վրայ։ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներն ալ վերջին շրջանին կ՚ահազանգեն այս վտանգին։

Հինգշաբթի, Փետրուար 17, 2022