ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ

ՇԱՏ ՄՈՌԱՑԿՈՏ ԻՇՈՒԿԸ

Մոռացկոտ իշուկ մը մայրը կը տեսնէր եւ կ՚ըսէր.

-Ո՞վ ես դուն, կարծես քեզ տեսած եմ ասկէ առաջ:

Հայրը կը տեսնէր եւ մօր կը հարցնէր.

-Ո՞վ է այս տարօրինակ ծերուկը, որ մեր ախոռը կը մտնէ առանց արտօնութեան:

Արեւը կը տեսնէր եւ զարմացած կը բարկանար.

-Ասիկա դեղին գնդա՞կ մըն է կամ տաքութենէն կարմրած ձմերուկ մը:

Աւանակները կը տարածէին իր մոռացկոտութեան լուրերը, կը ծիծաղէին եւ կը խրատէին զայն, որ գտնէ զինք բուժող դեղ մը: Անոնք կը զարմանային զայն միշտ ուրախ տեսնելով եւ չէին գիտեր պատճառը:

Ծերունի աւանակ մը կարծելով, թէ գիտէ պատճառը ըսաւ.

-Այս փոքրիկ իշուկը ուրախ է, քանի մոռնալու կարողութիւն ունի. եթէ յիշէ այն տաժանքը, որ կը յոգնեցնէ զինք ամէն օր ծանրութիւններ բեռնելով եւ կառքեր քշելով եւ յիշէ այն հարուածները՝ որոնց կ՚ենթարկուի, վստահ որ երջանկութիւնը չի ճանչնար:

Մոռացկոտ իշուկը գլուխը շարժելով հաստատեց (լսածը) ապա մոռցաւ ծերունի աւանակին խօսքը:

 

ԳԻՐՈՒԿ ՈՉԽԱՐԸ

Նիհարակազմ ձիերը տեսան ոչխար մը, որ հսկայ կոյտ մը կանաչ բոյս ուտելով զբաղած էր: Անոնք գոհունակութեամբ դիտեցին զայն, հաւաքուեցան շուրջը եւ ըսին.

-Դո՛ւն միայն կրնաս մեզի լաւ, մեզի անհրաժեշտ խրատ մը տալ, քանի մենք գիշեր-ցերեկ կ՚ուտենք եւ չենք գիրնար, կը մնանք պարզապէս տկարակազմ ձիեր, որոնց մորթը միսէն առատ է եւ չեն կրնար սուրալով (կտրել) ընդարձակ տարածութիւն:

Ոչխարը ներողամիտ շեշտով ըսաւ ձիերուն.

-Ես բժիշկ չե՛մ եւ բաւարար գիտելիք չունիմ առողջապահական հարցերու մասին, որպէսզի որեւէ խրատ ներկայացնեմ:

Ձիերը զննեցին ոչխարը եւ հետաքրքրութեամբ հարցուցին.

-Ի՞նչ կ՚ուտես, որ այսպէս գեղեցիկ եւ գրաւիչ ձեւով կը գիրնաս:

Ոչխարը զարմացաւ, սոսկումն ու յուզումը երեւեցան (աչքերէն) եւ բարկացաւ ձիերուն վրայ.

-Աս ի՞նչ յիմար խօսք է, ո՞վ ըսաւ որ ես գէր եմ:

Ձիերը ըսին.

-Նայէ՛ որեւէ հայելիի եւ կը հաստատես, որ չենք ստեր:

Ոչխարը վհատեցաւ, դադրեցուց կանաչ բոյս ուտելը եւ մեղաւորի շեշտով ըսաւ.

-Աստուա՛ծ իմ, քանի այսքան գիրցած եմ, ուրեմն մահացու վտանգներու պահուն պիտի չկարենամ փախչիլ:

Ձիերը ապշեցան ոչխարին խօսքէն եւ վարմունքէն, հեռացան անկէ եւ շարունակեցին փնտռել կեր մը, որ կ՚օգնէ հեռացնել տգեղ նիհարութիւնը, մինչ ոչխարը աչքերու չէր երեւեր եւ կը փորձէր նուազեցնել կշիռքը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 18, 2022