ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՏԱԳՆԱՊ ԿԱՄ ՍՊԱՍԵԼՈՎ «ՓՈՔՐ» ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ
Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։ Արդէն ամիս մըն է, որ աշխարհ «շունչը պահած» կը հետեւի զարգացումներուն։ Կ՚ենթադրուի, որ Ռուսաստան ընթացք պիտի տայ ռազմական մեծ գործողութեան մը, որ զարգանալով եւ աճելով պատճառ պիտի դառնայ աւելի մեծ ընդհարումի մը, որուն բացի Ռուսաստանէն եւ Ուքրայնայէն, պիտի ներգրաւուին Արեւմտեան պլոքի «պապա» երկիրները։
Ի դէպ, անցեալ շաբթուան դէպքերը ցոյց տուին վերոյիշեալ շեշտադրումին ճիշդ հակառակը՝ փաստելով նաեւ, որ եթէ նոյնիսկ պատերազմ մը պիտի շղթայազերծուի, ապա այդ պատերազմը պիտի ըլլայ «չափուած-ձեւուած»։ Պատերազմ, որ կրնայ ունենալ արագ սկիզբ, սակայն նաեւ ամենակարեւորը՝ արագ աւարտ։
Վերադառնալով համընդհանուր եւ մեծ, կամ նոյնիսկ «երրորդ աշխարհամարտ»ի մը սկսելուն դէմ յառաջ քշուած թեզին, ապա այստեղ անպայման պէտք է հաստատել, որ Ուքրայնոյ տագնապին առընթեր գործողութիւնները կամ նոյնիսկ ապագայ գործողութիւնները ունին որոշ չափով «նախատեսուած» բեմագրութիւններ։ Համաշխարհային պաստառին վրայ Ուքրայնոյ տագնապին նման բազմաբեւեռ շերտերով տագնապ մը անկարելի է, որ «ձգուի» իր ճակատագրին։ Ու յստակ է նաեւ, որ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի (այս պարագային Ռուսաստանի) միջեւ առկայ լարուածութիւնը անպայման ունի «սահմանուած կանոններու» եզրագիծ մը, որմէ դուրս անկարելի է, որ երկու կողմերէն որեւէ մէկը երթայ ծայրայեղ քայլերու կամ մեծ խախտումներու։
Աւարտելու համար այս բաժինը, նախքան վերլուծաբան Ստեփան Դանիէլեանի տեսակէտը ներկայացնելը, հարկ է նշել, որ այսօրուան դրութեամբ աշխարհի ամենատարբեր «թէժ կէտ»երուն վրայ հակամարտութիւնները ունին «միջնորդաւորուած» կամ «փրոքսի» պատերազմներու բնոյթ։ Անոնցմով աշխարհի գլխաւոր գերտէրութիւնը՝ Միացեալ Նահանգները կը գոհանայ ուրիշներու միջոցաւ իր նպատակները, միտումները եւ մօտեցումները յառաջ քշել հեռու մնալով՝ մանաւանդ ինքզինք հեռու պահելով մեծ լարումէ եւ արիւնահեղութեան մը մէջ մտնելու նոր փորձութենէ մը։
Ըստ երեւոյթին, ամերիկացիք՝ մասնաւորապէս Իրաքի տագնապէն շատ դասեր քաղեցին. տնտեսական զէնքերով ռազմ մղել կամ յոռեգոյն պարագային «միջնորդաւորուած» պատերազմի մը «կանաչ լոյս» վառելով խուսանաւել։ Ամէն պարագայի այսօր արդէն յստակ է, որ ինչ ալ ըլլան Ուքրայնոյ տագնապի հանգուցալուծման բեմագրութիւնները՝ Արեւմտեան պլոքը արդէն իսկ սկսած է համոզուիլ, թէ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք առաջին անգամ Ռուսաստան ունի բաւարար ուժ համաշխարհային խաղին մէջ իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունենալու։
ՏԱԳՆԱ՞Պ, ԹԷ ԽԱՂ
Ուքրայնոյ իրադարձութիւններուն մասին քաղաքական վերլուծաբան Ստեփան Դանիէլեան ունի հետաքրքրական դիտարկումներ։ Ըստ իրեն, այստեղ հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ կը կատարուի այս ամէն ինչը: Ան, ըստ հետեւեալի, կը շարունակէ իր խորհրդածութիւնները։
*
Ես կը կարծեմ, թէ այս ամէնը շատ խորքային պատճառներ ունի: Սա աւելի շատ մեծ քաղաքական խաղ մը կը յիշեցնէ՝ քան այն, ինչ որ մամուլով կը տեսնենք: Այսինքն մէկ բան է, թէ ի՞նչ կ՚ըսեն Ռուսաստանի ու Միացեալ Նահանգներու նախագահները եւ մէկ այլ բան է, թէ իրականութեան մէջ ասոր տակ ի՞նչ կայ:
Ինծի կը թուի, թէ բազմաշերտ խաղ մը կ՚ընթանայ եւ ինչ-որ առումով կան հիմնաւորուած կասկածներ, թէ սա պայմանաւորուած խաղ մըն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան միջեւ: Իւրաքանչիւրը կը փորձէ լուծել իր հարցերը: Հիմնական խնդիրներէն մէկը այն է, որ յառաջիկայ նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի պիտի ունենան Քոնկրէսի ընտրութիւնները, որոնցմով պիտի որոշուի, թէ երկու տարի յետոյ, նախագահական ընտրութիւններուն կը յաղթեն հանրապետականնե՞րը, թէ դեմոկրատները: Հիմա անոնց այսպիսի մեծ աղմուկ մը պէտք էր ներքին քաղաքական ինչ-որ խնդիրներ լուծելու համար՝ սկսեալ այն տպաւորութենէն, թէ համաշխարհային մեծ պատերազմ մը կրնար ծագիլ, իսկ Պայտըն զայն կանգնեցուց եւ ինք մեծ խաղաղարար մըն է:
Պատճառներէն մէկը կրնայ նաեւ տնտեսական ըլլալ: Ուքրայնայէն դուրս հանուած է 12.5 միլիառ տոլարէ աւելի գումար, սակաւապետները կը փախչին, Ռատայի (խորհրդարան) նիստ գումարել կարելի չ՚ըլլար: Նոյնիսկ նախագահը կոչ ըրած է, որպէսզի արգիլեն պատգմաւորներու երկրէն դուրս ելլելը: Այս ամբողջ «հիսթերի»ի ֆոնին Միացեալ Նահանգներ նաւթի ու կազի արտածման ծաւալները մեծցած են ու կը մեծնան: Այսինքն Միացեալ Նահանգներ շուկաներ կը նուաճէ:
Յաջորդը՝ Եւրոպայի մէջ նոյնպէս կ՚ընթանան հետաքրքրական գործընթացներ։ Ֆրանսայի մէջ ընտրութիւններու կը սպասուի, Գերմանիոյ մէջ աւելիով կ՚աշխուժանան ազգայնականները։ Այս պատերազմի «հիսթերի»ն կը զօրացնէ այն ուժերը, որոնք կողմնակից են Միացեալ Նահանգներու հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կնքելու՝ քան Ռուսաստանի:
Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին, ապա, իր հերթին, ան կ՚ուզէ, որ Ուքրայնա կատարէ Մինսքի պայմանաւորուածութիւնները, այսինքն՝ Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ ընէ, ճանչնայ Տոնպասի ինքնավարութիւնը եւ համաներում յայտարարէ: Այդպէսով Ռուսաստան կը մեծցնէ իր ազդեցութիւնը Ուքրայնայի մէջ: Իսկ այն հիմնական հարցերը, որոնք Մոկսուան յառաջ կը մղէր, որպէսզի յայտարարուի, թէ Ուքրայնա ՆԱԹՕ-ի մաս պիտի չկազմէ, ըստ էութեան, երկրորդական են:
Միւս կողմէ, Ուքրայնայի մէջ արդէն կը յայտարարեն, որ պատրաստ են կատարել Մինսքի պայմանաւորուածութիւնները: Ուքրայնայի մէջ, ըստ էութեան, խուճապ է։ Խոշոր ներդրումային ծրագիրները կանգ առած են, օդային հաղորդակցութիւնները լրջօրէն կը կաղան, դեսպանատուները արդէն դէպի Լվով կը փոխադրուին: Այստեղ հարց կը յառաջանայ, թէ այս բանը ինչո՞ւ կը կատարուի: Ուքրայնայի հասարակութեան մէջ կան տեսակէտներ, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ մեծ խաղ մը կ՚ընթանայ եւ իրենց զոհի դեր վիճակած է: Այդ առումով գուցէ շատերու մօտ մտածելակերպի փոփոխութիւն տեղի կ՚ունենայ։ Կը հասկնան, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ չկան բարեկամներ ու թշնամիներ: Այսպէս կոչուած թշնամիներն ու բարեկամները կրնան իրարու հետ պայմանաւորուիլ, եթէ ուժեղ են։ Այդ մէկը թոյլ երկիրներու հաշուոյն կ՚ըլլայ: Ուքրայնայի մէջ այդ փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենայ:
Մինչեւ մօտաւոր անցեալը Ուքրայնայի մէջ կը տիրէր այն մտածողութիւնը, թէ իրենք եւրոպացի են, Եւրոմիութեան պիտի անդամակցին, ՆԱԹՕ-ին պիտի անդամակցին, եւ այս բոլորին բերումով իրենք Ռուսաստանի դէմ պէտք է «խաղան», որու համար իրենց ճակատը պիտի համբուրեն եւ ամէն ինչ պիտի տան: Կեանքը ցոյց կու տայ, որ ԵՄ եւ ՆԱԹՕ պիտի չընդունին զիրենք եւ իրենց հաշուոյն պիտի պայմանաւորուին՝ իրենց թշնամի յայտարարած Ռուսաստանի հետ։ Արդարեւ, Ռուսաստան աւելի ուժեղ է եւ լուրջ խաղացող: Եթէ իրենք հասկնան եւ դառնան չէզոք երկիր մը. ինչպէս՝ Ֆինլանտիա, Զուիցերիա, բոլոր կողմերէն օգտուին ու դառնան արգելակ երկիր մը, ապա այդ վիճակէն կարելի պիտի ըլլայ օգտուիլ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան