ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Իպրահիմ Ռահիմ Փուրը։ Ողջունելով իր հիւրը Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստան եւ Իրան կապուած են աւանդական ջերմ, փոխշահաւէտ յարաբերութիւններով, որոնց վկայութիւնն է միջպետական բարձր մակարդակով երկխօսութիւնը, տարբեր բնագաւառներէ ներս աշխոյժ փոխգործակցութիւնը։ Հիւր փոխ-նախարարը Նալպանտեանին փոխանցեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Զարիֆիի բարեմաղթանքները։ Ան ընդգծեց, որ Իրան կը կարեւորէ հարեւան Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդումը եւ համագործակցութեան ընդլայնումը։ Զրուցակիցները անդրադարձան բազմաթիւ հարցերու, միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային խնդիրներուն շուրջ։
Միւս կողմէ, Նալպանտեան ընդունեց նաեւ Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի պատուիրակութիւնը՝ Ալի Քաիտիի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպման ժամանակ կարեւորուեցաւ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման ու ընդլայնման առումով։