«ՊԱՊԱ»ԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ…
Թուրքիա այս առաւօտ արթնցաւ տխուր օրուան մը։ Այս առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան իններորդ նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլ։ 91 տարեկան հասակին Տէմիրէլ կեանքէն հրաժեշտ առաւ սրտի անբաւարարութեան եւ շնչառական ճամբաներու բորբոքման հետեւանքով։ Գոյժը կայծակնային արագութեամբ արձագանգ գտաւ բովանդակ երկրին, ինչպէս նաեւ միջազգային գետնի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ պետական աւագանին ցաւով արձագանգեց բօթին։ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու տեղեկացուց, թէ երկրին մէջ սուգ հռչակուած է Սիւլէյման Տէմիրէլի մահուան հետեւանքով։
Սիւլէյման Տէմիրէլ ժամը 02.05-ին աչքերը կեանքին փակեց Անգարայի «Կիւվէն» հիւանդանոցին մէջ։ Այդ պահէն սկսեալ թէ՛ հիւանդանոցը եւ թէ «Կիւնիզ» փողոցի իր բնակարանը փութացին պետական աւագանիէն դէմքեր, իր անմիջական բարեկամներն ու քաղաքական գործունէութեան ուղեկիցները։ Միեւնոյն ժամանակ սգոյ տոմար մը բացուեցաւ իր բնակարանին մէջ, ուր սկսան բոլորը իրենց վկայութիւնները բերել եւ արտայայտել անոր նկատմամբ յարգանքը։
Սիւլէյման Տէմիրէլի վախճանումով բառին բուն իմաստով ժամանակաշրջան մը եզրափակուեցաւ թրքական քաղաքական կեանքէն ներս։ Տէմիրէլ, որ «հայր» յորջորջուած էր երկրի քաղաքական բեմահարթակին վրայ, անջնջելի հետք մը թողած է երկրի արդի պատմութեան վրայ։ Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ անմիջապէս ետք ան նետուած էր քաղաքականութեան։ Սպարթայի Իսլամգիւղէն սկսած իր կեանքի ոդիսականը գագաթնակէտին հասած էր, երբ ան ընտրըուած էր հանրապետութեան նախագահ։ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքը տասնամեակներ շարունակ անցած է ելեւէջներու մէջէն եւ Սիւլէյման Տէմիրէլի ծաւալած բազմատասնեակ տարիներու քաղաքական գործունէութեան հանրագումարը եղած է այն, որ ան այսօր կը դասուի երկրի ժողովրդավարականացման ջատագովներու, ջահակիրներու շարքին։ Թուրքիոյ մէջ բազմակուսակցական դրութեան յաջորդած տասնամեակներուն տեւողութեան ապրուած անկայունութիւններուն, ժողովրդավարական երթի ընդհատումներուն եւ այլ բոլոր բարդ խաչմերուկներուն վրայ Տէմիրէլ թողած է իր դրոշմը՝ երկիրը բնականոն զարգացման հունը վերադարձնելու եւ անոր առջեւ նոր հորիզոններ բանալու ճանապարհին։
Երկար տարիներ վարչապետի պաշտօն վարելէ վերջ Սիւլէյման Տէմիրէլի քաղաքական գործունէութեան թագն ու պսակը հանդիսացած էր հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլը։ Այդ պաշտօնն ալ իրականացուցած էր պատշաճօրէն եւ հերթը փոխանցած՝ Ահմէտ Նեճտէթ Սեզէրին։
Սիւլէյման Տէմիրէլ վաթսունըհինգ տարի կեանքի ընկեր ունեցած էր Նազմիյէ Տէմիրէլը, որ իր կողքին գտնուած էր ամէն տեսակ մարտահրաւէր դիմագրաւելու ժամանակ։ Իր կեանքի վերջին տարիներուն Սիւլէյման Տէմիրէլի տեսակէտէ ծանր հարուած մը եղած էր կողակցին կորուստը, քանի որ ան մեծ ցնցում մը ապրած էր զրկուելով իր հիմնական թիկունքէն։
Սիւլէյման Տէմիրէլ պիտի յուղարկաւորուի պատշաճ պետական արարողակարգով, մինչ երկրի բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցները կը խօսին իր երկար ու երախտաշատ ծառայութիւններուն, երկրին համար ապահոված դրական արդիւնքներուն շուրջ։
ՆՈՐԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԱՌԱՋԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Սիւլէյման Տէմիրէլ երկար տասնամեակներ եղաւ Թուրքիոյ քաղաքական թատերաբեմի յառաջատար դէմքերէն մին եւ իր ներդրումը ունեցաւ երկրի արտաքին քաղաքականութեան զանազան հարցերուն։ Թուրքիոյ եւ նորանկախ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ձեւաւորման հանգրուանին ան ունեցաւ լուրջ դերակատարութիւն։ Երբ 1991 թուականին Հայաստան անկախութիւն հռչակեց՝ Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուէր Տէմիրէլի կողմէ գլխաւորուած համախոհական կառավարութիւնը։ Ութերորդ նախագահ Թուրկուտ Էօզալի մահէն ետք, այդ պահու դրութեամբ վարչապետի պաշտօն զբաղեցնող Տէմիրէլ ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ։ Թէ՛ որպէս վարչապետ եւ թէ որպէս նախագահ Տէմիրէլ հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ աւելի վերջ նաեւ՝ նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի հետ։
Տէմիրէլի ջանքերով Էօզալի յուղարկաւորութեան օրերուն Անգարայի մէջ հանդիպած էին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ Ատրպէյճանի նախկին նախագահներէն Էպուլֆէյզ Էլչիպէյ։ Յաջորդող տարիներուն, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հիմնադրութեան հնգամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած յոբելենական գագաթաժողովին շրջագծով Տէմիրէլ մէկտեղած էր նաեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ու Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւը։
Հայաստանի անկախութենէն վերջ, Սիւլէյման Տէմիրէլի յառաջատար դիրքի վրայ գտնուած ղեկավարութիւններուն կողմէ թէ՛ Թուրքիա ցորեն փոխ տուած էր իր նորանկախ հարեւանին եւ թէ կարճ ժամանակ անց՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սաստկացման հետեւանքով սահմանը փակած՝ անոր հետ։
Բաց աստի, Հայաստանի անկախութենէն առաջ, Տէմիրէլի գլխաւորած կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարը՝ Իհսան Սապրի Չաղլայանկիլ հանդիպում մը ունեցած էր հայկական սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։