ԲԱՐԵՒ՝ ԵՍ ԵՄ - ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ
Մեր տունին մէջ միշտ շատ գիրք եղած է: Իմ մեծ մայրը մեծ գրադարան մը ունէր: Մեծանուն հայ հեղինակները իրենց ուրոյն տեղը կը զբաղեցնէին այդ գրադարակներու մէջ: Մեծ մայրս կը սիրէր յաճախ կրկնել, թէ ինքը աշխարհի ամենէն հարուստ մարդն է: Իսկ մեր այն հարցումին, թէ ինչո՞վ էր այդքան հարուստ, ան միշտ կը պատասխանէր. «Իմ հարստութիւնը իմ գրքերն են»:
Այո, գիրքը իմ տատիկի անբաժան ընկերն էր: Օր մը չկար, որ ան գիրք չի կարդար: Աչքս բանալուս պէս ասիկա տեսայ: Եւ այստեղէն ալ իմ մէջ յառաջացաւ սէր դէպի գիրքը, ընթերցանութիւնը:
Մինչեւ տառաճանաչ դառնալը կը սիրէի ունկնդրել մեծ մօրս պատմած կամ ընթերցած հեքիաթները: Ան կը պատմէր, իսկ ես կը ճամբորդէի տուեալ պատմութիւններու մէջ: Իմ ամենասիրելի հեքիաթն ու գիրքը «Ճանապարհորդ ոզնին» էր: Մինչեւ այսօր կը յիշեմ այդ հնամաշ փոքրիկ պատկերազարդ գիրքի իւրաքանչիւր էջը: Իսկ երկրորդը՝ Սիլվա Կապուտիկեանի «Ծաղկանոց» ոտանաւորներու հաւաքածոն: Յաճախ կը խնդրէի մայրիկէս, տատիկէս կամ պապիկէս՝ վերընթերցել ինծի համար իմ այդ սիրելի երկու գիրքերը: Ահաւասիկ, այսպէս ճանապարհորդ մը դարձայ գիրքերու աշխարհին մէջ: Մինչեւ այսօր իմ ամենասիրելի հանգրուանը կը շարունակէ մնալ գիրքի մը գիրկը, ուր ես կը հանգչիմ, կը ճախրեմ, կը մխրճուիմ եւ ամենակարեւորը՝ ձեռք կը բերեմ նորանոր գիտելիքներ ու կը յղկեմ իմ հայերէն խօսքը:
Աւա՜ղ, մեծիկներու աշխարհի մէջ գեղարուեստական գրականութեան ընթերցանութեան համար ժամանակ տակաւին չեմ կրնար գտնել, քանզի իմ պզտիկները օրուայ ընթացքին կը սպառեն իմ ամբողջ եռանդն ու ժամանակը: Այժմ միակ գիրքը, որ կ՚ընթերցեմ՝ Աստուածաշունչն է:
Վերադառնանք վաղնջական ժամանակներ:
Որպէս մանուկ ես երազկոտ էի ու կը սիրէի ճախրել իմ կերտած մոլորակի մէջ, ուր գլխաւոր հերոսները իմ ընտանիքի պարագաներն էին ու իմ ազգականները: Միշտ զգացած եմ ուշադրութեան, հոգատարութեան ու քնքշանքի կարիք՝ հոգեւոր: Այս բոլորի կողքին անհրաժեշտ էր ինծի նկատմամբ խիստ վարուիլ: Լիցքաթափութիւնը ինծի միշտ վնասած էր: Զինուորականի պէս միշտ զգօն պիտի ըլլայի, որպէսզի չթուլանամ, չսայթաքիմ: Աւա՜ղ, այդպիսիները չկային ո՛չ ընտանիքիս, ո՛չ ալ ուսուցչուհիներուս մէջ: Այդ ալ պատճառ հանդիսացաւ ուսմանս իմ մատներու արանքէն նայելու համար:
Երբեք դպրոցի մէջ լաւ չսորվեցայ: Երբեք գերազանք յառաջադիմութիւն չունեցայ, թէեւ փափաքս մեծ էր: Գերազանցիկ ըլլալու համար ինծի անհրաժեշտ էր սատարող մը, որ խստութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւէր իմ դասապատրաստումներուն: Իսկ ես ազատ էի: Մայրս, տատիկս օրուայ հոլովոյթին քանի մը անգամ կը յորդորէին զիս՝ դաս սորվիլ եւ վերջ: Ես ալ ամէն անգամ կը վարուէի այնպէս, ինչպէս իմ սիրտը կը կամենար:
Սակայն գիտեմ, որ կրնայի գերազանց սորվիլ՝ Աստուած զիս օժտած է համապատասխան ունակութիւններով, բայց ծուլութիւնը կը խանգարէր, իսկ մշտապէս հետեւող մը չունէի: Այո, դպրոցի մէջ լաւ չեմ սորված, սակայն ընթերցած եմ անթիւ ու անհամար գիրքեր, հայոց պատմութիւնը՝ ծայրէ ծայր: Դաս չէի սորվեր, բայց ամէն օր գիրք կը կարդայի:
Դպրոցի մէջ իմ բոլոր շարադրութիւնները միշտ գրած են տատիկս ու մեր ազգականները: Օր մը նախադասութիւն մը անգամ չկրցայ շարադրել: Երբեք չէի պատկերացներ, որ ես կրնամ գրել: Պիտի նստիմ ու ստեղծագործեմ, շարադրեմ: Բայց երբ Աստուած պարոն Արայի միջոցաւ խօսեցաւ ինծի հետ.
-Կ՚ուզեմ, որ մեր օրարթերթի մէջ շաբաթը քանի մը անգամ գրես:
-Բայց ես շարադրութիւն մը անգամ չեմ գրած:
-Դուն կրնաս, ես գիտեմ: Փորձէ՛, պիտի ստացուի:
Եթէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը վստահ է, թէ ես կրնամ գրել, ես ո՞վ եմ, որ կասկածի տակ դնեմ անոր վստահութիւնը կամ յուսախաբ ընեմ զինք: Այսպէս սկսայ գրելու, ներողութիւն՝ խծբծելու: Իմ քայլերը գրելու ասպարէզին մէջ ես կը գնահատեմ այսպէս.
Ի՞նչ կլինի ասա՛, գրիչ,
Ինձ էլ սիրես գոնէ մի քիչ:
Ինչո՞ւ իմ մեծ քրոջ ձեռքին
Գրում ես վարժ ու կարգին.
Իսկ իմ ձեռքին խազմըզում ես
Սեւ ագռաւի ճանկերի պէս:
Ես քեզ վատ բան ի՞նչ եմ արել:
Ե՛կ, խնդրում եմ՝ ինձ համար էլ
Գրիր էնպէս արագ-արագ,
Էնպէս ուղիղ, սիրուն, բարակ:
Գրիչը լուռ լսում, լսում,
Ճըռճըռում է ու խազմըզում,
Բայց այս անգամ արդէն կարծես,
Փոքրիկ ծտի ճանկերի պէս:
Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի այս գեղեցիկ բանաստեղծութիւնը սորված էի առաջին դասարանի մէջ եւ մինչեւ հիմա կը յիշեմ: Ու ամէն անգամ, երբ կը սկսիմ գրութիւն մը գրելու՝ կը յիշեմ զայն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի...
Երեւան