ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԳՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

Գողութեան հազարաւոր դէպքերէն՝ պատահած վերջերս Ամերիկայի տարածքին, երկուքը ակնառու ըլլալով՝ գէթ իմ հայեցողութեամբս, կ՚ուզեմ ներկայացնել ընթերցողներու ուշադրութեան։

Անոնցմէ մին պատահած է Շիքակոյի մէջ, իսկ միսը՝ Օհայօ նահանգի Էքրըն քաղաքին մէջ։

Շիքակոյի գողութիւնը տեղի կ՚ունենայ քաղաքի շոգեկառքի կեդրոնական կայարանին մէջ։ Ապրանքատար շոգեկառք մը՝ իր մի քանի տասնեակ վակոններով, կը սպասէ, որ ճամբայ ելլէ։

Յանկարծ գողերու խուժան մը կը բարձրանայ վակոններէն մէկուն մէջ (տես նկարը) եւ կը սկսի կողոպուտի բարձրորակ գործողութիւնը…

Արդեօք վակոնին դուռը բա՞ց մնացած էր, թէ ան ալ խորտակեցին՝ որպէսզի կողոպուտը սահուն ընթանայ։ Իսկ այդ հսկայ կայարանին մէջ՝ պահակ կամ հսկող ոստիկան չկա՞ր, որ գողերը ազատ-համարձակ կողոպուտի իրենց գործը կրցան շարունակել։

Ասոնք հարցեր են, որոնք լուծումի կը կարօտին, որպէսզի նման  կողոպուտներ չշարունակուին ապագային։ Հասկցողին՝ շատ բարեւներ ու վերջ։

Հիմա գալով Օհայոյի մէջ եղած կողոպուտին, պէտք է ըսել, որ հազուագիւտ է այդ դէպքը եւ մեծ զարմանք պատճառող։ Այժմ թոյլ տուէք, որ բացատրեմ եւ դուք եղէք արդար վճիռը արձակողը։

Ուրեմն վերոյիշեալ նահանգի Էքրըն քաղաքի Middlebury Run զբօսայգիին մէջէն անցնող Cuyahoga գետին վրայ կար կամուրջ մը (տես նկարը), որ կը գործածուէր մարդոց երթեւեկին համար։  Այդ կամուրջը տեղահանուելով զետեղուած էր մօտակայ դաշտի մը վրայ, սպասելով իր նոր վայրի գործածութեան։

Բայց երբ պատկան իշխանութիւնները կու գան կամուրջը տեղափոխելու, չեն գտներ 58 ոտք (18 մեթր) երկաթեայ կամուրջը։ Ենթադրութիւն՝ 40 հազար տոլար արժող այդ կամուրջը գողցուած էր…

Հիմա ոստիկանութիւնը գործի անցած է՝ գողը կամ գողերը փնտռելու եւ գտնելու դժուարին պարտականութեան։ Կարելի՞ բան է, որ կամուրջ մը ամբողջ գողցուի եւ հետքն անգամ չգտնուի, բայց հոս Ամերիկա է եւ ամէն բան կարելի է, ըստ երեւոյթի ու վերջ։

ՀԱՅՐ ՈՒ ԶԱՒԿԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ…

Ընդհանրապէս հայրերն ու զաւակները մօտիկ կ՚ըլլան իրարու եւ այդ մօտիկութիւնը կը յայտնաբերուի մի քանի երեւոյթներով։ Անոնք կրնան միասին ձեռնարկել ճամբորդութիւններ եւ կամ զաւակը կ՚աշխատի հօրը հետ եւ ի վերջոյ կը  ժառանգէ անոր ասպարէզը եւ այլն։

Հիմա խօսինք օրինակներով։ Ես եւ մանչ զաւակս՝ Լեւոնը յաճախ միասին ճամբորդած ենք. մէյ մը Մեքսիքօ, մէյ մը Սպանիա եւ մէյ մըն ալ Յորդանան ու անկէ ալ՝ ծննդավայրս Երուսաղէմ։ Շատ հաճելի անցած են այդ ճամբորդութիւնները եւ քաղցր յիշատակներով վերադարձած ենք տուն։

Մեծն Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ կը գործէ՝ մօտաւորապէս քառասուն տարիէ ի վեր,  երեք սերունդէ բաղկացած (տես նկարը) իրաւաբանական գրասենեակ մը. Լերի Հ. Փարքըր, անոր զաւակը Ճասթին եւ թոռնիկը։

Վերոյիշեալ երեւոյթները ընդհանրացած են եւ յաճախ հասած յաջողութեան, որովհետեւ նոյն ընտանիքի անդամները ըլլալով՝ շահած են իրարու վստահութիւնը։

Ասոնց կողքին դժբախտաբար կան նաեւ հայր եւ զաւակ համագործութեան ժխտական երեւոյթներ, որոնք տխուր պատկեր մը կը ներկայացնեն՝ այդ ընտանիքի կառոյցին մասին։ Հետեւեալը՝ այդ տխրահռչակ դէպքերէն մին է, որ ընտանեկան դաստիարակութիւնը հարցականի տակ կ՚առնէ։

Դէպքը պատահած է Թեքսաս նահանգի Կարլընտ քաղաքին մէջ։ Ոճրագործը՝ 14-ամեայ պատանի մըն է, որ մուտք գործելով ինքնաշարժի վառելանիւթ ծախող կայան մը,  քսան փամփուշտ կրակելով սպաննած է երեք անմեղ պատանիներ՝ 14, 15 եւ 17 տարեկան։

Իսկ ոճրագործին մեղսակիցն է հայրը (տես նկարը), որ դուրսը ինքնաշարժին մէջ՝ իրեն կը սպասէ, որ միասին փախչին… Բարեբախտաբար, ոստիկանները կը ձերբակալեն ոճրագործ պատանին ու իր դաւադիր հայրը ու զանոնք կը յանձնեն արդարադատութեան։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022