ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԹ.

«Եւ Իրեն հետ՝ երկու հոգի եւս երկու կողմերէն [մէկը այս կողմէն, մէկը միւս կողմէն] իսկ Յիսուս անոնց մէջտեղ» (Յհ 19.18):

Անոնք չարագործներուն հետ կ՚ուզէին սպաննել [զԻնք], որպէսզի իրենք անպարտ երեւին, սակայն տնօրինութիւնը այսպէս պատշաճեցուց, որպէսզի մարգարէութիւնը կատարէր, թէ անօրէններուն հետ պիտի սեպուի (հմմտ. Ես 13.12): Բայց թէ ի՞նչ էին աւազակները, հրեա՞յ, թէ՞ հեթանոս: Կ՚ըսեն, թէ ան, որ հաւատաց, նախապէս հեթանոս էր, եւ յետոյ Օրէնքի տակ մտած էր, իսկ ձախ կողմինը, որ չհաւատաց, բուն հրեայ էր: Իսկ թէ ի՞նչ են անոնց անուն[ները]. հաւատացողինը՝ Դեմնոս, իսկ անհաւատինը՝ Կեստոս: Իսկ ան, որ ապտակեց՝ Մաղքոս, որուն ականջը կտրեց Պետրոս, իսկ ով որ թքեց Տիրոջ վրայ՝ Ոչքոր, եւ ան, որ լեղին խմցուց՝ Ռագոս, իսկ ով որ կողը խոցեց՝ Ղունկիանոս հարիւրապետ կ՚ըսեն, ասիկա միականի էր, Կենարարին կողը խոցեց եւ տէգը սրբեց ու աչքին հասցուց՝ եւ անմիջապէս լուսաւորուեցաւ [բացուեցան աչքերը] որ հաւատաց: Բայց խոցողը ասիկա չէ, այլ՝ այս գործը անարգ ծառաներուն է, հետեւաբար ուրիշ մէկն էր:

Գիտելի է, որ Մատթէոսը Յուդային մասին կը պատմէ, թէ զղջաց, արծաթը վերադարձուց եւ ապա կախուեցաւ: Արդ, այդ զղջումը ընդունելի՞ է:

Կ՚ըսենք, թէ զղջումը երեք կերպով կը հասկցուի. նախ՝ զղջումը մեղքերուն եւ աստուածային բարութիւններուն համար տրտմութիւն է, ըստ որում մարդ չարէն կը դառնայ եւ կը յօժարի [իր գործած] մեղքերուն համար պատիժ կրել: Իսկ այսպիսի զղջում չկար Յուդայի մէջ:

Երկրորդ. կ՚ըսուի թէ զղջումը դառնութիւն եւ տրտմութիւն կ՚ըլլայ մեղքերու մեծութենէն գարշելով, ըստ որում մարդ կը յուսահատի, եւ այսպիսի զղջում կար Յուդայի մօտ կրկին պատճառով. առաջին՝ մասնաւորապէս եղաւ խղճմտանքի կայծէն, որ ամբողջութեամբ չէր շիջած Յուդային մէջ: Երկրորդ. մասնաւորապէս բանսարկուին ներգործութեամբ եղաւ, որովհետեւ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ՝ «սատանան թոյլ չի տար անոնց, որոնց կը փորձէ՝ տեսնել չարը նախքան չարին կատարուիլը, հետեւաբար սատանան Յուդային թոյլ տուաւ, որ իրեն դառնայ եւ իր մեղքրուն մեծութիւնը ճանչնայ եւ յուսահատի»:

Դարձեալ՝ կ՚ըլլայ, թէ Աստուած կամեցաւ շնորհ մը ընել Իր մատնիչին, այդ պատճառով անոր զղջալու պատճառ մը տուաւ, իսկ ան ինքն իրմէ անյուսութեան մէջ ինկաւ: Երեք կերպով կ՚ըսուի, թէ զղջումը տրտմութիւն կ՚ըլլայ՝ իմանալու համար մեղքերուն պատիժը միայն, այսպիսի զղջում կայ դատապարտեալներուն մէջ, ինչպէս Իմաստութեան գիրքին մէջ գրուած է. «Իրենց միտքին մէջ պիտի զղջան, եւ հոգիի նեղութենէն պիտի հառաչեն» (տե՛ս Իմստ 5.3), իսկ Յուդան զղջումներու այս երկու տեսակները ունէր, սակայն անյոյս եղաւ եւ առաջինը չունէր, այդ պատճառով անոր ղզջումը ընդունելի չեղաւ: Իսկ Յուդան զղջալով արծաթը նետեց, [մտածելով] թերեւս չեն սպաններ՝ գիտնալով վնասին մեծութիւնը: Իսկ անոնք արծաթը առնելով ետ չկանգնեցան [իրենց մտադրութենէն], այլ՝ այդ արծաթով գնեցին բրուտին ագարակը: Արդ, բացատրելու համար խորհրդաբար գիտելի է, թէ Աստուծոյ նախախնամութեամբ եղաւ, քանի որ բրուտէ գնուած եղաւ ագարակը՝ օտարներուն [որպէս] գերեզման [ծառայելու]՝ Քրիստոսի արեան գինով [գնուած]: Բրուտը կը խորհրդանշէ զԱստուած՝ բոլորին Հայրը կերպարանող, եւ Անկէ գնուեցաւ երկնային ագարակը Քրիստոսի չարչարանքներու գինով, որովհետեւ այնտեղ Քրիստոսի հետ պիտի մեռնին անոնք, որոնք նախապէս Աստուծոյ կտակէն օտար էին, այսինքն՝ հեթանոսներն ու բոլոր մեղաւորները:

Եւ քանի որ Յովհաննէս աւազակներուն խօսակցութիւնը չի՛ յիշեր, տեսնենք, թէ բարի աւազակը ուրկէ՞ կը ճանչնար Քրիստոսը: Կ՚ըսենք, թէ երեք կերպով կը ճանչնար.

Նախ՝ հասարակութեան համբաւէն կը ճանչնար, որ Հրէաստանի բոլոր ժողովուրդին մէջ տարածուած էր՝ Քրիստոսի սքանչելիքներուն եւ վարդապետութեան մասին:

Երկրորդ. կրնար Քրիստոսի վարքի համեստութենէն ճանչնալ, որ Անոր մէջ կ՚երեւար՝ անմեղութիւն, ժուժկալութիւն եւ հաստատամտութիւն:

Երրորդ. ճանչցաւ եզական շնորհներու զարմանալի ազդումէն, որ իր սիրտը յանկարծակի փոխեց իմանալու, թէ Ան է Աստուած եւ Տէր, այդ պատճառով իր խօսքը Քրիստոսին ուղղեց, ըսելով. «Յիշէ՛ զիս, Տէ՛ր, երբ արքայութեամբդ գաս» (տե՛ս Ղկ 23.42):

Սուրբ աւազակին կատարելիութիւնը գիտելի է, քանի որ անոր յանկարծակի հաւատք, յոյս եւ սէր տրուեցաւ. առաջին՝ յայտնի է անոր հաւատքը, որովհետեւ խաչը եւ մահուան մօտեցածին Տէր եւ Թագաւոր կարդաց [դիմեց]: Երկրորդ. անով, որ չհանդուրժեց ընկերոջ թշնամանքին: Իսկ անոր յոյսը անով յայտնի է, քանի որ ոչ միայն թողութիւն կը խնդրէր, այլ՝ Իր Աստուածութեան փառքին մէջ յիշել: Իսկ անոր սէրը անով կ՚երեւի, որովհետեւ ուրիշ բան չխնդրեց, բացի Քրիստոսի թագաւորութենէն:

Եւ իմացի՛ր, թէ այս աւազակը բոլոր մարդոցմէ աւելի երեք շնորհքներ ստացաւ. նախ՝ որովհետեւ միայն Ա՛ն ընտրուեցաւ խաչակից եւ մահակից ըլլալու Քրիստոսի, եւ եթէ ըսես՝ թէ միւս աւազակն ալ Տիրոջ հետ էր, իսկ ան՝ անհաւատ էր, օրինակի համար, Յուդան ալ առաքեալ էր եւ Քրիստոսի մօտիկ էր, սակայն՝ կորսուեցաւ [կորուստի մատնուեցաւ], քանի որ ուրացաւ եւ ոչինչ օգուտ ունէր Քրիստոսին մօտիկ ըլլալը, այդպէս ալ մեր պարագային՝ պէտք է բարի գործերով մօտիկ ըլլալ Քրիստոսի, քան պիղծ մարմինով եւ վարքով: Երկրորդ. շնորհներ ընդունեց, որովհետեւ ա՛ն միայն խաչելութեան ժամանակ քարոզող, վկայ եւ դաւանող եղաւ: Երրորդ. եղական շնորհը փառքի պարգեւներու խոստումը, որ ըսաւ. «Այսօր Ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ 23.43): Այստեղ դրախտը ուրիշ բան պէտք չէ հասկցուի, քան՝ Աստուծոյ տեսութիւնը, որ մօտ էր իրեն՝ այդ նոյն օրը:         

«Պիղատոս խաչին վրայ ցուցատախտակ մը գրեց» (տե՛ս Յհ 19.19):

Ոմանք կ՚ըսեն, թէ հրեաները աղաչեցին անոր, որպէսզի գրէ, իսկ ոմանք ալ կ՚ըսեն, թէ՝ ոչ: Հռոմայեցիներուն մօտ սովորութիւն էր, որ երբ մահապարտը կը [դատապարտէին], յանցանքը որ գործած էր, անոր գլուխին վրայ կը գրէին, որպէսզի բոլորը գիտնան, թէ այս գործին համար պատժուած է. սակայն, թէ ինչպէ՛ս գրեց եւ խաչին վրայ ամրացուց, կ՚ըսեն, թէ մագաղաթի մը վրայ գրեց եւ սոսինձով տախտակի մը վրայ ամրացուց եւ զայն խաչին վրայ՝ [Անոր] գլխուն վրայ գամեց: Եւ կ՚ըսեն, թէ նախապէս խաչը ինչպէս գաւազան մը երեք ցօղուն ունէր եւ երբ այս տախտակը գլուխին վրայ գամեցին, քառանկիւն դարձաւ, բայց ճշմարիտը այս է, որ սկզիբէն քառանկիւն էր:

Արդ, ոմանք խաչին մասին կ՚ըսեն, թէ չորս տեսակի փայտ էր, բունը, որ պատուանդանն էր, որուն վրայ ամրացուցին խաչը, կիպարի էր, որ անուշահոտ է, իսկ բունը որ ուղղակի երկար էր՝ նոճի էր, որ բարձրագոյնն է, խաչին խոտորնակ թեւերը՝ արմաւենի էին, որ քաղցրաբեր է: Տախտակը, որու վրայ Պիղատոս գրեց, ձիթենի էր, որ պարարտ է: Եւ այս չորս տեսակի փայտերը ըստ խորհուրդի կը մեկնուին, որովհետեւ կիպարին կը նշանակէ հռչակուած բարեգործութիւնը, քանի որ անուշահոտ է, եւ դարձեալ՝ կը ցուցնէ, թէ Անոր սկիզբէ Աստուածութենէն էր, որ հիմա որպէս մարդ կը խաչուի: Իսկ նոճին կը նշանակէ՝ բարձրագոյն միտքերու տեսութիւնը, որ հաւատքի վրայ հաստատուած կ՚ըլլայ, քանի որ բարձր է: Իսկ արմաւենին կը նշանակէ քաղցր արդարութեան պտղաբերութիւնը, որովհետեւ քաղցր է. իսկ ձիթենին՝ պարարտ ողորմութիւնը: Այսպէս ալ խաչը չորս թեւեր ունի, որ խորհրդաբար չոր բան կը նշանակէ. վերի մասը՝ խաչին գլուխը, կը նշանակէր զԻնք արարիչ երկինքի եւ երկնայիններուն եւ արքայութեան բացումը, իսկ ներքին մասը՝ երկրի եւ երկրայիններուն, ու դժոխքին աւերումը: Աջ թեւը կը ցուցնէր Անոր սէրը մեր վրայ սփռուած եւ փառքի պարգեւները: Իսկ ձախը՝ յանցանքներու թողութիւնը եւ շնորհաց պարգեւները, եւ կամ աջը՝ հաւատացեալներուն օգնութեան հասած, իսկ ձախը՝ դեւերուն հարուածումը, որոնք ձախէն են:

Իսկ ձիթենի տախտակը Սուրբ Հոգիի իմաստներուն լուսաւորութիւնը դէպի մեր բնութիւնը: Անոր վրայ չորս բան գրուած էր. նախ՝ անունը, թէ՝ Յիսուս: Երկրորդ. Անոր գաւառը, թէ՝ Նազովրեցի: Երրորդ. իշխանութեան անունը՝ Թագաւոր: Չորրորդ. որ կը մեղադրէին զԻնք, թէ կ՚ըսէր՝ հրեաներուն թագաւոր եմ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 146

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022