ՍՈՒՐԲ ԹԷՈՓԻԼՈՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ԸՍԱԾԸ ՔԱՌԱՍՆՈՐԴԱՑ ՊԱՀՔԻ ՄԻՋԻՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Քառասնորդաց պահքին ծովը ահաւասիկ ընդմիջեցինք, ուր թեթեւ նաւով մտանք ծով: Պահքի այս ծովը կրնայ ցամքեցնել մեղքերուն ծովը: Ծով, որ առանց արբեցութեան հիւթի կայացաւ, արդարութեան տունկ բազմաթիւ ոստերով, որ զանազան պտուղներ կը բխէ՝ կերակրուողներուն անմահ կեանք պարգեւելով: Ծով, որ ոչ ըստ սովորութեան զեխութեամբ կը փտեցնէ պտղաբերութեան արմատները, այլ՝ իբրեւ պարարտ կերակուր սնուցանելով ատոք կը պահէ: Ծով կը կոչուի եւ տունկերը կը սնուցանէ, որ ասոր մէջ ինկած են առանց ջուրի: Ծով, որ առանց ջուրի կը պարարտացնէ ցորենին հասկերը եւ [մէկի փոխարէն] հարիւր բխել կու տայ Տիրոջ շտեմարաններուն մէջ: Ծով, որ ոչ թէ անբան ձուկեր ունի, զորս ձկնորսերուն ձեռքը կու տայ, այլ՝ ծով է, որ արդարութենէն անբանները բանաւոր կը դարձնէ եւ երաշտաբնակները իր մօտ կը հաւաքէ, ծարաւէն հիւանդացածները կ՚առողջացնէ եւ ասոր մէջ բնակողները ծարաւ կը պահէ հացկերոյթներու արբեցութենէն: Ծով, որ ո՛չ թէ իր մէջ մտնողները կը խեղթէ, այլ՝ առաւել եւս կը զօրացնէ, եւ ատկէ ելլողը կը մեռնի, որովհետեւ բոլոր ցամաքասնունդ կենդանիները ծով նետուելով կը սատկին ու կ՚ապականին, իսկ ջրային կենդանիները ցամաք ելլելով կը սատկին. մինչ մեր այս ծովը մտնելով, ան որ մեղքերով ապականուած է՝ կը նորոգուի, եւ ծովուն մէջ բռնելով մեզ, ծարաւ կը մնանաք ախտերու զեխութենէն:

Հետեւաբար, եկէք այսուհետեւ պահքի այս ծովը, որ միջածովեցինք այսօր մեղքերու ծովին վրայ, որովհետեւ շատ լաւ գիտենք, որ պահեցողութեան այս ծովը կրնայ ցամքեցնել չար մեղքերու ծովը, իսկ բանաւոր ձուկերը, որ ասոր մէջ կը շրջին, ցամաքին մէջ կ՚ապրեցնէ: Ո՛չ թէ միայն առանց վնասի կ՚ապրեցնէ, այլ՝ երկինք կը վերցնէ: Տակաւին, պահքի այս ծովին մէջ նաւորդողները նաւաբեկ չ՚ըներ, այլ՝ մրրիկներուն մէջէն որպէս սպիտակացած նաւահանգիստի մէջ կը պահէ: Ասոր Նաւապետը երկինքէն վեր է, ուր ծովուն ալիքները չեն կրնար բարձրանալ եւ նաւեր ընկղմեցնողները չե՛ն կրնար հասնիլ: Եթէ նաւորդողներս նաւակին սիւնը հաւատքով հաստատենք եւ առագաստը՝ առաքինութեան գործերով տարածենք, այն ատեն կրնանք նաւարկել քաղցրաշունչ հովով՝ որ Սուրբ Հոգիէն փչուած է այս ծովուն մէջ, ուր այսօր միջածովեցանք հասնելու կատարեալ նաւահանգիստը, ուր Նաւապետը նստած պիտի տեսնենք, որ իր մարմինէն կը կերակրէ բոլորը եւ իր անարատ արիւնէն կը խմցնէ բոլորը, որոնք արժանապէս մօտեցած են Անոր եւ Սուրբ Սեղանին առջեւ, որոնք կ՚արժանանան ճաշակել անկէ այս ծովուն մէջ նաւարկութեամբ, եւ որոնք այն ատեն արժանի պիտի ըլլան, ինչպէս որ իւրաքանչիւրը գիտէ իր միտքի խիղճով:

Արդ, շատ լաւ նաւեցինք եւ հասանք այս ծովին մէջտեղը ու առանց վնասի մնացինք: Նաւապետը ուրախացաւ ուղիղ նաւագնացներուս համար, որովհետեւ մեր նաւերը չծանրացան ախտերու շատակերութենէն եւ ոչ ալ ալեկոծ մարտով ջախջախուեցան մեր նաւերուն տախտակները զեխութիւններու սրտաբեկութենէն, այլ՝ բարեպաշտութեան առագաստը տարածելով, պարկեշտ կերակուրով միջածովեցանք պահքի հոգեկեցոյց ծովուն մէջ: Այսուհետեւ ջանացէք, որպէսզի այսպիսի թեթեւ նաւերով նաւենք եւ բարիով աւարտենք մեր նաւարկութիւնը:

Շատակերութեան լիութիւնը թող չծանրացնէ՛ մեր նաւերը եւ թուլցնէ մեր ալեկոծ տախտակները իբրեւ որդնահարս՝ արբեցութիւն, եւ մի՛ աճեցնէք ալիքներուն դէզերը՝ շոգմոգութիւն, մատնութեան մրրիկը թող չդրդուէ մեր նաւերը, ընկղմիչ ձմեռը թող չզարթնեցնեն՝ պոռնկութիւնը եւ շնութիւնը, վեր մի՛ հանէք նաւաբեկութեան հովերը՝ գողութեան եւ զրկանքներու, նախանձի եւ բամբասանքներու, երդումի եւ անէծքներու ախտերը: Երբ այս ամէնը կատարենք, առաւել եւս ջանանք, որպէսզի չըլլայ թէ ոխակալութեամբ զարնուի մեր պահքի նաւը: Ինչ որ անհնարին է ապրիլ առանց նաւավարութեան արհեստական հնարներով, այլ՝ այն ջանքով, որ մինչեւ այստեղ յաջողութեամբ նաւեցինք եւ առանց այդ նաւաբեկութեան, ասկէ ետք ալ նաւենք:

Արդ, չըլլայ թէ մեր կամքով մեր վրայ ալեկոծութեան մրրիկը հանենք եւ խեղդուինք: Այլ՝ ինչպէս որ մինչեւ այստեղ յաջողութեամբ նաւեցինք, նոյնպէս այստեղէն մինչեւ կատարեալ նաւահանգիստը, իսկ այնտեղ հասնելով համարձակութեամբ  չարձակուինք սոված գազաններու նման լէշերու վրայ, [ինչպէս նաեւ] շնութեան, արբեցութեան եւ դիւական երգերու, ու դադրինք եկեղեցիէն, աղօթքներէն եւ սաղմոսներէն, ողորմութիւն չկատարենք, այլ՝ զրկանք եւ յափշտակութիւն յորդորենք, եղբայրներու սէրը ձգենք եւ ոխակալութեամբ զբաղուինք, դանդաղինք բոլոր առաքինութիւններէն եւ ամէն տեսակի չարիքներ գործենք: Ով որ այդպէս որոշած է գործել, ապա ի՞նչ կ՚օգտուի այս պահեցողութենէն եւ այսպիսի տագնապէ, որ կը կրէ պահքի այս ծովին մէջ: Այլ՝ այդպիսին կը նմանի ինչպէս օրինակ բարի նաւավարները լաւապէս կը նաւեն մինչեւ նաւահանգիստին եզերքը եւ այնտեղ չե՛ն զգուշանար, այլ՝ համարձակութեամբ ընթանալով իրենց նաւը ժայռին կը զարնուի եւ կ՚ընկղմի, որով ոչինչով օգտուեցան առանց վնասի անցնելով ամբողջ ծովի ալիքներու ալեկոծութեան եւ մրրիկներուն մէջէն, որովհետեւ նաւավարները ոչ թէ ծովու ալիքներուն մէջ պէտք էր զգուշանային, այլ՝ ծովուն եզերքի վէմերէն եւ քարերէն: Նոյնպէս եւ մենք պէտք չէ միայն պահքի ժամանակ զգուշանանք մեղքերէն եւ առաքինութիւն գործենք, այլ՝ միշտ, որովհետեւ պահքը միայն կերակուրներուն համար չէ սահմանուած, այլ՝ ամէն տեսակի մեղքերու ախտերէ, որովհետեւ եթէ կերակուրը վնաս էր, սակայն կը բողոքէր պահելու միշտ, կը լսենք շնութեան, սպանութեան, գողութեան եւ այլ յանցանքներու համար: Սակայն Գիրքը այդպէս չըսաւ եւ ոչ ալ երբեք լսեցինք:

Այս պատճառով, երբ հասնինք այն մեծագոյն օրին, երբ «Քրիստոս՝ մեր Զատիկին Գառնուկը մորթուեցաւ» (Ա. Կր 5.7), պիտի չկարենանք ըսել, թէ միս մի՛ ուտէք եւ գինի մի՛ խմէք, այլ՝ երանելին Պօղոս միայն գինովնալը կ՚արգիլէ: Իսկ շնալը, պոռնկանալը, գինովնալը, գողնալը, ոխակալութիւնը, նախանձը, հակառակութիւնը, բամբասելը, սպաննելը, միշտ կ՚ըսէ ու կը պատուիրէ եւ վարձատրութիւնն ալ կը նշէ ու կ՚ըսէ, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը չե՛ն ժառանգեր:

Իսկ սատանան որովհետեւ միշտ սովոր է մարդոց հետ մաքառիլ, ձեր պահքի ծովէն ելլելով մեղքերու մէջ կ՚իյնաք: Դարձեալ զղջալով ապաշխարեցէք: Լսեցէ՛ք Պօղոսին պատուիրանը. միթէ՞ ինկածը ամբողջ ժամանակը կրկին պիտի չկանգնի: Ով որ մեղքերու մէջ կ՚իյնայ, յիշելով այս թող ջանայ ապաշխարել, եւ իր վախճանին ապաշխարութեան վիճակին մէջ գտնուի եւ ապրի: Որովհետեւ, ինչպէս որ Գիրքը մեր մահկանացու մարմինին համար չի՛ հրամայեր միշտ պահք պահել, այլ՝ ուտել, որպէսզի մեր մարմինները չնուաղին ու չապականին եւ անդամները չլուծուին: Նոյնպէս եւ մեր անմահ հոգիներուն համար, որպէսզի չպղծուի եւ չապականուի, աստուածային Գիրքը կը հրամայէ չշնալ, չսպաննել, չգողնալ եւ ոչ ալ այլ յանցանքներ գործել: Որովհետեւ, ինչպէս ուտելը մարմինը կը հաստատէ, այդպէս ալ այդ բոլոր բաները չընելը հոգին կը հաստատէ: Իսկ եթէ անցաւոր մեր մարմինին համար ամէն տեսակի ջանք կը թափենք եւ ստուգապէս գիտենք, թէ այսօր կանք եւ վաղը կ՚անցնինք կ՚երթանք, որքան աւելի պէտք է՝ մեր անմահ հոգիներուն համար ջանք թափել՝ հեռու մնալու համար մեղքերու ախտերէն:

Արդ, ի՞նչ է այս ապիրատութիւնը, որովհետեւ անցաւոր մարմինին  համար այդքան խնամակալ կ՚ըլլանք միչեւ իսկ մէկ վէրքի չներելով, իսկ մեր հոգիները բիւրապատիկ վիրաւորուած կը տեսնենք սատանային նետերէն, սակայն հոգ չենք ըներ: Իսկ մեր վիրաւորուած անդամները, նոյնիսկ եթէ առողջանան, սակայն ետքէն պիտի ապականուին: Իսկ եթէ մեր հոգիներուն վէրքերը առողջացնենք, հաւատքը չի՛ մեռնիր, սակայն մեր մարմիններուն հաւասարութեամբ խնամակալ չենք ըլլար մեր հոգիներուն: Ի՞նչ հաւասար ըսի, սակայն ոչ իսկ հինգերորդ մասը, այսինքն՝ հինգէն մէկը, որովհետեւ շատերու մօտ կը տեսնենք ձիեր, չորիներ, ոչխարներ եւ երամակներ, բազմաթիւ անասուններ մեծ գիներով, ոսկի եւ արծաթ, եւ ամէն ինչ որ մարմինին համար է: Իսկ եթէ այդպիսիին ըսես. աղքատներուն քիչ մը տուր: Ան բազմաթիւ պատճառներ կը հանէ ու կ՚ըսէ. կին ունիմ, տղաներ եւ աղջիկներ, այդ պատճառով չեմ կրնար ունեցուածքս ծախել եւ աղքատներուն տալ, թերեւս ես մեռնիմ եւ անոնք աղքատ մնան:

Ո՜վ ցուրտ պատճառներուդ, որովհետեւ շատերը մեռած տեսանք, որ բազմաթիւ ունեցուածք ձգած են իրենց տղաներուն եւ աղջիկներուն, իսկ անոնք շուտով կը հասնէին աղքատութեան տառապանքներուն: Իսկ ուրիշներ, որոնք ոչինչ ձգեցին, անոնց որդիները բազմաթիւ փարթամութիւններու հասան: Այդ բանին մասին մի՛ մտածէք, որովհետեւ Աստուած է, որ իւրաքանչիւր մարմին կը կերակրէ: Այդ պատճառով Աստուած քեզի կ՚ըսէ, աղքատներուն տո՛ւր եւ Աստուծոյ արքայութիւնը խնդրէ, եւ մի՛ հոգար ոչ քեզի եւ ոչ ալ որդիներուդ համար, որովհետեւ այդ բոլորը աւելիով պիտի տրուի քեզի: Իսկ եթէ ինչ որ Աստուած քեզի տուած է, դուն աղքատին չե՛ս տար երբ դուռիդ մօտ կու գայ, եւ նախ աղաչանքներու ձայն կ՚արձակէ, եւ կ՚ըսէ. ողորմութիւն տուէք ողորմածներ եւ Աստուած հարիւրապատիկ կու տայ ձեզի եւ երկինքի արքայութիւնը. իսկ դուն չես տար, որովհետեւ կ՚ըսես, չեմ կրնար որդիներս աղքատ ձգել: Ո՜վ անմիտ, ինչու Ան որ քեզի տուաւ որդիներուդ պիտի չտա՞յ, քա՛ւ լիցի: Արդ, դուն պահեցիր քու որդիներուդ համար, իսկ Ան որ քեզի տուաւ, առնէ զայն անոնցմէ, դուն ի՞նչ կ՚ընես: Այո՛, կ՚ըսեմ քեզի, Ան կարող է այն առնել քու որդիներէդ: Կ՚աղաչեմ այդպէս մի՛ մտածեր [չողորմիլ որդիներուն պահելու համար]: Որովհետեւ եթէ առատութեամբ տաս՝ այստեղ հարիւրապատիկ կը ստանաս, իսկ այնտեղ երկինքի արքայութիւնը կը ժառանգես: Արդ, եթէ կը խորհիս կնոջդ ու զաւակներուդ ձգել որեւէ մէկ բան, կ՚ըսեմ քեզի, թէ մի՛ ձգեր. այլ՝ իւրաքանչիւր տարուան ամէն ինչդ բաժնէ եւ քու անձիդ բաժինը աղքատներուն տուր եւ միւս կեանքին մէջ առանց տանջանքներու կը մնաս:

Արդ, ի՞նչ պատասխան կրնաս տալ արարքիդ, եթէ ոչ կռապաշտութեան արմատը, որ ինկած է սիրտիդ մէջ, որով կը ջանաս սուտ պատճառներ տալ պատճառաբանութիւններուդ: Որովհետեւ ուր որ արծաթասիրութիւնը կը բնակի, չարիքներու բազմաթիւ արմատներ կը սնուցանէ, որովհետեւ անկէ կը ծնին ագահութիւնը, յափշտակութիւնը, նախանձը, ատելութիւնը, յանդգնութիւնը, անողորմութիւնը, որովհետեւ արծաթասէրը հարուստը կ՚ատէ, կ՚ատէ նաեւ աղքատը: Հարուստը կ՚ատէ, որովհետեւ անոր ունեցուածքները կը կամենայ, որ իրը ըլլան, իսկ աղքատը կ՚ատէ, որպէսզի ոչի՛նչ տայ անոր:

Արծաթասէրը աւելի լաւ կը համարէ իր անդամներէն մէկը կտրել, քան թէ իր ունեցուածքներէն որեւէ բան ուրիշներու տալ: Արծաթասէրը իր ունեցուածքին գերին է եւ ո՛չ թէ տէրը: Պօղոսը՝ Քրիստոսի բերանն իսկ, կ՚ըսէ. «Ագահութիւնը (արծաթասիրութիւնը), ինչ որ կռապաշտութիւն է» (Կղ 3.5). «Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է» (Ա. Տմ 6.10): Արդ, լսեցի՛ք արծաթասէրներուն պատիւը, լսեցէ՛ք նաեւ ողորմածներուն պարգեւները. «Տէրը կը սիրէ առատաձեռն եւ զուարթասիրտ մարդը», կ՚ըսէ Գիրքը: Դարձեալ կ՚ըսէ. «Մեղքերդ ողորմութեամբ կը քաւես եւ անօրէնութիւններդ՝ տնանկներուն տալով»: Եսային կ՚ըսէ. «Եթէ աղքատներ տեսնես՝ կերակրէ, իսկ յարկ չունեցողները տունդ տար» (տե՛ս Ես 58.7), եւ ապա՝ «այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ» (Ես 58.9): Տակաւին. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան» (Ես 1.18): Քրիստոս կը հրամայէ. «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ 25.34):

Այս բոլոր ողորմածներուն կը վայելէ, իսկ դուն կ՚ըսես, թէ որդիներուս ձգեմ. միթէ՞ որդիներդ կրնան քեզ գեհենի կրակէն փրկել. այո՞, ըսէ՛, ինչպէ՞ս: Լսէ՛, կ՚ըսէ, անոնց շատ ունեցուածքներ կը ձգեմ, իսկ ես երբ մեռնիմ, քահանաներուն, աղքատներուն եւ կարօտեալներուն կու տան, եւ այդպիսով այնտեղ կ՚օգտուիմ: Լաւ ըսիր:

Արդ, եթէ որդիներուդ համար բան չձգեցիր, որպէսզի չաղքատանան, դուն ի՞նչ պատճառով չբաշխեցիր, եթէ ոչ արծաթասիրութեան ախտին պատճառով, որ կապած էր սիրտդ: Այդպիսին, եթէ իր ամբողջ ունեցուածքը՝ որ ձգած է, աղքատներուն եւ կարօտեալներուն տայ, չ՚օգտուիր: Արդ, եթէ մէկը բազմաթիւ ունեցուածքներ ունի եւ թագաւորը միշտ կը խնդրէ անկէ, որպէսզի տայ իրեն, իսկ ան չի՛ տար: Ապա, կը վախճանի այդ մարդը եւ անոր որդիները իր ամբողջ ունեցուածքը թագաւորին կու տան. թագաւորը որո՞ւն կը համարէ երախտիքը, անո՞ր, թէ՞ իր որդիներուն: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ անոր որդիներուն կը համարէ եւ ոչ թէ անոր: Այդպէս ալ անոնց կը համարէ՝ որ որդիները աղքատներուն կու տան, իրենց հայրերուն հանգստեան համար:

Սակայն, ուրիշ բան ունիմ ըսելու հաւատացեալ ննջեցեալներու մխիթարութեան համար պատարագներուն միջոցաւ, որ Աստուծոյ Որդիին մարմինն ու արիւնը պատարագ կը մատուցուի: Արդ, ինք պատարագ կը մատուցէ, ինք կ՚ընդունի աղաչանքները, եւ ինք կ՚ողորմի ննջեցեալներուն: Իսկ մեզի պարտք է՝ մինչ ժամանակն է սերմանելու՝ սերմանել, որպէսզի հնձելու ժամանակ հնձենք: Իսկ, ան որ սերմանելու ժամանակ չէ՛ սերմանած, ինչպէ՞ս կ՚ակնկալէ հնձել, այն ինչ որ չէ սերմանած:

Այստեղ աղքատներուն մէկ տանք եւ այնտեղ Քեզմէ բիւրապատիկ ստանանք:

Այստեղ աղքատները մեր յարկերուն տակ ընդունինք եւ այնտեղ Քրիստոս բռնելով մեր ձեռքէն մեզ երկինքի արքայութիւն մտցնէ:

Այստեղ աղքատները մեր սեղանէն կերակրենք եւ այնտեղ Քրիստոս մեզի երկնային Հացը տայ, որպէսզի յաւիտեան չանօթենանք:

Այստեղ աղքատները մարդոց դիմաց պատուենք, որպէսզի այնտեղ Քրիստոս փառաւորէ եւ պատուէ մեզ հրեշտակներուն դիմաց:

Այստեղ աղքատները մեծ հագուստներով հագցնենք եւ այնտեղ Քրիստոս մեզ անստուեր լոյսով պիտի հագցնէ:

Այստեղ յոգնածները ընդունինք մեր տուներէն ներս եւ այնտեղ Քրիստոս մեզ արդարներուն յարկերէն ներս պիտի ընդունի:

Այստեղ ճանապարհորդները հանգստացնելով՝ այնտեղ Քրիստոս պիտի հանգստացնէ մեզ, ճանապարհորդելով անցաւորէն անանցական բարութիւն: Այստեղ մեր ընկերները սիրենք ամբողջ սիրտով եւ այնտեղ Քրիստոս մեզ պիտի սիրէ իր բազում գթութեամբ:

Այս բոլորը այստեղ այսպէս ընենք եւ այնտեղ տանջանքներէն չվախնա՛նք, այլ՝ Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգենք Անոր սուրբերուն հետ:

ԹԷՈՓԻԼՈՍ (9-րդ դար)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2022