ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵ՞Ր, ԹԷ՞ ԴԵՐԱՍԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ
Ռուսաստան-Ուքրայնա տագնապի առաջին իսկ օրերէն սկսաւ խօսուիլ եւ գրուիլ Ուքրայնայի նախագահին մասին, որ կատակերգակ (ըստ ոմանց՝ խեղկատակ) դերասան մը եղած է: Այս առիթով նոյնպէս հրապարակուեցան անունները յայտնի դերասաններու, որոնք փորձած են քաղաքական ասպարէզի մէջ դերակատար ըլլալ (առիւծի բաժինը անշուշտ՝ Միացեալ Նահանգներուն)՝ թէ ո՞ր ասպարէզին մէջ անոնք աւելի յաջող եղած են, ժամանակը ցոյց տուած է:
*
ՌԱՆԸԼՏ ՌԵԿԸՆ
Անշուշտ, պատմութեան մէջ ամենէն յայտնի դերասանը, որ դարձած է քաղաքական գործիչ, Ռեկընն է: Ան 1981 թուականին Գալիֆորնիոյ նահանգապետի պաշտօնը ստանձնեց, իսկ 1981-1989 ծառայեց որպէս Միացեալ Նահանգներու 40-րդ նախագահ: Նախքան իր քաղաքական ասպարէզը՝ Ռեկըն 7 տարուան պայմանագիր ունէր «Ուորնըր պրատըրզ» սթիւտիոյին հետ, ուր ան կ՚աշխատէր բազմաթիւ շարժապատկերներու վրայ: Ան նոյնպէս եղած է Շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի դերասաններու միութեան նախագահ (1947-1960):
ՃՈՆ ՏԷՅՎԻՍ ԼՈՃ
Կեանք մը՝ երեք արարներով. դերասան, քաղաքագէտ, դիւանագէտ։ Բեմի եւ պաստառի աստղ 1930-1940-ական թուականներուն («Փոքրիկ կիներ», «Կարմիր կայսրուհի») Լոճ նոր համբաւ ունեցաւ, երբ ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ 1947 թուականին: Յետագային, 1951-1955 թուականներուն ան դարձաւ Քոնեքթիքըտի նահանգապետ: Ան նոյնպէս եղած է Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սպանիոյ, Արժանթինի եւ Զուիցերիոյ մէջ յաջորդ երեք տասնամեակներու ընթացքին:
ՃՈՐՃ ՄԸՐՖԻ
Ճորճ Մըրֆի ամերիկացի պարող, դերասան եւ քաղաքական գործիչ էր: Մըրֆի խօսուն շարժապատկերներու առաջին օրերուն եւ յատկապէս 1930-1952 թուականներուն եղած է շատ մեծ պիւտճէ ունեցող շարժապատկերներու երգի ու պարի աստղ: Ան 1951 թուականին արժանացած է պատուոյ Օսքարի: Մըրֆի Գալիֆորնիայէն հանրապետական ծերակուտական ընտրուեցաւ 1964 թուականին եւ միակ ծերակուտականն է, որուն անունով աստղ կայ Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին (Hollywood Walk of Fame) մէջ:
ՀԵԼԷՆ ՏՈՒԿԼԱՍ
Ամերիկացի դերասանուհի եւ քաղաքական գործիչ: Ան յաջող ասպարէզ ունեցած է Պրոտուէյի մէջ՝ որպէս օփերային երգչուհի: Հելէն Տուկլաս գլխաւոր դերը ստանձնած է 1935 թուականին նկարահանուած «Ան» շարժապատկերին մէջ, ուր չարագործի կերպարը ներշնչեց Տիզնիի չար թագուհիին «Ձիւնաթիւրը եւ 7 թզուկներ» ժապաւէնին մէջ (1937): Քաղաքականութեան մէջ ան Գալիֆորնիայէն Քոնկրէսի մէջ ընտրուած երրորդ կինն ու առաջին դեմոկրատ կինն էր, որուն ընտրութիւնը Գալիֆորնիան դարձուց առաջին երկու նահանգներէն մէկը (Իլինոյի հետ), որ երկու կուսակցութիւններէն ալ ընտրեց Ներկայացուցիչներու տան կին անդամներ: 1950 թուականին Գալիֆորնիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութեան ան չյաջողեցաւ՝ պարտուելով հանրապետական Ռիչըրտ Նիքսընէն: Քարոզարշաւը դարձաւ ժամանակակից քաղաքական կծու քննադատութեան եւ ցեխարձակումի խորհրդանիշ, քանի որ անոր թէ՛ հիմնական հակառակորդը՝ Մենչըսթըր Պոտին, թէ՛ Նիքսընը զայն կ՚անուանէին «մինչեւ ներքնազգեստը վարդագոյն»՝ ակնարկելով համայնավարներուն հանդէպ անոր ունեցած համակրանքին: 1920-ականներու Պրոտուէի այս դերասանուհին (եւ 1935 թուականի «Ան» ժապաւէնի աստղը) պատմութիւն կերտեց որպէս առաջին դեմոկրատ կինը, որ ընտրուած է Քոնկրէսի անդամ Գալիֆորնիա նահանգէն: Ան ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ 1945-1951 թուականներուն եւ զօրակցած է կիներու եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն:
ՇԸՐԼԻ ԹԵՄՓԸԼ
Ոչ ոք կրնար գուշակել, որ այս խորհրդանշական մանուկ դերասանուհին օր մը շատ աւելի հեռուն կը հասնի, քան՝ իր տասնեակ մը ընտանեկան շարժապատկերները: 1930-ականներու եւ 40-ականներու մեծ աստղը դերասանութենէն քայլ մը ետ գացած է 1950-ականներուն եւ 1969-ին սկսած է արտաքին դիւանագիտութեան ծառայութեան ասպարէզին ՄԱԿ-ի մէջ: Շըրլի Թեմփըլ Կանայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուեցաւ 1974-ին: Յետագային նշանակուեցաւ արարողակարգի 18-րդ ղեկավար եւ ապա՝ Չեխոսլովաքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:
ՔԼԻՆԹ ԻՍՏՎՈՒՏ
Տասնամեակներ պաստառի առասպել, չորս օսքարներ նուաճած (երկուքը՝ բեմադրութեան համար) Քլինթ Իստվուտ նոյնպէս յարգուած քաղաքական գործիչ է: Ան 1986-ին Քարմելի քաղաքապետ ընտրուեցաւ եւ 2001-ին՝ Գալիֆորնիոյ նահանգային հանրային պարտէզի եւ 2004-ին՝ Գալիֆորնիոյ շարժապատկերի յանձնախումբերու անդամ:
ՖՐԵՏ ԹԱՄՍԸՆ
Երկարամեայ քաղաքական գործիչ եւ դերասան Թամսընի զոյգ ասպարէզներու մէջ գործած է միասնաբար՝ 2002 թուականին, երբ ան խաղացած է շրջանային դատախազ Արթըր Պրանչի դերը «Օրէնք եւ կարգ» ժապաւէնին մէջ, երբ տակաւին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ էր՝ Թենըսիէն: Ան ընդմիջեց դերասանական ասպարէզը 2007 թուականին՝ փորձելով հանրապետականներու կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուիլ, բայց յաջորդ տարի լքեց պայքարը: 2001 թուականին եղած է Ծերակոյտի կառավարական հարցերու յանձնախումբի նախագահ, 1994-2003 թուականներուն՝ ծերակուտական:
ԱՌՆՈԼՏ ՇՈՒԱՐՑԸՆԵԿԸՐ
«Կառավարիչ» անուանուած Շուարցընեկըր զարմացուց իր համակիրները, երբ մէկ կողմ ձգեց իր արկածախնդրական շարժապատկերներու ասպարէզը՝ դառնալով Գալիֆորնիոյ 38-րդ նահանգապետը՝ 2003-2011 թուականներուն: Նախկին պարոն Տիեզերքը (Mr. Universe) սկիզբը ընտրուած էր փոխարինելու Կրէյ Տէյվիսը, երբ վերջինս ետ կանչուեցաւ իր պաշտօնէն: Շուարցընեկըր վերընտրուեցաւ 2006 թուականին:
ՃԵՍ ՎԵՆԹՈՒՐԱ
Ամերիկացի քաղաքական գործիչ, պատերազմի վեթերան, դերասան, պատկերասփիւռի յայտագիրներու հաղորդավար, քաղաքական մեկնաբան, հեղինակ եւ նախկին արհեստավարժ ըմբիշ: Համաշխարհային ըմբշամարտի դաշնակցութեան մէջ (WWF) համբաւ նուաճելէ ետք, ան 1999-2003 թուականներուն եղաւ Մինեսոթայի 38-րդ նահանգապետը:
ՄԵԼԻՍԱ ՃԻԼՊԸՐԹ
«Փոքրիկ տունը մարգագետինին մէջ» (Little House on the Prairie) պատկերասփիւռային շարքի 205 դրուագները կարծես թէ բաւական չէին, եւ այս երկարամեայ դերասանուհին եւ բեմադրիչը 2016 թուականին առաջադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ՝ որպէս դեմոկրատական թեկնածու, Միշիկընի 8-րդ շրջանէն եւ յաղթեց դեմոկրատներու նախնական ընտրութեան մէջ: Աւելի ուշ ան դուրս եկաւ տարիներ առաջ արկածի մը հետեւանքով յառաջացած առողջական խնդիրներու պատճառով:
ԺՈԶԷՖ ԷՍՏՐԱՏԱ
Ֆիլիփինցի դերասան եւ քաղաքական գործիչ, որ որպէս երկրի նախագահ՝ պաշտօնավարած է 1998-2001 թուականներուն, աւելի ուշ՝ 2013-2019 որպէս Մանիլայի կառավարիչ: Կառավարման ճարտարագէտի զաւակ՝ Էստրատան ընդունուեցաւ Մապուայի արհեստագիտական կաճառը՝ իր հօրը հետեւելու մտադրութեամբ, բայց ի վերջոյ ան ձգեց ուսումը՝ շարժապատկերի դերասան դառնալու համար: Ծնողները արգիլեցին իրենց մականունը (Էժերսիթօ) գործածել, եւ ան որդեգրեց Էրափ Էստրատա անունը: Ան գլխաւոր դերեր խաղացած է աւելի քան 100 շարժապատկերներու մէջ՝ սովորաբար մարմնաւորելով խիզախ, պինդ տղամարդը, որ փտած կառոյցներէն կը պաշտպանէ աղքատները: Ան նոյնպէս արտադրած է շուրջ 75 շարժապատկեր:
ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԶԵԼԵՆՍՔԻ
Ուքրայնայի նախագահ, նախկին դերասան եւ կատակերգակ: Զելենսքի նախքան դերասանական ասպարէզ մտնելը՝ ստացած է իրաւաբանական ուսում: Ապա ան դարձաւ կատակերգակ դերասան եւ ստեղծեց «Քվարթալ 95» ընկերութիւնը, որ կ՚արտադրէր շարժապատկերներ, շարժուն գծանկարներ եւ պատկերասփիւռային հաղորդումներ, ներառեալ՝ «Ժողովուրդի ծառան», ուր Զելենսքի կը խաղար Ուքրայնայի նախագահի դերը: 2018 թուականի մարտին ստեղծուցաւ պատկերասփիւռային ներկայացման անունը կրող քաղաքական կուսակցութիւն: Զելենսքի նախագահ ընտրուեցաւ 2019 թուականին: Հայերուն համար ան տխրահռչակ դարձաւ, երբ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին պաշտօնապէս շնորհաւորեց Իլհամ Ալիեւը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ատրպէյճանին:
ՀԱՅԿ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ (ԿԱՐԳԻՆ ՀԱՅԿՕ)
Դերասան, կատակերգակ, բեմադրիչ, յայտնի է «Կարգին հաղորդում», «Կարգին սերիալ» եւ շարք մը այլ մանրապատումներով եւ ժապաւէններով: 2018 թուականի մայիսէն սկսեալ գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի «Քայլ արա» շարժումին: Նոյն թուականի սեպտեմբերին, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաժարականէն ետք, միացաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ «Իմ քայլը» դաշինքի կողմէ առաջադրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածու: Դաշինքը յաղթեց, իսկ Հայկ Մարութեան դարձաւ Երեւանի քաղաքապետ: Ան պաշտօնազրկուեցաւ 22 դեկտմբեր 2021-ին:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան