ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ
Երեւանի քաղաքապետարանը ներկայացուցած է մայրաքաղաքի 2015 թուականի զբօսաշրջային քարտէսը:
Քաղաքապետարանի աշխատակազմի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան զբօսաշրջութեան բաժնի ղեկավար Մարիա Բարաղամեան ըսած է, որ ռուսերէն եւ անգլերէն տարբերակով տպագրուած քարտէսը կը ներկայացնէ մայրաքաղաքի կեդրոնի զբօսաշրջային հետաքրքրութիւն ներկայացնող վայրերը եւ առողջապահական հաստատութիւնները:
«Քարտէսը տպագրուած է քսան հազար օրինակով: Անիկա անվճար պիտի բաժնուի օդակայանին, զբօսաշրջային ընկերութիւններուն, հիւրանոցներուն եւ սպասարկման տարբեր հաստատութիւններուն», ըսած է Մարիա Բարաղամեան:
Երեւանի պատմութեան ծանօթանալու, տեսարժան վայրերը կարճ ժամանակի մէջ տեսնելու համար զբօսաշրջիկներուն առանձնապէս կ՚առաջարկուի նաեւ այցելութեան տասներկու վայր՝ Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան, Երեւանի քաղաքի պատմութեան թանգարան, Մատենադարան, Վերնիսաժ, «Երեւան սիթի թուր» զբօսաշրջային երթուղին, զբօսանք Կասկատի վրայ, Հիւսիսային պողոտայ:
Քարտէսին մէջ նշուած են նաեւ Երեւանի մեթրոփոլիթէնի կայարանները, կեդրոնի հեծանուային կանգառները: Առանձին՝ օգտակար տեղեկատուութիւն սիւնակով ներկայացուած են շտապ բուժօգնութեան, ոստիկանութեան եւ այլ ծառայութիւններու հեռախօսահամարները, կայքերը: