ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապանքները լուսարձակի տակ պահելու կոչ մը հնչեց Վատիկանէն, Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնելուն նպատակով կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին։ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յայտարարեց, թէ ոմանց համար հազարաւոր մարդոց կեանքերէն աւելի կարեւոր դարձած է զէնքն ու ուժանիւթը։ Ան անգամ մը եւս ընդգծած է, թէ յոյս վրդովեցուցիչ է վարքագիծը այն մարդոց, որոնք խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կը քարոզեն, սակայն իրականութեան մէջ մահ կը սփռեն։ Պապը խնդրած է բարերարներէն, որպէսզի յատկապէս օգնեն Եթովպիոյ եւ Էրիթրէայի քրիստոնեաներուն, չմոռնալով նաեւ քրիստոնէութեան օրրան հանդիսացող Հայաստանը։