ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԹ.

«Ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց» (Յհ 19.30):

Երեք պատճառի համար գլուխը խոնարհեցուց. առաջին՝ նշան Հօր դիմաց խոնարհութեան, Իր հոգին Անոր յանձնելով: Երկրորդ. խոնարհեցուց ի նշան մօր գթութեան եւ մարդկային ամբողջ սեռին: Երրորդ. վճարելու համար ամբողջ բնութեան պարտքը: Դարձեալ՝ «Հայր, ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս» (տե՛ս Ղկ 23.46), այսինքն՝ մարդոց հոգիները յանձնեց Հօր եւ ճանապարհը փոխեց, որ դէպի դժոխք էր, եւ դարձուց ու ելք ըրաւ դէպի Հայր: Այստեղ գիտելի է, թէ Քրիստոս բազմատեսակ ցաւեր կը կրէր խաչին վրայ, քանի որ առաջին՝ ցաւեցաւ մարդոց չափազանց ապերախտութեան եւ մեղքերու բազմութեան համար: Երկրորդ. Իրենիններուն համար կը ցաւէր, այսինքն՝ մօր եւ աշակերտներուն: Երրորդ. կը ցաւէր սուրբերու, խաչակիցներու եւ պատերազմողներու քիչութեան համար, ինչպէս աւազակը, որ յանդիմանեց միւսին, ինչ բանի պատճառով Քրիստոս ողորմեցաւ իրեն: Չորրորդ. Քրիստոս կը ցաւէր մարդկային բնութիւնը ձգելուն համար: Հինգերորդ. կը ցաւէր դառնագոյն ըմպելիքին համար, քանի որ շատ կը փափաքէր մեր փրկութիւնը, որ մենք հակառակը կը մատուցենք: Վեցերորդ. ցաւ էր Իրեն համար տանջանքներուն դժուարութեան համար, մինչեւ վախճանը, այդ պատճառով ըսաւ. «Ամէն ինչ կատարուած է», այսինքն՝ ամէն տեսակի տանջանքներն ու կրումներու դառնութիւնը հասած է Ինծի: Եօթներորդ. ցաւ էր Իրեն համար հոգիէն անջատուիլը, այդ պատճառով Հօր յանձնեց զայն:

Արդ, դիւրին կերպով հասկնալու համար Քրիստոսի չարչարանքները, գիտելի է, թէ Տէրը տասն տեղեր շատ անարգուեցաւ. մէկը պարտէզին մէջ անարգուեցաւ, եւ իբրեւ աւազակ բռնուեցաւ ու կապուեցաւ: Երկրորդ. Աննայի տուն բերուեցաւ եւ այնտեղ դատապարտուեցաւ ու ապտակուեցաւ, եւ Պետրոսէն երեք անգամ ուրացուեցաւ: Երրորդ. կապուած Կայիափայի տունը բերուեցաւ եւ թուք ստացաւ: Չորրորդ. կապուած բերուեցաւ Պիղատոսի ապարանքը եւ անոր մատնուեցաւ որպէս չարագործ: Հինգերորդ. Հերովդէսին բերուեցաւ, անարգուեցաւ եւ նախատինքի համար սպիտակ զգեստ հագուեցաւ: Վեցերորդ. դարձեալ Պիղատոսին բերուեցաւ, եւ այնտեղ խնդրեցին խաչ հանել զԻնք: Եօթներորդ. գլխատման վայրը բերուեցաւ եւ այնտեղ խաչուեցաւ: Ութերորդ. խաչին վրայ կ՚անարգէին. «Վա՜յ, որ տաճարը պիտի քանդէիր» (տե՛ս Մտ 27.40): Իններորդ. որովհետեւ տէգով կը խոցէին: Տասներորդ. քանի որ չէին ձգեր թաղել, մինչեւ որ Յովսէփը չխնդրեց:

Իսկ Քրիստոսին աւազակներուն մէջտեղը խաչուիլը կը նշանակէ ապաշխարողներուն կրկնակի կերպը, որոնց մարմինները ապաշխարութեան խաչին վրայ հանուած են, իսկ միւսը աջ կողմը կանգնեցուած, այն է՝ որ աստուածային փառքին դիտաւորութեամբ կը գործէ, իսկ միւսը ձախ կողմը կանգնեցուած է,  այն է, որ այս բանը կ՚ընէ մարդկային փափաքներու գովութեան համար: Եւ այն, թէ Քրիստոս նախ խաչը տարաւ եւ ապա միւսը պարտադրաբար տարաւ Անոր ետեւէն, կը նշանակէ, թէ վայել էր Քրիստոսին որպէս գլուխ առջեւէն ընթանալ, իսկ մենք՝ Անոր ետեւէն իբրեւ աստուածային դատաստան, այսինքն՝ երկիւղէ բռնուած սկիզբը եւ ետքէն սիրով շարժուելով մտնենք խաչին մօտ: Իսկ Սիմոնին բռնադատութիւնը կը նշանակէ ամբողջութեամբ ակամաները, այսինքն՝ անոնք, որոնք միայն պատիժի երկիւղին պատճառով կ՚ապաշխարեն:

Իսկ Քրիստոսի հագուստներուն բաժանումը չորս զինուորներուն միջեւ եւ պատմուճանին չբաժնուիլը կը նշանակէր հանդերձեալ եկեղեցին, որ աշխարհի չորս ծագերուն պիտի ըլլար զինուորներէ, այսինքն՝ գիտուններէ, որ ըստ աշխարհի են, սակայն աղաւնին մէ՛կ է, որ հոգին միշտ սիրով կը մնայ, եւ մէ՛կ հօտ, որ կարելի չէ բաժնել:

Իսկ արեգակին խաւարումը կը նշանակէ հրեաներուն կուրութիւնը եւ եկեղեցւոյ մէջի բոլոր մարմնասէրներուն կուրութիւնը: Եւ դարձեալ՝ նոյն խաւարումը Քրիստոսի մահը կը նշանակէ, որով յաւիտենական Արեգակը կամեցաւ Իր մարմինին մէջ պահուըտիլ, որպէսզի մեզ լուսաւորէ:

«Տեսան, որ Անիկա արդէն իսկ մեռած էր, ուստի չկոտրեցին [Անոր սրունքները]» (Յհ 19.33):

Այստեղ կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ կ՚ըսէ երբ եկաւ Յիսուսի մօտ, քանի որ Յիսուս երկու աւազակներուն մէջտեղը կանգնեցուած էր, պէտք էր սկսիլ աւազակներէն մէկէն եւ ըստ կարգի Յիսուսի գալ, Ով մէջտեղն էր, եւ ապա երթալ միւս աւազակին: Այս մասին կ՚ըսենք, թէ երկու հոգի էին, որոնք սրունքները կը կոտրէին, որովհետեւ մէկը աւազակներէն մէկուն սրունքները կոտրեց, իսկ միւսը՝ միւսինը միւս կողմէն: Եւ այդպիսով երկուքը ասկէ եւ անկէ եկան Յիսուսի մօտ, որ մէջտեղն էր, եւ քանի որ արդէն մեռած էր, չկոտրեցին:

Գիտելի է, թէ Քրիստոս չորս պատճառով ամենէն առաջ մեռաւ քան միւսները, որոնք խաչերու վրայ կային. առաջին՝ քանի որ Անոր մարմինը բազմաթիւ աշխատանքներէ եւ տքնութենէն յոգնած էր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ չարչարանքներէն: Երկրորդ. Իր մարմինի շինուածքին փափկութեան պատճառով: Երրորդ. բազմատեսակ ցաւերուն եւ տրտմական կրումներուն համար, որ մեզի համար ունէր: Չորրորդ. որպէսզի մարգարէին համաձայն Անոր ոսկորները չփշրուէին (հմմտ. Զք 12.10: Յհ 19.37):

Սակայն գիտելի է, թէ այստեղ կրկնակի սքանչելիք եղաւ. առաջին՝ թէ մեռած մարմինէն արիւն ելաւ, եւ ասիկա հնարաւոր չէ, որովհետեւ երբ մարդ մեռնի, անոր արիւնը կը պաղի եւ կը լերդանայ: Երկրորդ. քանի որ այնքա՜ն քանակութեամբ պարզ ջուր ելաւ, այնքան որ տեսնուեցաւ եւ զանազանուեցաւ արիւնէն:

Այստեղ, լատիններն ու յոյները մոլորելով ջուր կը դնեն Պատարագին [Սուրբ Հաղորդութեան] մէջ՝ ընդդէմ եւ հակառակ Քրիստոսին, որ բազմաթիւ կերպերով ցոյց տուի. նախ՝ որովհետեւ Տէրը այս խորհուրդը աւանդած ատեն ըսաւ, թէ՝ «այս ըրէք Իմ յիշատակիս համար» (տե՛ս Ղկ 22.19), եւ ո՛չ թէ այն, որ խաչին վրայ էր, այդ պատճառով արժանի կերպով պիտի պատժուին:

Երկրորդ. քանի որ աւանդած ժամանակ՝ ջուր չխառնեց, որովհետեւ թէեւ Երուսաղէմի երկրին մէջ այդպէս կը խմէին, սակայն ո՛չ թէ ջուր կը խառնեն եւ ապա կը ծախեն, այլ՝ գինիին մօտ ջուր կը դրուէր, որպէսզի եթէ մէկը ուզէ՝ խառնէ, ուստի յայտնի է, թէ Տէրը անխառն գինի առաւ, իսկ եթէ խառնուած ըլլար, Աւետարանիչը կ՚ըսէր, հետեւաբար յայտնի է, թէ այս խորհուրդին համաձայն չէ:

Երրորդ. յայտնի է խօսքի ձեւէն, քանի որ կ՚ըսէ. «Ասիկա Իմ արիւնս է» (տե՛ս Մտ 26.27): Իսկ արդ, Տէրը գիտէր, թէ խաչելութեան ժամանակ Իրմէ ջուր եւս պիտի ելլէր, եւ եթէ պատշաճ էր ջուր խառնել, ինչպէս արիւնին համար պատուիրեց, ջուրին համար ալ կը պատուիրէր, հետեւաբար չպատուիրեց, եւ պատժապարտ են անոնք՝ որոնք կը խառնեն:

Չորրորդ. որովհետեւ թէեւ Իր կողէն ջուր եւ արիւն ելաւ, սակայն այս խորհուրդը չի՛ նշանակեր, այլ՝ այն պատճառով ելաւ, այսինքն՝ ցուցնելու համար միշտ կենդանին եւ մեռածը, որով յայտնի է, թէ այս խորհուրդին մասին չէ:

Հինգերորդ. քանի որ եթէ Պատարագին մէջ պէտք է ջուր խառնել, ապա մկրտութեան ատեն ալ պէտք է գինի խառնել, որովհետեւ այս երկուքը ելան կողէն: Արդ, եթէ մէկը մկրտութեան ջուրին գինի խառնէ, մկրտութիւն չէ այդ, նոյնպէս ալ եթէ մէկը յանդգնի ջուր խառնել Պատարագին, Պատարագ չէ, քանի որ ջուր խառնել չըսաւ:

Վեցերորդ. որովհետեւ Տէրը յայտնեց՝ ըսելով. «Ասկէ ետք որթատունկի բերքէն պիտի չխմեմ» (տե՛ս Ղկ 22.18), ապա յայտնի է, ինչ որ ըսաւ ընել ջուրով խառնուած չէր, քանի որ որթատունկը գինի կը բերէ եւ ոչ թէ ջուր:

Եօթներորդ. որովհետեւ բան մը պատարագել կ՚ըսուի, հարկաւոր է կ՚ըսուի ըստ կրկնակի ձեւի. մէկը՝ խորհուրդի կողմէն, այսինքն՝ քանի որ զԻնք ձգելով պատարագ չ՚ըլլար, եւ այս կերպով ցորենի հացն ու գինին հարկաւոր է անապակ ըլլան Պատարագի խորհուրդին ժամանակ, եւ ըստ այսմ հարկաւոր է խօսքին էութիւնը Պատարագի խորհուրդին, որովհետեւ ասոնցմէ մէկը ձգելով պատարագ չ՚ըլլար, քանի որ ըլլալով՝ կը գոյացնեն, իսկ բառնալով՝ կ՚ապականեն, իսկ ջուրը այս հարկաւորներէն չէ, որովհետեւ ո՛չ ըլլալովը կը գոյացնէ եւ ոչ ալ վերցնելովը՝ կ՚ապականէ, քանի որ Տիրոջմէ չպատուիրուեցաւ, հետեւաբար այս խորհուրդին մէջ չկայ:

Ութերորդ. որովհետեւ դարձեալ հարկաւոր կ՚ըսուի ոչ թէ խորհուրդի կողմէն, այլ՝ քահանային, ինչպէս քահանային սրբութիւնը, բաղարջ հացն ու եկեղեցին, իսկ ջուրը այստեղ ալ չի՛ հարկաւորեցներ, քանի որ բաղարջը, եկեղեցին եւ քահանային սրբութիւնը պէտք է ըլլայ, իսկ ջուր՝ ո՛չ, որովհետեւ երեք սուրբ ժողովներուն կողմէ չաւանդուեցաւ: Արդարեւ, եթէ քահանան առանց սրբութեան կը պատարագէ, մահու չափ կը մեղանչէ, որովհետեւ Քրիստոսին չհետեւեցաւ, քանի որ իր անձին դատաստանին համար կ՚ուտէ [կը ճաշակէ], ըստ Առաքեալին. «Բայց Պատարագը ճշմարտապէս Քրիստոս է» (հմմտ. Եբր 7.7), իսկ Քրիստոս ժողովուրդին չ՚անարգեր քահանային պղծութեան համար, այսպէս ալ եթէ մէկը համարձակի ջուր դնել Պատարագին, անէծքի տակ է եւ մահու չափ կը մեղանչէ:

Իններորդ. քանի որ եթէ կ՚ըսեն, թէ բաժակ անունը անօթինն է եւ ո՛չ գինիինը, ասոր համար գիտելի է, որ եթէ այդ անունը անօթինն էր, ապա չե՛նք գիտեր, թէ ի՞նչ կար այդ անօթին մէջ՝ կաթ, թէ մեղր, թէ ջուր, որովհետեւ բաժակէն ետք ոչինչ անուանեց՝ գինի կամ ջուր, իսկ դատարկ անօթը ինչպէ՞ս ըմպել կու տար մեզի, հետեւաբար յայտնի է, թէ այստեղ բաժակը գինիին համար ըսաւ, որ անապական էր, ինչպէս որ այնտեղ բաժակ չարչարանքները կոչեց, ուր կ՚ըսէ. «Բաժակը, որ Հայրը տուաւ Ինծի պիտի չխմե՞մ» (տե՛ս Յհ 18.11), հետեւաբար յայտնի է, թէ այս խորհուրդին մասին չէ:

Տասներորդ. քանի որ խաչին վրայ յատուկ քանակով արիւն եւ ջուր ելաւ, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք ճանչնար ջուրն ու արիւնը, որով կը ցուցուի, թէ ջուրը ուրիշ բանի համար է, այսինքն՝ մկրտութեան համար, իսկ արիւնը՝ Պատարագին համար. իսկ եթէ խառնել պէտք էր, ինչո՞ւ համար խառնուած չերեւցաւ. իսկ որովհետեւ մէկ կողէն երկուքը ելան, կը ցուցնէ երկուքին եկեղեցւոյ մէջ կատարուիլը՝ մկրտութիւն եւ Պատարագ. իսկ այստեղ՝ Պատարագի խորհուրդին եթէ ջուր խառնես, ջուրը գինի հետ կ՚ապականի եւ կը շփոթուի՝ ո՛չ ջուր է եւ ոչ ալ գինի: Եւ ըստ այսմ կը յայտնուի խորհուրդդ [մտածումդ], որ Քրիստոսի մասին ունիս, քանի որ զԻնք ո՛չ Աստուած կ՚ըսես եւ ոչ ալ մարդ, այլ՝ շփոթուած եւ երկուքն ալ կորսուած, ինչպէս Եւտիքէսը: Հետեւաբար այս բոլորէն յայտնի է, թէ ջուրը այս խորհուրդին մէջ չէ, որովհետեւ Նեստորինը կը խորհին անոնք, թէեւ չյայտնեն:

«Ասկէ ետք խնդրեց Պիղատոսէն, եւ հրամայեց» (տե՛ս Յհ 19.38):

Ասիկա երկու պատճառով ըրին, որոնց առաջինը խնդրողին մեծութեան համար է: Երկրորդը, խնդրուածին անմեղութեան համար է, որ ան եւս գիտցաւ:

«Եւ կտաւով պատեցին» (տե՛ս Յհ 19.40):

Այսինքն՝ վուշով, որ կտաւէ կ՚ըլլայ, որ շուսփայի օրինակը ունի, որ սկիհին վրայ կը դրուի:

«Դրաւ զԻնք նոր գերեզմանի մը մէջ» (տե՛ս Յհ 19.41-42):

Աստուածային նախախնամութիւնը այնպէս պատշաճեցուց, որպէսզի Քրիստոս նոր գերեզմանի մէջ թաղուի:

Եւ ասիկա երեք պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ այս գերեզմանը նախապէս փորուեցաւ Սոմնասի կողմէն, սակայն ինք այնտեղ չթաղուեցաւ, քանի որ Քրիստոսի համար պահուեցաւ:

Երկրորդ. որովհետեւ ասիկա կոյսին արգանդին օրինակն էր, նոյնպէս Քրիստոսէ առաջ ոչ ոք այդ գերեզմանին մէջ թաղուեցաւ, եւ ոչ ալ Անկէ ետք:

Երրորդ. Քրիստոսի յարութեան ստուգութեան համար, որպէսզի ոչ ոք ըսէ, թէ Քրիստոս յարութիւն չարաւ, այլ՝ ուրիշ մը, որ այնտեղ թաղուած էր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 148

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022