ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ
Կոմիտասի թանգարան-կաճառը, վստահաբար, յառաջիկայ շրջանին հետզհետէ պիտի դառնայ նուիրական ժամադրավայր մը Երեւանի մէջ։ Ան թեկնածու է, եւ թէ յաւակնոտ, հայոց մայրաքաղաքէն ներս դասուելու համար այն միջավայրերու շարքին, որոնց երդիքին տակ գտնուիլը, մթնոլորտին շնչումը պիտի համարուի օրհնութիւն։ Թանգարանի մը առթած տպաւորութիւնը ուղղակիօրէն պայմանաւորուած է այնտեղ ներկայացուածին պատմական խորութեամբ ու մատուցման ձեւէն։ Կոմիտասի թանգարանը զգացական աննկարագրելի խորութեան մը կ՚առաջնորդէ այցելուները, որոնք կախարդական ու հրապուրիչ շրջայցի մը կը ձեռնարկեն յիրաւի խորհրդաւոր խաչմերուկի մը վրայ, ուր ժողովուրդի մը ծոցէն հասած ամենատաղանդաւոր զաւակներէն մէկուն կեանքի ճանապարհը խաչաձեւուած է իր իսկ ժողովուրդին, հարազատ ժողովուրդին դառն ճակատագրին հետ։
Վերջերս քանի մը օրով այցելեցի Երեւան։ Սա այս տարուան առաջին այցելութիւնն էր եւ գիտակցական յստակ նախընտրութիւնով մը քայլերս ուղղուեցան դէպի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարան-կաճառը։ Թէեւ նախօրօք կարդացածներս ու տեսածներս, անշուշտ, լարած էին հետաքրքրութիւնս, սակայն առաջին իսկ քայլափոխին համոզուեցայ, որ թանգարանը շատ աւելին էր միանշանակօրէն։ Արդի թանգարանի մը բոլոր չափանիշներուն համապատասխան անհրաժեշտ արհեստավարժութեան մակարդակով ու կատարեալ փորձագիտական զինումով՝ այստեղ կը ցոլանայ յուզումնախառն պատմութիւն մը։ Քաղաքամայրի սրտին վրայ այնպիսի կոթողային համալիր մը ստեղծուած է, որ ապահովաբար տակաւին պիտի արդարանայ անոր գոյութիւնը եւ ժամանակներու հոլովոյթին մէջ պիտի երանգաւորուի խորախորհուրդ իմաստը։
Թանգարանին մէջ արտակարգօրէն դիպուկ ձեւով նախ ներկայացուած է այն ամբողջը, որուն կը պատկանէր Կոմիտաս եւ աւելի վերջ ճարտարօրէն բիւրեղացուած, առանձնացուած՝ Մեծ Վարդապետը, որպէս հերոս, որպէս ճշմարիտ մեծութիւն, որ այս անգամ իր ինքնութեամբ, իր մարմնաւորած կերպարով կը մարմնաւորէր այդ նոյն ամբողջը, տուեալ պարագային հայ ժողովուրդը։ Կոմիտասի ամբողջ ոդիսականը այսպիսի հաւասարակշռութեան մը մէջ իսկապէս դարձած է շատ մատչելի եւ այս նոյն կէտին վրայ ալ կը բազմապատկուի թանգարանին գործած տպաւորութիւնը, ուղղակի ներգործութիւնը, ինչ որ անոր առաքելութեան յաջողութեամբ պսակուելուն գրաւականն է անտարակոյս։
Հիմնական ձեռքբերումը այն է, որ տակաւին շատ նոր ըլլալով հանդերձ, թանգարանը կանխաւ յաջողած է Կոմիտասի գործունէութիւնը հաւասարապէս ներկայացնել անհատական ու հասարակական երեսակներով՝ շատ յաճախ անոնց սքանչելի համադրութեամբ, բնական միահիւսումով եւ արհեստականէ զերծ նոյնացումով։ Թանգարանէն ներս շատ խօսուն ձեւով կը մատնանշուի այն աշխարհագրութիւնը, ուր ծնած, հասած, ուսանած, կազմաւորուած, գործած, արտադրած եւ ի վերջոյ վախճանած է Մեծ Վարդապետը։ Պարզ է, որ իր ժամանակին պայմաններով շատ ընդարձակ տարածութեան մը մասին է խօսքը՝ Արեւմտեան Եւրոպայէն մինչեւ Հարաւային Կովկաս, եւայլն… Աշխարհագրական այս ծածկոյթը, անտարակոյս, պայմանաւորած է նաեւ իր աշխարհընկալումը։
Երկու լայն յարկաբաժիններու վրայ, ազդու լուսաւորութիւնով մը կարելի է հաղորդ դառնալ Կոմիտասին՝ իր ամբողջութեան մէջ։ Պաստառներու վրայ բացատրութիւններ, տեսահոլովակներ, լուսանկարներ, նուագարաններ, ձեռագրեր, կենցաղային իրեր, ձայնագրութիւններ, համերգներու հրաւէրներ կամ գրքոյկներ, դաշնակ, իր ներշնչումով ուրիշներու կողմէ կատարուած ստեղծագործութիւններ եւ տակաւին ինչե՜ր, ինչե՜ր, որոնց շնորհիւ իւրաքանչիւր այցելու կրնայ էութիւնը պատուած զգալ Կոմիտասով։
Այս ծիրին մէջ կ՚առանձնանան իր դաշնակը, զոր կրցած է ապահովել բարեյիշատակ ազգային բարերար Ալեքսանտր Մանթաշեանի զօրակցութեամբ եւ «Գուսան» երգչախումբին խմբանկարը՝ Մեծ Վարդապետին գլխաւորութեամբ։ Թանգարանի յարկաբաժիններէն մէկուն ամենամեծ պատի ամբողջ երկայնքով ձգուած պատմական դրուագ մը, որու ճիշդ դիմացը զետեղուած է նաեւ բազկաթոռ մը։ Յիրաւի, ակնթարթի մը մէջ նայիլ ու անցնիլ կարելի չէ այդ պատկառելի խմբանկարին առջեւէն։ Կազմակերպիչները որքան որ ալ յստակութեան նպատակով մեծցուցած ըլլան այդ դրուագը, համապատասխանաբար երեւելի դարձած են նաեւ բոլոր մանրամասնութիւնները՝ անվիճելի բացայայտումներով։ Զգալի են «Գուսան»ի անդամներուն հայեացքները, փառաշուք ամբողջի մը մէջ ակնյայտ է իւրաքանչիւրը, տեսանելի՝ առանձնայատկութիւններով։ Այդ երկար բազկաթոռը ճիշդ դիրքաւորուած է թանգարանին մէջ՝ հաշուի առնելով, որ «Գուսան»ի խմբանկարին պարտադրած զգացումներու տարափով մարդկայնօրէն անկարելի է պահ մը կանգ չառնել ու չնստիլ, առանց քանի մը րոպէ մտորելու, առանց կարճատեւ խոկումի մը։
Կոմիտասի թանգարանը բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին շրջագծով, բայց ան բացարձակապէս ողբի, սուգի կոթող մը չէ, այլ ապագայասլաց մտայնութեան մը պտուղը եւ յաւերժութեան տեսլականի մը շքեղ տաճարը։ Իր հարազատ ժողովուրդին կրած աղէտին ի տես խաթարուած է Կոմիտասի կեանքին բնականոն ընթացքը ու դար մը անց ան հայ ժողովուրդին համար դարձած է անմահութեան խորհրդանշան մը։ Սա շատ լաւ կը բիւրեղանայ նաեւ թանգարանին մէջ ներկայացուած իր կիսանդրիներուն կամ արձաններուն բովով։ Տարբեր ժամանակներու մէջ, տարբեր արուեստագէտներու կողմէ ստեղծագործուած Կոմիտասի կիսանդրիներ, որոնք բոլորն ալ զիրար ամբողջացնելով կարծես մանրամասն կը բնութագրեն երեւոյթ մը՝ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, որ իր ժողովուրդին տառապանքով տագնապելէ վերջ այսօր լոյս կը սփռէ անոր ապագայ ճանապարհին վրայ եւ ի յիշատակ իրեն երկինք խոյացած թանգարանը այսօր դարձած է հայոց քաղաքամայրի գոհարեղէններէն մին։
Թանգարանի շրջայցը կ՚եզրափակուի դարձեալ խորհրդանշաններու միահիւսումով։ Քարակերտ տանիքի ապակեպատ ճեղքէն կը սուզուին Նայիրեան արեւուն ճառագայթները, որոնց մէջ կը շողայ Կոմիտասին կիսանդրին։ Սա արդէն իր վախճանման պահուն կատարուած դէմքին պատճէնահանման հիման վրայ ստեղծագործուած կիսանդրին է, որու վերեւը՝ ձեղունէն կախուած է զանգակ մը՝ ի նշան «Անլռելի զանգակատան»։
Եւ այսպէս Մեծ Վարդապետը կը ճանապարհէ ձեզ, հրաժեշտի պահուն կարծես կը զգայ, թէ փշաքաղած է իւրաքանչիւր այցելուին մարմինը, հպարտ են իր ժողովուրդին մերօրեայ զաւակները, որոնք միւռոնադրոշմ բաց ճակատով անսահման երախտիք ու բի՜ւր յարգանք կը տածեն իրեն նկատմամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ