Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ
Դառն կսկիծով վերահասու դարձանք, թէ երէկ իրիկուն Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Արփիկ Միսաքեան։ Հայ Սփիւռքի խորհրդանշական կերպարներէն մէկն էր Արփիկ Միսաքեան, որ տասնամեակներ շարունակ անխոնջ աշխատաւոր մը որպէս հրատարակած էր իր հօր՝ Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ իրեն ժառանգուած «Յառաջ» օրաթերթը։
Մահուան գոյժը հասաւ այն ժամանակ, երբ թերթս կը պատրաստուէինք յանձնել մամուլին։ Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները տակաւին յայտնի չեն։
Շաբաթ, Յունիս 20, 2015