ԱՆԳԱՐԱ-ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՌԱՆՑՔԻՆ ՎՐԱՅ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ 24 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԹԻՒ

Ապրիլի 24-ը այս տարի եւս Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին պատճառ դարձաւ լարուածութեան։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ոգեկոչման պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակեց ցեղասպանութիւն, ինչ որ Թուրքիոյ բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յիշեցուց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի կտրուածքով Արեւմուտքէն կարգ մը ղեկավարներ վերջին օրերուն «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործման համար անհրաժեշտ կը նկատեն դատավճռի մը գոյութիւնը, ինչ որ ճիշդ է։ Ըստ Չավուշօղլուի, նոյն անձերը, առանց իրաւասու դատարանի մը վճռին, 1915-ի դէպքերը քաղաքական պատճառներով կ՚որակեն ցեղասպանութիւն, ինչ որ երկերեսութեան ակնյայտ օրինակ մըն է։

Չավուշօղլուի այս գրառման առընթեր, Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը պախարակեց Պայտընի պատգամը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ քաղաքական դրդապատճառներով պատմական իրողութիւններու աղաւաղման ուղղեալ նման յայտարարութիւններն ու որոշումները մերժելի են եւ թրքական կողմը կը պախարակէ անոնք, որոնք կը յամառին այս սխալին վրայ։

Անգարայի ղեկավարութենէն այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուած են Ուաշինկթընի դէմ։ Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած է հետեւեալ գրառումով. «Միլիոնները մահուան առաջնորդած, համաշխարհային պատերազմներու ծնունդ տուած, զանգուածային ոչնչացման զէնքեր արտադրած, աթոմային ռումբ նետած, գերիներու առեւտուր ըրած, մարդիկ կենդանաբանական պարտէզներու մէջ ներկայացուցած ով արդի բարբարոսներ… Մեր պատմութեան մէջ չկայ ցեղասպանութեան, էթնիք մաքրագործութեան, հոլոքոստի բիծը»։

ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքն ալ յայտնեց, որ Պայտընի յայտարարութիւնը պատմական եւ իրաւական յենարաններէ զուրկ է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022