Ուրբաթ 27, Յունիս 2025
ԻՐԱԶԵԿՈՒՄ ԵՒ ԱՀԱԶԱՆԳ
Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս օրերուն յամառօրէն յառաջ կը տանի բողոքի նոր ալիք մը, որու դրսեւորումները զգալի կը դառնան՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին, ուր յաճախ առօրեան դուրս կու գայ բնականոն հունէն։ Բողոքի այս նոր ալիքին միացած են նաեւ նահատակ զինուորներու ընտանիքներ, ինչ որ տարբեր տարողութիւն մը կը վերագրէ ընդդիմութեան այս նոր շարժման։
Հասարակութիւնը իրազեկելու նպատակը կը հետապնդէ ընդդիմութիւնը, որ հերթական անգամ ահազանգ կը հնչեցնէ Արցախի հիմնախնդրին շուրջ իշխանութիւններու կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան դէմ։
Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, ոստիկանութիւնը անհամաչափ ուժ կը կիրառէ՝ փողոցներու մէջ եւ հրապարակներու վրայ դիմադրութեան մասնակից ցուցարարներուն դէմ։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2022