ՄԵՐԻ ՄՈՒՆ՝ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ

Տա­ղան­դա­ւոր ա­րուես­տա­գի­տու­հի Մե­րի Մուն, Ե­րե­ւա­նէն, կը մաս­նակ­ցի հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի մը, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Միք­սէր» պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ, Պէ­յօղ­լու։ Մին­չեւ Յու­լի­սի 15-ը շա­րու­նա­կե­լի այս ցու­ցա­հան­դէ­սի ժա­մա­նակ Մե­րի Մուն կը ներ­կա­յաց­նէ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը նկա­րագ­րեն Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րու­թեանց մօ­տի­կու­թեան ի յայտ բե­րած միաս­նա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան լե­զուն՝ միա­ժա­մա­նակ ընդգ­ծե­լով, թէ տե­ղա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ինչ­պէ՛ս կը պատ­նէ­շէ այս միաս­նու­թիւ­նը։ «Սահ­ման­ներ եւ սահ­մա­նա­գի­ծեր» ցու­ցա­հան­դէ­սին կը մաս­նակ­ցին նաեւ Թուր­քիա­յէ, Գեր­մա­նիա­յէ, Ի­տա­լիա­յէ եւ Ռու­սաս­տա­նէ ա­րուես­տա­գէտ­ներ։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015