ՆՈԱՄ ՉՈՄՍՔԻ. «ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ՇԱՏ ԼԱՒ ԳԻՏԷԻՆ, ՈՐ ՈՒՔՐԱՅՆԱՆ «ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾ» Է, ԲԱՅՑ... ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԻՆ»

Ուքրայնայի պատերազմը տակաւին կը շարունակուի։ Ռուսաստանի քաղաքական որոշումներուն մօտիկ հարթակներ կը նշեն, որ այս պատերազմը «տրամաբանական» փուլ մը պիտի մտնէ յառաջիկայ մայիսի 9-ին, որ կը զուգադիպի Երկրորդ աշխարհամարտի յաղթանակի օրուան։ Մինչ Մոսկուա ոգի ի բռին պատրաստութիւններ կը տեսնէ այդ օրուան կապակցութեամբ, կան նաեւ որոշակի նշաններ, թէ Ռուսաստան անհանգիստ է պատերազմական գործողութիւններուն առընթեր։ Նախ փաստ է, որ ռուսաց բանակը ստիպուեցաւ փոփոխութեան ենթարկել իր ռազմավարութիւնը եւ նոյնիսկ հրաժարիլ Քիեւը գրաւելու «ամենաիւղոտ» ծրագրէն։ Ռուսաստանի համար այլ ցաւատանջ նիւթ է Արեւմտեան պլոքին կողմէ դէպի Ուքրայնա ուղղուող ռազմական օժանդակութեան տարերայնութիւնը, որ նոյնիսկ Մոսկուայի յաղթանակի պարագային մեծ հետք պիտի թողու ռուսական կողմին համար։

Այն միաւորները, որոնք պիտի տրուին արեւմուտքցիներուն, տեղ մը նշաձող պիտի դնեն, որ ռազմական ոլորտէն ներս ռուսերու ներկայութիւնը այդքան ալ բացարձակ կամ «սանձազերծ» չէ։ Տնտեսական դաշտին, համակարգչային, դրամատնային կամ ելեւմտական ոլորտներու մէջ առաւելութիւն ունեցող Արեւմուտքը, դարձեալ տնտեսութեան ուժին ճամբով ստեղծած է ռազմական այնպիսի ուժ, որ կարող է մրցիլ ո՛չ միայն ռուսաց, այլեւ՝ չինացիներուն հետ։

Ամէն պարագայի այս բոլորը կ՚արձանագրուին այն պահուն, երբ ռուս մէկէ աւելի գործիչներ՝ գլխաւորութեամբ Սերկէյ Լաւրովի, սկսած են դարձեալ խօսիլ կորիզային պատերազմի հաւանականութեան մասին։ Ճիշդ է, այդ խօսակցութեանց արագ արձագանգ կը տրուի մասնաւորապէս ամերիկացիներուն կողմէ, բայց եւ այնպէս, այդ վտանգը կը շարունակէ շրջանառութեան մէջ մնալ։ Մինչ այդ, ռուս-ուքրանական տագնապին մասին աւելի խորքային մօտեցումով նայելու համար օրերս ուշադրութիւնս գրաւեց ամերիկացի այլախոհ մտաւորական՝ Նոամ Չոմսքիի միտքերը, որոնք թարգմանաբար կը ներկայացնեմ իմ ընթերցողներուն։

Իմ կարծքիով՝ գլխաւոր հարցը այն է, թէ ինչ պէտք է ընել դադրեցնելու համար այսօր տեղի ունեցող ոճիրներն ու վայրագութիւնները։ Կան երկու հաւանականութիւններ անոնց համար, որոնք մտահոգուած են Ուքրայնայի ճակատագիրով: Առաջինը՝ շարունակել քայքայել Ուքրայնան, ապա անցնիլ հաւանական կորիզային պատերազմի: Երբ կը կարդաք ամերիկեան թերթի մը մէջ վերնագիր մը, թէ «պէտք է քանդել Ռուսաստանը», այդ կը նշանակէ, թէ ես կ՚ուզեմ սպաննել Ուքրայնայի բնակիչները եւ երթալ կորիզային պատերազմի, որ պիտի ոչնչացնէ մարդկութիւնը աշխարհի վրայ: Իսկ երկրորդ հաւանականութիւնը՝ երթալ դիւանագիտական բանակցութիւններու եւ ընդունիլ կարգաւորում մը, որ գարշելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ մէկը պիտի նշանակէ նախագահ Փութինին այս կացութենէն ելք մը տալ: Եթէ այդ կարգաւորումը չներկայացնէ լուծում մը, ուրեմն Մոսկուայի այդ կարծրատիպ մարդը գիտնալով, թէ այլեւս ուրիշ միջոց չէ մնացած, պիտի օգտագործէ իր ամբողջ ուժը եւ աշխարհը տանի կորիզային պատերազմի: Ուրեմն, կարգաւորումը անպայման ելք մը պիտի առաջարկէ եւ բոլորս գիտենք, թէ ինչ պիտի ըլլայ այդ ելքը։ Նախ Ուքրայնան պէտք է մնայ չէզոք երկիր, ժամանակաւորապէս սառեցուին Տոնպասի եւ Խրիմի խնդիրները, յայտարարուի հրադադար եւ ռուսական ուժերը ետ քաշուին։ Այս քայլերը պէտք է ըլլան կարգաւորումին հիմնական կէտերը: Երկու կողմերն ալ գիտեն, որ այս երկու հաւանականութիւններէն մէկը միակ լուծումն է:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայ դիրքն է՝ «շարունակել կռուիլ մինչեւ վերջին ուքրանացիի սպանութիւնը»։ Այս իմ արտայայտութիւնը չէ, այլ կը մէջբերեմ Ամերիկայի ամենէն յարգալից դիւանագէտներէն մէկուն, Սէուտական Արաբիոյ մօտ Ամերիկայի նախկին դեսպան Չարլզ Ֆրիմընի խօսքերէն: Ան մանրամասնօրէն նկարագրած է ԱՄՆ-ի ռազմավարութիւնը այս հարցի վերաբերեալ՝ «կռուիլ մինչեւ վերջին ուքրանացիի սպանութիւնը», առա՛նց երթալու բանակցութիւններու կամ առանց առաջարկելու հանգուցալուծումներ։ Այս է ըստ երեւոյթին ամերիկեան քաղաքականութիւնը, որ նման է չինական քաղաքականութեան: Անշուշտ բառացիօրէն պէտք չէ հասկնալ «վերջին ուքրանացին», այլ՝ երթալ կորիզային մեծ ուժերու բախումի, որ ի վերջոյ պիտի յանգի ամբողջ աշխարհի վախճանին։

Մեծ հնարաւորութիւն կար Պաղ պատերազմի աւարտին, նախագահ հայր Պուշի օրօք, երբ նախագահ Միխայիլ Կորպաչով ներկայացուց իր տեսլականը յետպաղպատերազմեան ժամանակաշրջանը կառավարելու։ Ան առաջարկեց, որ Եւրոպայի եւ Ասիոյ տարածաշրջանները միաւորուած ըլլան եւ տարածուած՝ Լիզպոնէն մինչեւ Վլատիվոստոկ, առանց որեւէ ռազմական դաշինքի։ Այն ատեն այդ կոչուեցաւ «Եւրոպայի համընդհանուր տուն», որ տարբերակ մըն էր: Նախագահ Պուշի ընտրանքը այնքան ալ տարբեր չէր այն ժամանակուայ Խորհրդային իր գործընկերոջ առաջարկէն: Պուշ առաջարկեց «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան», եւ դեսպան Չարլզ Ֆրիմըն, կ՚ըսէր, որ այդ տարբերակը անհրաժեշտ էր կառավարելու այն համակարգը, ուր կար Ռուսաստան: «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան»ը չբացառեց ՆԱԹՕ-ն, այլ պահպանեց իր սահմանափակ յարաբերութիւնները անոր հետ։ Այնպէս որ այլ երկիրներ կարելիութիւնը ունենային անդամակցելու «յանուն խաղաղութեան գործընկերութեան»՝ առանց ՆԱԹՕ-ի հետ կապ ունենալու: Հետեւաբար, հնարաւոր էր ընդլայնել այդ գործընկերութեան շրջանակը՝ ներառելով Ռուսաստանը: Համընդհանուր խաղաղութեան դաշինք հիմնելը պիտի յանգեցնէր ռազմական դաշինքներու քայքայման կամ անհետացման: Այս ալ ուրիշ տարբերակ մըն էր: Ֆրիմընէն պիտի մէջբերեմ նորէն «1994-ին երբ Պիլ Քլինթըն եղաւ ԱՄՆ-ի նախագահ, ան սկսաւ խօսիլ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» մասին, բայց աշխարհին յայտարարել, որ պիտի ընդլայնէ ՆԱԹՕ-ն, մինչեւ Ռուսաստանի սահմանները: Այն ժամանակ նախագահ Պորիս Ելցին խըս-տօրէն դատապարտեց Քլինթընը, երբ 1996-ին վերջինս ներկայացուց ՆԱԹՕ-ի ընդլայնուած քարտէսը, ինչպէս նաեւ 1997-ին, երբ հրաւիրեց Լեհաստանը, Սլովենիան եւ Հունգարիան միանալու ՆԱԹՕ-ին հասնելով Ռուսաստանի սահմանները, ինչ որ կոպիտ խախտում էր նախկին նախագահ հայր Պուշի Կորպաչովին տուած այն ​​խոստումին, որ ՆԱԹՕ-ն ոչ մէկ թիզ պիտի չընդլայնի դէպի արեւելք, այսինքն՝ Գերմանիոյ արեւելքը: Հայր Պուշ պահեց իր խոստումը, Քլինթըն յարգեց այդ խոստումը, սակայն քանի մը տարի, ապա դրժեց զայն: Ռուսերը առարկեցին, բայց դժկամութեամբ համակերպեցան: Երբ Ճորճ Պուշ կրտսեր իշխանութիւնը ստանձնեց, ան հրաժարեցաւ այդ խոստումէն եւ կոչ ըրաւ նախկին Խորհրդային Միութեան կարգ մը երկիրներուն՝ միանալու ՆԱԹՕ-ին: 2008-ին, ԱՄՆ աւելի հեռու գնաց եւ հրաւիրեց Ուքրայնան միանալու ՆԱԹՕ-ին: Իւրաքանչիւր ամերիկացի դիւանագէտ, ինչպէս՝ Ճորճ Քենըն, Հենրի Քիսինճըր, Ճարիտ Մաթլաք, նոյնիսկ CIA, շատ լաւ գիտէր, որ Վրաստանն ու Ուքրայնան կարմիր գիծեր են Ռուսաստանի համար: Ռուսերը թերեւս հանդուրժեն շատ բան, բայց չեն հանդուրժեր թշնամի ռազմական դաշինքի ներխուժումը իրենց ռազմավարական ազդեցութեան տակ գտնուող գօտի: Ո՛չ մէկ ռուս առաջնորդ պիտի ընդունէր այդ, ո՛չ Ելցին, ոչ Կորպաչով, ոչ մէկը: Հակառակ անոր, Պուշ կրտսեր շարունակեց իր որոշումը, որուն այն ժամանակ դէմ ելան Ֆրանսան եւ Գերմանիան՝ օգտագործելով վեթոյի իրաւունք, եւ այս ձեւով ԱՄՆ շարունակեց ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման իր ծրագիրը գործի դնել։ Ուքրայնայի «Մայտան»ի յեղափոխութենէն ետք ԱՄՆ ​​անմիջապէս ներխուժեց եւ սկսաւ հրապարակայնօրէն Ուքրայնան ներգրաւել ՆԱԹՕ-ի ռազմական ծրագիրներուն մէջ, սպառազինութեան գործարքներ կատարել եւ այլն: 2021 թուականի սեպտեմբերին, այսինքն քանի մը ամիս առաջ, նախագահ Պայտընի կատարած պաշտօնական յայտարարութիւնը՝ իր արտաքին քաղաքականութեան կապակցութեամբ (որ նման էր 2001-ի յայտարարութեան, եւ այն կարելի է գտնել Սպիտակ տան կայքէջին վրայ, մանաւանդ որ ամերիկեան լրատուամիջոցները չհաղորդեցին անոր բովանդակութիւնը), արժանի է մեծ ուշադրութեան։ Հաղորդագրութիւնը կոչ կ՚ընէր իրականացնելու Ուքրայնայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան ծրագիրը, կը պահանջէր արդիական զինատեսակներու առաքում Ուքրայնա, կը խօսէր համատեղ ռազմափորձերու մասին, նաեւ կը մատնանշէր ուքրանական բանակի սպաներու վերապատրաստումը։

Ոեւէ մէկը չի գիտեր, թէ ինչ տեղի ունեցաւ, բայց թերեւս այս էր, որ մղեց Ռուսաստանին ի վերջոյ առնելու ոճրային որոշումը եւ ներխուժելու Ուքրայնա: Յամենայնդէպս, այս էր նախաներխուժման հիմնական նախադրեալը:

Այն ինչ որ կը կատարուի այսօր, մեզ կը կանգնեցնէ երկու տարբերակի առջեւ։ Առաջինը՝ ԱՄՆ պիտի ընթանայ իր քաղաքականութեան մէջ, որ սկսած էր 2001-ին եւ շարունակէ ներգրաւել Ուքրայնան ՆԱԹՕ-ի գործողութիւններուն մէջ, ինչպէս համատեղ ռազմափորձեր եւ այլն, ինչ որ պիտի նշանակէ Ուքրայնայի ոչնչացումը, ապա կորիզային աւերիչ պատերազմ: Իսկ երկրորդ տարբերակը՝ ԱՄՆ հրաժարի իր ներկայ դիրքորոշումէն եւ հետեւի Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի քայլերուն՝ խտացնելով իր քննարկումները Փութինի հետ, հասնելու համար քաղաքական կարգաւորման, որ հանգուցալուծում կ՚ապահովէ եւ Փութինին կ՚առաջարկէ ելքի միջոց այս հակամարտութենէն, առիթ տալով Ուքրայնայի, որպէսզի փրկուի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 7, 2022