ՀՌՈՄԻ ՊԱՊԸ ՄԵՂԱԴՐԵՑ ՄԵԾ ՏԷՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հռոմէական Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին մեղադրեց աշխարի մեծ տէրութիւնները՝ 20-րդ դարու ընթացքին տեղի ունեցած կոտորածները կանխելու աշխատանքին մէջ ձախողելնուն համար։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, Պապը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ընթացքին պատահած հրէից Ողջակիզման, ինչպէս նաեւ սթալինեան վարչակարգի ժամանակաշրջանին արձանագրուած մեծադիր զոհերու, որոնց նկատմամբ մեծ տէրութիւնները կը շարունակէին լուռ մնալ այդ տարիներուն։
«Նախորդ դարու ընթացքին այնքան շատ, միլիոնաւոր հայեր մահացան։ Սակայն մեծ տէրութիւնները ո՞ւր էին այդ ժամանակ», նշեց Հռոմի Պապը։ Ան ընդգծեց, որ կը հասկնայ ներկայիս երիտասարդները, որոնք կը դժուարանան վստահիլ աշխարհին։ Սրբազան Պապը քննադատեց նաեւ բոլոր այն մարդիկն ու կառոյցները, որոնք կը խօսին խաղաղութեան մասին, սակայն զէնք կ՚արտադրեն կամ կը վաճառեն։