ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոններու ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Ռոպին ֆան Փույէնպրոքը, որուն ընկերացան «ՌԵՆՇԻՆ» քաղաքաշինական ներդրումային ընկերութեան հիմնադիր Էտուարտ Մարութեան եւ տնօրէն Լեւոն Գասպարով։ Պաշտօնական աղբիւներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Փաշինեանին ներկայացուեցաւ Երեւանի մէջ համաշխարհային առեւտուրի կեդրոն մը հիմնելու նախագիծը, որ արժանացած է նաեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան հաւանութեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2022