ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ ՎԻՃԱԿ

Հայաստանի ընդդիմութեան բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին՝ ամէն օր զգայացունց նոր դրսեւորումներով։ Երեւանի կեդրոնին օրերէ ի վեր շարունակ բախումներ տեղի կ՚ունենան ոստիկաններու եւ ընդդիմադիր ցուցարարներու միջեւ։ Մայրաքաղաքէն ներս կաթուածահար վիճակ մը ստեղծուած է։ Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, որ «Դիմադրութիւն» անուանումին ներքեւ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներ կ՚իրականացնէ, երէկ երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք մըն ալ իրականացուց։ Երեւանեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւնները վերսկսած են։ Ոստիկանութիւնն ալ պաշտօնապէս կը շարունակէ տեղեկացնել հարիւրաւոր ցուցարարներու ձերբակալման մասին։ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանի գրասենեակն ալ տեղեկացուց, որ դէպքերու ընթացքին ոստիկանները մարդոց կը հայհոյեն, անհարկի կը քաշքշեն եւ ձերբակալման ժամանակ ոչ-համաչափ ուժ կը կիրառեն։

Հայաստանի ներքին քաղաքական լարուածութիւնը հետզհետէ կը մագլցի՝ պատճառ դառնալով երկրէն ներս բեւեռացումներու, պառակտումներու խորացման։ Այս մթնոլորտին մէջ կը հնչեն նաեւ զգուշացումներ։ Նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեան երէկ յայտարարեց. «Մեզի նոր աղէտ կը սպասէ, հարեւաններու պիւտճէները արագ կ՚աճին, մեր մօտ ժողովուրդի հիմնական մասը զբաղած է խաղադրոյք ընելով»։ Ըստ իրեն, կան վիճակագրական տուեալներ, որոնք սահմռկեցուցիչ են։ 2000-2017 թուականներուն սովորաբար երկրէն ներս կը ծնէր 40 հազար երեխայ, կը մահանար 25 հազար մարդ։ Վերջին երկու տարիներու ընթացքին կը ծնի 35 հազար երեխայ, կը մահանայ 35 հազար 500 մարդ։ «Վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին առաջին անգամ բնական աճը բացասական է», յայտնեց Հրանդ Բագրատեան երէկ՝ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ժամանակ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2022