ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔ
Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած «Դիմադրութիւն»ը կը շարունակուի՝ ամէն օր նոր դրսեւորումներով։ Երեւանի կեդրոնին եւ արուարձաններուն մէջ, նաեւ երկրի այլ քաղաքներէն ներս ծնունդ առած անհնազանդութեան ալիքը կը շարունակուի թափով։ Ընդդիմադիր ուժերը մանաւանդ մայրաքաղաքի կեդրոնին երեկոյեան ժամերուն բողոքի երթեր կ՚իրականացնեն, իսկ օրուայ սկիզբին անհնազանդութեան շարժումներով կը ջանան հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի հիմնախնդրին կապակցութեամբ իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան հաւանական հետեւանքներուն վրայ։
Երէկ, ընդդիմութեան յառաջատարներէն՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան յայտնեց, որ միջազգային կառոյցները պէտք է վերջ դնեն երկակի չափանիշներուն ու պէտք է դադրին իրենց լռութեամբ նպաստելէ, որպէսզի Հայաստանի մէջ բռնապետութիւն ստեղծուի։ Ընդդիմութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ, որ հայ ժողովուրդը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին լիազօրութիւն չէ տուած՝ Արցախը զիջելու եւ Հայաստանը նոր զիջումներու տանելու համար։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ խոշորացոյցի տակ է նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան գործունէութիւնը։ Իրաւապահ մարմինները շաբաթներէ ի վեր ամենայն խստութեամբ կը միջամտեն ցուցարարներուն դէմ։ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանի գրասենեակը երէկ տեղեկացուց, որ ոստիկանները կը ձերբակալեն նաեւ մայթերէն, ճամբաներու եզրերէն անցնող մարդիկ, որոնք բողոքի հաւաքներուն մասնակից չեն։ Այլ պաշտօնական աղբիւրներ ալ հաղորդած են, որ բազմատասնեակ ոստիկաններու պարագային հարցաքննութիւն սկսած է՝ ընդդիմադիրներու դէմ կատարուած միջամտութիւններու ժամանակ որդեգրուած վարքին հետեւանքով։