ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՕԼԻՎԻԷ ԿՈՎԵՆԻ ԿՈՂՄԷ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Ֆրանսական Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն լիսէին մէջ կը շարունակուի «Ֆրանսերէնը՝ որպէս քաղաքային հայելի» վերնագրեալ ցուցահանդէսը, որ կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ 1850-1950 թուականներու կտրուածքով հրատարակուած գովազդներու համայնապատկերին վրայ ներկայացուած է այս ցուցահանդէսի իսկապէս հետաքրքրական նիւթը, որ խոշորացոյցի տակ կ՚առնէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ֆրանսերէնի հասարակական կեանքէ ներս ունեցած դերակատարութիւնը, Հանրապետական շրջանին շարունակուած ազդեցութիւններով հանդերձ։ Այս ցուցահանդէսի քիւրաթէօրն է պատմաբան Այլին Գօչունեան։

Երէկ, Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովեն պատուեց Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն լիսէն, որու ցուցադրասրահէն ներս տեղի կ՚ունենայ այս ձեռնարկը։ Աւագ հիւպատոս Կովեն ցուցահանդէսը շրջեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ արտայայտեց բարձր գնահատական։ Ան հիւրընկալուեցաւ Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն լիսէի տնօրէն Ալեքսանտր Ապելլանի եւ Այլին Գօչունեանի կողմէ, որոնք շրջայցի ընթացքին ուղեկցեցան աւագ հիւպատոսին եւ տուին մանրամասն բացատրութիւններ։

Այս այցելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ «Kurukahveci Mehmet Efendi ve Mahdumları» ընկերութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Սեզին Էօզաքընճը՝ նկատի ունենալով, որ այդ հաստատութիւնը կը գտնուի այս ծրագրի աջակիցներու շարքին։

Միւս կողմէ, այս ցուցահանդէսը ակադեմական շրջանակներու եւ համալսարանականներու ուշադրութեան ալ առարկայ կը դառնայ։ Երէկ, ցուցադրասրահը այցելեցին «Ետիթեփէ» համալսարանէն խումբ մը ուսանողներ, որոնց գլուխը կը գտնուէին համալսարանի դասախօսներէն Արմէն Թանիկեան, Լենա Ենիեորկան եւ Էպրու Էրէն։

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2022