ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ «ՄԱԿ»Ի ԺՈՂՈՎԻՆ

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ՝ Քո­լին Քա­յըք­ճըօղ­լու, Ռո­պէրթ Սէր­տար Շա­հին, Լի­նա Չավ­տար, Նա­թան Սիւս­լիւ, Հե­լին Մու­րա­տեան, Մա­սիս Տէմի­րէլ եւ Այգ Թու­րաչ, ո­րոնք կ՚ան­դա­մակ­ցին «Միա­ցեալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թիւն (ՄԱԿ)-Ման­րա­տի­պ» ա­կում­բին, ու­ղեկ­ցու­թեամբ ի­րենց ու­սուց­չու­հիին՝ Սե­սիլ Քո­ճա­յին, 12-16 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն, «Քո­չ» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ մաս­նակ­ցե­ցան «ՄԱԿ-Ման­րա­տի­պ»ի անգ­լե­րէ­նով կա­յա­ցած ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին։ Այս խորհր­դա­ժո­ղո­վը ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րուն ման­րան­կարն էր, ո­րու ժա­մա­նակ իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կերտ, մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէ­զի վրայ գոր­ծող դի­ւա­նա­գէ­տի դեր ստանձ­նե­լով, փոր­ձեց լու­ծել հա­մաշ­խար­հա­յին խնդիր­նե­րը։ Այս­պէ­սով ա­նոնք կրցան թէ՛ ի­րենց լեզ-ւա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը գոր­ծա­ծել եւ թէ աշ­խար­հի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը զար­գաց­նել։ Ժո­ղո­վի տե­ւո­ղու­թեան ա­շա­կերտ­նե­րը ի­ջե­ւա­նե­ցան «Քոչ» հա­մալ­սա­րա­նի Սա­րը­յէ­րի կեդ­րո­նա­կան մաս­նա­շէն­քին մէջ, ուր փոր­ձա­ռու­թիւն ալ ձեռք բե­րին հա­մալ­սա­րա­նա­կան կեան­քին մա­սին։

Քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան յանձ­նա­խում­բին ան­դա­մակ­ցող ա­շա­կերտ­նե­րը՝ Քո­լին Քա­յըք­ճըօղ­լու, Ռո­պէրթ Շա­հին եւ Նա­թան Սիւս­լիւ, պատ­րաս­տած էին Ափ­րի­կէի կրթա­կան ու տնտե­սա­կան կեան­քին, են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րուն եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ օ­րի­նա­գիծ մը, որ ստա­ցաւ յանձ­նա­խում­բի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն քուէ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը եւ ու­ղար­կուե­ցաւ «ՄԱԿ-Ման­րա­տի­պ»ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին։ Այս օ­րի­նա­գի­ծին հե­ղի­նա­կը՝ Ռո­պէրթ Շա­հին, փակ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ար­ժա­նա­ցաւ Ընտ­րե­լա­գոյն պատ­գա­մա­ւո­րի մրցա­նա­կի­ն։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015