Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՏՈՒՐՍՈՒՆ ՉԻՉԷՔԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Զինեալ ուժերու նախկին գնդապետ Տուրսուն Չիչէք, որ ներկայիս դարձած է ՃՀՓ-ի երեսփոխան, խոստովանեցաւ, որ բանակը 2000-ականներու սկիզբէն համացանցային յատուկ կայքեր հաստատած էր՝ նպատակ ունենալով վարկաբեկել ԱՔ կուսակցութիւնը եւ անոր կողմէ հիմնուած կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ հայերը, քիւրտերն ու Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի շարժումը։ «Զաման» կը հաղորդէ, որ բանակին թիրախը եղած են բոլոր ազդեցիկ իսլամական գործիչները։
Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015