ԿԱՐՍԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼՈՒ ԿՈՉ
Կարսեցի գրող Իսա Եըլմազ վերլուծեց Կարսի պատմական յուշարձաններու այժմու կացութիւնը։ Ան նշեց, թէ քաղաքը իր պատմական միջավայրով անգտանելի գանձ մըն է շարժարուեստի ու գրականութեան տեսակէտէ, սակայն դժբախտաբար անոնք բարձիթողի վիճակի մէջ կը գտնուին այժմ։ Ան ըսաւ, որ Կարսի պատմական շէնքերը մատնուած են մոռացութեան եւ կը գտնուին փլուզման վտանգի տակ։ Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, Կարսի միակ պատմական յուշարձանը պիտի մնայ քաղաքին բերդը։
«Պատմութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը ապրեցնողը անցեալէն ժառանգուած ստեղծագործութիւններն են, ինչպէս՝ պատմական տուները, բերդերը, խաները, բաղնիքները եւայլն։ Մինչդեռ վերջին տարիներուն կը տեսնենք, որ Կարսի մէջ կը փլցուին ռուսական տուները եւ անոնց փոխարէն կը տնկուին նոր շէնքեր։ ԹՈՔԻ կարծես, թէ ոչ մէկ բան կար, բերդաքաղաքին մէջ կառուցեց բարձրայարկ շէնքեր», ըսաւ ան։ Իսա Եըլմազ, որ հեղինակն է «Կարսի մէջ հայկական դիակ մը» հատորին, կոչ ուղղեց Մշակոյթի նախարարութեան, որպէսզի անյապաղ Կարսի պատմական տուները արձանագրէ եւ առնէ իր պաշտպանութեան տակ։ «Այլապէս Կարսի պատմական դրախտը պիտի վերածուի դժոխքի», յայտարարեց գրողը։