ԴԷՊԻ ՏԻԵԶԵՐՔ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ հանդէս եկաւ շատ կարեւոր յայտարարութիւնով մը՝ կառավարութեան հերթական ժողովի սկիզբին։ Այսպէս, երկիր մոլորակի ուղեծիր դուրս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տիեզերական արբանեակը։ Թողարկուածը դիտարկման արբանեակ մըն է։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, 25 մայիս 2022 թուականին, Երեւանի ժամանակով ժամը 22.35-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգնե-րու Ֆլորիտայի նահանգի «Cape Canaveral Space Force Station» հրուանդան-կայանէն «SpaceX» ընկերութեան «Falcon 9» հրթիռով թողարկուած է «Transporter-5» տիեզերանաւը, որ երկրի ուղեծիր դուրս բերած է 59 փոքր արբանեակ։ Այս շարքին կը գտնուի նաեւ հայկականը։ Երկրագունդի դիտարկման արբանեակ մըն է այս մէկը, որ ունի ռազմավարական նշանակութիւն։
Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ սա տեղի ունեցած է Հայաստանի պետական «Կէօկոսմոս» բաժնետիրական ընկերութեան եւ Սպանիոյ «Սաթլանթիս» ընկերութեան համագործակցութեամբ։ Ըստ վարչապետին, տեղի ունեցածի նշանակութիւնը հնարաւոր չէ գերագնահատել, այսպէսով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը թեւակոխէ տիեզերական գործունէութեան դարաշրջան։ «Կը յուսանք, թէ այս ոլորտէն ներս մեր ունեցած հարուստ աւանդոյթները կը վերականգնուին։ Նկատի ունիմ Հայաստանէ ներս երկար տարիներ գոյութիւն ունեցած տիեզերական գիտաարտադրական ոլորտը։ Այս համատեսքին մէջ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ մեր առաջնահերթ նպատակներէն մէկը տիեզերական փորձագիտութիւններու տեղակայումն է Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ տիեզերական սարքերու արտադրութեան կազմակերպումը», նշեց վարչապետը։