ԿՈՒՐԱՑԱԾ ԱՉՔԵՐՈՎ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու առաջին համատեղ նիստի իրականացումը։ Իր խօսքով՝ Ուաշինկթըն կ՚աջակցի Երեւան-Պաքու՝ Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն ու կը խրախուսէ դրական թափը։ Պլինքըն նաեւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութիւնը շարունակուի յանուն տարածաշրջանային խաղաղութեան։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ այդ յանձնաժողովի յաջորդ նիստը յառաջիկայ շաբաթ տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Իր կարգին, նախարարութեան բանբերը՝ Մարիա Զախարովան ալ վերջին յայտարարութիւններուն մէջ շարունակեց քննադատական շեշտով արտայայտուիլ Եւրոմիութեան կողմէ կատարուած միջնորդական նախաձեռնութիւններուն շուրջ։ «Մոսկուա կը յուսայ, թէ Պրիւքսել կը նպաստէ իրականացնել Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութիւնները ու ոչ թէ կը փորձէ աշխարհաքաղաքական խաղեր տալ։ Մենք կը տեսնենք բարձր մակարդակով եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման գործընթացներուն մէջ մխրճուելու՝ Եւրոմիութեան յամառ փորձերը։ Ռուսաստանի նպատակը Կովկասէ ներս կայունութեան ու բարգաւաճման գօտիի մը հաստատումն է։ Այս բանի ճանապարհներէն մին Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու կարգաւորումն է։ Մոսկուա համակողմանի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին բոլոր ուղղութիւններով՝ ներառեալ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակումը, սահմանազատումը, հասարակական երկխօսութեան հաստատումն ու խաղաղութեան պայմանագրի մշակումը», ըսաւ Զախարովա։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կան կենսաբանական տարրալուծարաններ, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ կը գանձատրուին։ Իր խօսքով՝ այդպիսիք կան նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն մէջ, ներառեալ Ղազախիստանը։ «Մենք այդ երկիրներուն հետ այդ հարցերը կը քննարկենք երկկողմանի հիմունքով ու ՀԱՊԿ-ի միջոցաւ։ Ռուսաստան կենսաբանական անվտանգութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան յուշագրեր կնքած է ու կը պատրաստուի կնքել ԱՊՀ-ի գրեթէ բոլոր երկիրներուն հետ։ Փաստաթուղթերը կը ներառեն փոխադարձ տեղեկացում այն մասին, թէ ինչպէս կը զարգանան կենսաբանական ծրագրերը իւրաքանչիւր երկրէն ներս։ Այս յուշագրերը կ՚ենթադրեն փոխադարձ այցելութիւններ եւ ծանօթացում տարրալուծարաններու գործունէութեան։ Բաց աստի, գրուած է, թէ կողմերէն իւրաքանչիւրի կենսաբանական տարրալուծարանին մէջ որեւէ երրորդ կողմի ռազմական ներկայացուցիչ պէտք չէ գտնուի», ըսաւ Լաւրով։