Հինգշաբթի 26, Յունիս 2025
ՋԵՐՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց մեր բարերարհուիներէն Անահիտ Պոզաճեանը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Անահիտ Պոզաճեան կը գտնուի «Մուտուրնու-Փաքթաւուք» ընկերութեան վարչական խորհուրդի գլուխը։ Վերջերս այս հաստատութիւնը արժանացած է յատուկ մրցանակի մը, որու կապակցութեամբ Անահիտ Պոզաճեան Գումգաբու այցելեց՝ ստանալու համար Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց գործարար աշխարհէ ներս Պոզաճեանի ծաւալած գործունէութիւնը եւ մրցանակին բերումով շնորհաւորութիւններ յղելէ վերջ՝ ապագայի համար մաղթեց յաջողութիւններ։
Ուրբաթ, Մայիս 27, 2022
Թրքահայ կեանք
- 06/26/2025
- 06/26/2025
- 06/26/2025
- 06/26/2025