ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ խաղաղութեան հասնելու Ատրպէյճանի մտադրութիւններու անկեղծութիւնը լուրջ կասկածի կ՚ենթարկուի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն բերումով։ Ալիեւի հերթական խնդրայարոյց յայտարարութիւններուն առընթեր, շաբաթավերջին Հայաստանի բանակէն նոր զինուոր մըն ալ մահացաւ՝ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնի օրուան զուգադիպած դէպքէն վերջ նախարարութիւնը վերստին յայտարարութիւն մը հրապարակեց։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ Ատրպէյճանի սադրանքները կը հիմնաւորեն սահմանագօտիէ ներս դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու անհրաժեշտութիւնը։
Մինչ ամբողջ երկրին մէջ ընդդիմութեան բողոքի ցոյցերն ալ կը շարունակուին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, ըստ որոնց 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարը ստորագրելով՝ Ատրպէյճանի նախագահը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի գոյութիւնը։ Նախարարը այս յայտարարութիւնը ըրաւ Իլհամ Ալիեւի այն հերթական պնդումներու լոյսին տակ, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղ չկայ, հիմնախնդիրը լուծուած է, չկայ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակ։ Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը Ատրպէյճանի կողմէ չէ ստեղծուած, այլ միջազգային հանրութեան կողմէ ստեղծուած է, հետեւաբար Ատրպէյճան չի կրնար զայն լուծարել կամ անոր առաքելութիւնը աւարտած համարել։ «Այդ նոյն միջազգային հանրութիւնը այսօր կ՚արձանագրէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակ գոյութիւն ունի։ Նաեւ, ինչպէս նշեցի, կ՚արձանագրէ, որ կայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր, որ պէտք է կարգաւորուի», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։
Զանգեզուրի միջանցքի վերաբերեալ Ալիեւի հերթական պնդումներուն ալ անդրադարձաւ Միրզոյեան՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումներուն։ «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս միջանցքի գոյութիւնը կը բացառուի։ Մեր քննարկումները ապաշրջափակման մասին են եւ ակնյայտ է, որ երկաթուղիի մէկ ճիւղը պիտի անցնի Մեղրիով, Օրտուպատով, Ջուլֆայով, Երասխով։ Ցամաքուղիներու վերաբերեալ այս պահուն պայմանաւորուածութիւն չկայ», ըսաւ Միրզոյեան։