ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՌԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամներէն Յովհաննէս Պաչքով արդէն երրորդ անգամ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոպայի բռնցքամարտի առաջնութիւնը այս օրերուն կ՚ընթանայ Երեւանի մէջ։ Երէկ, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս Յովհաննէս Պաչքով իր դասաւորման եզրափակիչին հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայէն Լունէս Ամրաուի հետ։ Սա 63.5 քիլօկրամի դասաւորումն էր եւ Յովհաննէս Պաչքով մրցակցին դիմաց առաւելութեան հասաւ 5-0 հաշուով։ Այսպէսով ան արդէն երրորդ անգամ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Իր ապահոված յաջողութիւնը մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ հայկական մարզաշխարհէն ներս։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022