ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Նախագահներու հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Երեւան-Թիֆլիզ յարաբերութիւնները։ Խաչատուրեան եւ Զուրապիշվիլի անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային հարցերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի անվտանգութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրներուն։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, երկու նախագահները նշեցին, որ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան երաշխաւորման կարեւոր գործօն մըն է։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022