ՅՍՏԱԿ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Էրտողան եւ Փութին, բնականաբար, առաջին հերթին անդրադարձան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին։ Նախագահը պաշտօնապէս ներկայացուց այն առաջարկը, որով կը նախատեսուի Ռուսաստան-Ուքրայնա-Թուրքիա-ՄԱԿ առանցքին վրայ գագաթաժողով մը կազմակերպել՝ պատերազմական իրավիճակը հարթելու առաջադրութեամբ։

Ըստ Էրտողանի, Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ խաղաղութեան գետինը ամենակարճ ժամանակի ընթացքին վերստին պէտք է ստեղծուի ու պէտք է վստահութեան կառուցման ուղղեալ քայլեր առնուին, որպէսզի պատերազմի ազդեցութիւնները նուազագոյնի իջնեն։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Մոսկուա պատրաստ է Անգարայի հետ աշխատիլ, որպէսզի վերսկսին պատերազմի հետեւանքով կանգ առած ծովային բեռնափոխադրումները՝ ներառեալ հացահատիկի արտածումը։

Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ ուրիշ հրատապ խնդիր մը։ Երկու ղեկավարները, որոնք անընդհատ կապի մէջ են, վերջին շրջանին յաճախ կը կեդրոնանային Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վրայ՝ բացառապէս քննարկելով համապատասխան իրադարձութիւնները։ Երէկ անոնք վերստին օրակարգի վրայ ունեցան Սուրիոյ պարագան։ Այս պարագայի ժամկէտը ուշագրաւ է, որովհետեւ Անգարա վերջին շրջանին հետզհետէ կը բարձրաձայնէ, որ նոր ռազմական գործողութիւններու կը պատրաստուի Սուրիայէ ներս՝ չէզոքացնելու համար այն սպառնալիքները, որոնք ուղղուած են իրեն դէմ։

Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ Անգարա եւ Մոսկուա համագործակցած են սերտօրէն՝ դաշտի վրայ ունենալով ռազմական ներկայութիւն։ Այդ համագործակցութիւնով հանդերձ, անոնց միջեւ միշտ եղած են նաեւ տարակարծութիւններ։ Ուքրայնայի պատերազմը եկած է զգալիօրէն փոխել իրավիճակը՝ մանաւանդ, որ ընթացքը ռուսական կողմին տեսակէտէ այդքան ալ նպաստաւոր չէ։ Վերջերս միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Ռուսաստան կը պատրաստուի զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն՝ իր կողմէ վերահսկուած տարածքները յատուկ համաձայնութիւնով մը փոխանցելով Իրանին։ Վերջին շրջանին Թուրքիա սկսած է իր օդային տարածքի օգտագործման առումով սահմանափակումներ կիրառել ռուսական ռազմաօդային զօրքերու պարագային, ինչ որ համալրման բարդութիւններ կը յառաջացնէ դաշտի վրայ։

Այս բոլորէն վերջ, երէկուան Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցը եղաւ առանցքային։ Նախագահը յիշեցուց, որ Սուրիայէ ներս ՓՔՔ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր յարձակումները Թուրքիոյ եւ երկրի քաղաքայիններուն դէմ։ Ան յիշեցուց 2019 թուականի հոկտեմբերի համաձայնութիւնը, ուր նախատեսուած է 30 քիլօմեթր խորութեամբ ահաբեկչութենէ զերծ գօտիի մը ստեղծուիլը։ Էրտողան Փութինի նկատառման յանձնեց, որ այդ գօտիին ստեղծումը այժմ արդէն դարձած է ստիպողական։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022