ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Պուլկարիոյ Հայոց Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը։ Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան, Վեհափառ Հայրապետի յանձնարարութեամբ։ Ժողովի յիսուներկու անդամներէն, ներկայ գտնուող 48 պատգամաւորներ Մայր Աթոռի միաբաններու եռանուն ցանկէն Պուլկարիոյ առաջնորդ ընտրեցին Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Իսահակ Վրդ. Պօղոսեանը։
Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալէ ետք, նորընտիր առաջնորդը պիտի ստանձնէ իր առաջնորդական պարտականութիւնները։
Նորընտիր առաջնորդը ծնած է 1978-ին, Երեւանի մէջ։ Աւարտած է Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցն ու Գէորգեան ճեմարանը։ 2005-ին Շիրակի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեանի ձեռամբ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ Միջոց մը Աթէնքի մէջ մասնակցած է լեզուի դասընթացքներու, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի մէջ ուսանած է անգլերէն եւ Նոր կտարականի ներածութիւն։ Միջոց մը եղած է նաեւ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» համալսարանի աշակերտը։ 2010-ին պաշտպանած է «Վարագայ Ս. Նշանը եւ վանքը հայ մատենագրութեան մէջ» խորագրեալ վարդապետական թեզը եւ վարդապետութեան աստիճան ստացած է՝ Տ. Փառէն Եպսկ. Աւետիքեանի ձեռամբ։ Տարբեր պաշտօններ վարած է Մայր Աթոռի համակարգէն ներս։ Ան հեղինակ է նաեւ քանի մը գիրքերու։