ՀՌՉԱԿԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՏՈՂԱՆՑՔ
Ուշագրաւ ցուցահանդէս մը բացուած է Երեւանի Մաշտոցի պողոտային վրայ գտնուող «Հայ-Արթ» մշակութային կեդրոնին մէջ: «Յայտնիները՝ հայ լուսանկարիչներու աչքերով» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ բացառիկ հաւաքածոյ մը, որ կը պատկանի հայրենի ծանօթ լուսանկարիչ Վահան Քոչարի հօր՝ կրկին ծանօթ հայ լուսանկարիչ, Մեծ Ներգաղթի ժամանակ Եգիպտոսէն Հայաստան ներգաղթած եւ Հայաստանի գեղարուեստական լուսանկարչութեան մէջ մեծ աւանդ ունեցած Անդրանիկ Քոչարին: Ան կը նկատուի գեղարուեստական լուսանկարչութեան հիմնադիրներէն մէկը Հայաստանի մէջ: Անդրանիկ Քոչար հեռացած է կեանքէն 1984 թուականին եւ երկար տարիներու ընթացքին ամբողջացուցած է լուսանկարչական գործերու հաւաքածոյ մը, որ այսօր կը տնօրինէ որդին, որ ան ալ իր կարգին տարիներու ընթացքին հարստացուցած եւ համալրած է հաւաքածոն՝ ուրիշ այլ գործերով, ինչպէս նաեւ իր լուսանկարներով:
«Հայ-Արթ» կեդրոնին մէջ ցուցադրուած է այդ հարուստ հաւաքածոյի մէկ մասը միայն։ Հաւաքածոն մեծաթիւ լուսանկարներէ կազմուած է, եւ ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ին տեղեկացուց Վահան Քոչար, ինք իր հօրը, ապա՝ իր ընտանիքին խնամքին տակ եղած այդ հաւաքածոն արդէն նուիրած է Երեւանի քաղաքապետարանին, աւելի ճիշդ՝ Երեւանի Պատմութեան թանգարանին, պայմանով մը, որ ան ունենայ մշտական ցուցադրութեան վայր մը: Քաղաքապետարանի մէջ արուեստի հարցերու պատասխանատուները խոստացած են Վահան Քոչարին, որ Երեւանի մէջ կը բացուի հայ լուսանկարչութեան թանգարան եւ Անդրանիկ Քոչարի լուսանկարչական հաւաքածոն կը ցուցադրուի այդ թանգարանին մէջ: Վահան Քոչար վստահ է, որ պատմութիւն ունեցող այդ գործերը այլեւս իր ընտանիքին չեն պատկանիր եւ հանրութեան սեփականութիւնն են, ինչպէս նաեւ, ցուցադրուելով, կրնան հետաքրքրական ըլլալ նաեւ Երեւան քաղաքի այցելուներու, հիւրերու, զբօսաշրջիկներու համար: Ըստ Վահան Քոչարի, եթէ Երեւանի մէջ հիմնադրուի Լուսանկարչութեան թանգարանը, ապա ան եզակի պիտի ըլլայ Կովկասի տարածաշրջանէն ներս:
Իսկ մինչեւ լուսանկարչութեան թանգարան-ցուցասրահի հիմնումը՝ Վահան Քոչար որոշած է հանրութեան ցուցահանդէսով մը ներկայացնել հաւաքածոյի ուշագրաւ լուսանկարներէն՝ առանձին գրութիւններով բացատրութիւններ տալով հեղինակներուն մասին:
Հակառակ անոր, որ ներկայացուած աշխատանքները ամբողջական պատկերացում չեն տար Անդրանիկ եւ Վահան Քոչարներու հաւաքածոյի մասին, բայց, դիտելով, կարելի է զգալ հայ լուսանկարիչներու ամենատես աչքը, անոնց լուսանկարչական սարքի ոսպնեակի ուժը, որ սփռուած է աշխարհի տարածքին: Լուսանկարները կա՛մ նուիրած են Քոչարներուն, կա՛մ արուեստագէտները իրենք ձեռք բերած են, իսկ որոշ լուսանկարներ ալ պարզապէս բնօրինակներէն բարձր որակով ընդօրինակուած են:
«Հայ-Արթ» կեդրոնին մէջ Անդրանիկ Քոչարի հաւաքածոյէն ներկայացուած են 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարու հայազգի շուրջ քսան լուսանկարիչներու գործեր:
Սրահի առաջնային պատերուն կարելի է տեսնել Եուսուֆ Քարշի, Անդրանիկ Քոչարի, Անթուան Սեւրուկինի, Արա Կիւլէրի, Արթօ Գավուքի, Գուրգէն Րուզքերեանի, Ալպան Ահամ Ալնաըղկեանի, Վրոյր Արամի, Մանուկ Փոլատեանի եւ շատ մը այլ հայ լուսանկարիչներու գործեր: Անոնք նկարած են երկիրներու ղեկավարներ, հայ կաթողիկոսներ, հոգեւոր այլ առաջնորդներ, յայտնի երգիչներ, նշանաւոր կին գեղեցկուհիներու դիմանկարներ: Դիմանկարներու կողքին կան նաեւ նշանաւոր իրադարձութիւններ, ինչպէս՝ կաթողիկոսներու հանդիպում, կամ Հայաստանի պետական դրօշի բարձրացումը՝ ՄԱԿ-ի շէնքին առջեւ (1992 թուական, Մարտ, որու հեղինակը անցեալ տարի կեանքէն հեռացած Հերի Գունտաքճեանն է): Բացի դիմանկարներէ եւ իրադարձութիւններէ, ցուցադրուած են նաեւ բնութեան, մանուկներու, կենդանիներու լուսանկարներ:
Ցուցադրուած գործերու հեղինակներու մեծ մասը ապրած եւ ստեղծագործած է Հայաստանէն դուրս, թէպէտ քիչ չեն նաեւ հայաստանցի լուսանկարիչները, ինչպէս՝ նոյնինք՝ Անդրանիկ Քոչար, Վահան Քոչար, Մարտին Շահպազեան, Նեմրութ Պաղտասարեան: Նեմրութ Պաղտասարեան կը նկատուի Հայաստանի մէջ լուսանկարչական լրագրութեան հիմնադիրը՝ 1920-ականներուն: Հետագային անոր որդիները՝ Հերպերթ եւ Մելիք Պաղտասարանները շարունակած են եւ անոնցմէ Մելիք Պաղտասարեան տակաւին կը շարունակէ իրենց հօր գործը՝ տնօրինելով Հայաստանի նշանաւոր «Ֆոթոլուր» գործակալութիւնը: Հայաստանցի անուններու կարգին ուշագրաւ են Վրոյր Արամին գործերը, ով իբրեւ լուսանկարիչ 1915-1917 թուականներուն մասնակցած է Նիկողայոս Մառի Անիի հնագիտական պեղումներուն եւ այլ արշաւախումբերու հետ լուսանկարած է պատմական վայրեր: Անոր անձնական արխիւը այսօր պահ տրուած է «Էրեբունի» թանգարանին, սակայն Արամ Վրոյրէն լուսանկարներ կան նաեւ Քոչարներու հաւաքածոյին մէջ:
Ցուցահանդէսի մէջ մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ Թուրքիա ստեղծագործած հայ լուսանկարիչները:
ՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ
Ճակատագիրը այնպէս բերած է, որ մեր ժողովուրդի մեծ մասը սփռուած է աշխարհով մէկ: Ամէն մէկ երկրի մէջ, ուր հանգրուանած է հայը, ան ցոյց տուած է իր աշխատասիրութիւնն ու տաղանդը: Զանազան երկիրներու մէջ ծնած եւ հանրահռչակ դարձած հայ արուեստագէտներու կարգին փայլած են նաեւ լուսանկարիչները: Անոնց գործունէութեան մասին ժամանակագրական առումով ամենէն վաղ տուեալները կը պատկանին Ապտուլլահ եղբայրներուն: 19-րդ դարու կէսին, երբ լուսանկարչութիւնը տակաւին նոր կը զարգանար աշխարհի տարածքին, եւ գեղարուեստ ստեղծող լուսանկարիչները տասնեակի չէին հասներ, անոնց շարքին էին Ապտուլլահ եղբայրները՝ Վիչէն, Գէորգ եւ Ստեփան, որոնց վարկը շատ բարձր էր սուլթանին մօտ: Եղբայրներուն կողմէ լուսանկարուած են Ուելսի իշխանը, Միացեալ թագաւորութեան գահաժառանգ Էտուըրտ, Փրուսիոյի թագաւոր Ֆրետերիք Գ., Աւստրա-Հունգարիոյ կայսր Ֆրանց Ժոզէֆ եւ ուրիշ շատ մեծանուն այրեր: Եգիպտոսի Խտիւ Թեվֆիք փաշան, հիւրընկալուելով սուլթանին կողմէ՝ Պոլսոյ մէջ, լուսանկարուած է Ապտուլլահ եղբայրներուն մօտ, ինչ որ պատճառ դարձած է նաեւ, թէ զանոնք հրաւիրէ Գահիրէ՝ լուսանկարչատուն բանալու:
Ապտուլլահները հրատարակած են յիսունմէկ լուսանկարչական ալպոմ՝ նուիրուած Թուրքիոյ եւ տարածքաշրջանի ազգերուն։ Այդ ալպոմները այսօր կը պահպանուին աշխարհի հռչակաւոր գրադարաններուն մէջ:
Արմենակ Արծրունի, Աւետիս Շահինեան, Սարգիս Համբարձումեան, Արիստակէս Յովհաննիսեան, Սկաութ Թուֆենկճեան, Վեաչեսլաւ Սարգսեան, Գարիկ Աւանէսեան, Մանուկ Փոլատեան, Մարտիրոս Դադայեանց... Աշխարհի տարածքին ստեղծագործած հայ անունները շատ են: Հայ լուսանկարիչներու ստորագրութիւնները փայլած են օտար թերթերու եւ ամսագրերու էջերուն։ Անոնք ստացած են միջազգային մրցոյթներու ոսկեայ մետայլներ։ Անոնցմէ ոմանք եղած են երկրի առաջին դէմքերու, հոգեւոր առաջնորդներու անձնական լուսանկարիչները՝ ուղեկցելով պաշտօնեաներու այցելութիւններու ժամանակ եւ արձանագրելով պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններ: Հետագային հայ նշանաւոր լուսանկարիչներու գործերը ընդգրկուած են միջազգային տարածում վայելող պատկերագիրքերու մէջ։ Անոնց շատերու հայ ըլլալը անպայման նշուած է կենսագրութիւններուն մէջ:
Վահան Քոչարի կազմած պատկերագիրքէն կը տեղեկանանք, որ Թիֆլիզի հանրայայտ լուսանկարիչ Բաբալով՝ Գրիգոր Բաբալեան, արժանացած է պարգեւի՝ Նորին Կայսերական Մեծութիւն Նիքոլայ Գ.-ի կողմէ: Եղած է Պուհարայի էմիրի լուսանկարիչը, ինչպէս նաեւ՝ Պարսկաստանի շահի պալատական լուսանկարիչներէն մին՝ արժանանալով բարձրագոյն Ոսկեայ Առիւծի եւ Ադամանդակուռ աստղի:
Պաքուի մէջ գործած ծանօթ լուսանկարիչ Դաւիթ Ռոստոմեանի կնիքը, որ պատկերուած է իր լուսանկարներուն վրայ, կը տեղեկացնէ, թէ վարպետը եղած է Պարսկաստանի շահի արքունական լուսանկարիչներէն եւ նուէրներ ու շքանշաններ ստացած է իշխաններու, Պարսկաստանի շահի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Բուհարայի էմիրի կողմէ: Ստացած է Կրան-Փի՝ 1907 թուականի Վիեննայի միջազգային ցուցահանդէսին:
19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի լուսանկարիչներու գործերը կարելի է ճանչնալ անոնց վրայ կատարուած լուսանկարչական կնիքէն: Այդ կնիքը լուսանկարիչին ստորագրութիւնն է, անկէ կարելի է տեղեկանալ թուականին, ե՛րբ լուսանկարուած է լուսանկարը, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքին եւ երկրին մասին, ուր գործած է լուսանկարչատունը: Իսկ կնիքը յաճախ ալ բարձրագոյն դիրք կը նշէր՝ այս կամ այն արքունիքի, թագաւորական նստավայրի կամ պաշտօնական վայրի լուսանկարիչ ըլլալը փաստելով:
Հայ լուսանկարիչները մէկ վայրի մէջ համախմբելու փափաքը Վահան Քոչար միշտ ունեցած է։ Ուստի այս ցուցահանդէսը եւ ապագային նաեւ Հայ լուսանկարչութեան թանգարան ունենալու գաղափարը այդ առումով առաջին նախաձեռնութիւնը չէ։ Տակաւին տարիներ առաջ Վահան Քոչար հրատարակած է «Հայ լուսանկարիչներ» պատկերագիրքը, որ հանրագիտարանային եւ տեղեկատուական մեծ նշանակութիւն ունի։ Այդ պատկերագիրքին մէջ ալ կարելի է գտնել չորս հարիւր ութսուն հայ լուսանկարիչներու մասին ամբողջական տեղեկատուութիւն, եւ այդ գիրքի էջերէն ալ կարելի է տեղեկանալ, որ Միջին Արեւելքի եւ արաբական շատ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Կովկասի, մանաւանդ՝ Թիֆլիզի լուսանկարչական արուեստի զարգացման գործընթացին մէջ հայ լուսանկարիչները մեծ ու ծանրակշիռ աւանդ ունեցած են: Աշխարհասփիւռ հայ լուսանկարիչներուն անունները համախմբելու առումով Վահան Քոչարի կատարած զանազան աշխատանքները տակաւին հայ իրականութեան մէջ եզակի են:
Իսկ ցուցահանդէսի այցելուները պարզապէս կը հիանան սեւ եւ ճերմակ լուսանկարչութեան խորհրդաւորութեամբ, լուսանկարչութիւն, որ շատ հեռու է եւ միաժամանակ արժէքաւար է այսօրուան թուային աշխարհի վերամշակուած լուսանկարչութենէն:
Մինչեւ 12 Յուլիս այս ինքնատիպ ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ «Հայ Արթ»ի երդիքին ներքեւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024